ՍԾՏՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ Խաչատուրեանի 120-ամեակ

Սեւծո­­վեան տնտե­­սական հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան կազ­­մա­­­կեր­­պութե­­նէն ստա­­ցանք մամ­­լոյ հա­­ղոր­­դագրու­­թիւն մը, որ մե­­զի հա­­մար աւե­­տիսի մը բնոյթ ու­­նէր իր բո­­վան­­դա­­­կու­­թեամբ։ Տրո­­ւած ըլ­­լա­­­լով, թէ Խորհրդա­­յին Հա­­յաս­­տա­­­նի աշ­­խարհահռչակ յօ­­րինող Արամ Խա­­չատու­­րեանի 120-ամեայ յո­­բելեանը կը նշո­­ւի Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան ան­­կա­­­խու­­թեան տա­­րեդար­­ձին՝ 21 Սեպ­­տեմբե­­րին, կը կրկնա­­պատ­­կո­­­ւի մեր ու­­րա­­­խու­­թիւնը։

«Սեւ­­ծո­­­­վեան տնտե­­­սական հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թեան կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան (ՍԾՏՀԿ) Իս­­­թանպու-լի ներ­­­կա­­­­­­­յացուցչու­­­թեան նա­­­խաձեռ­­­նութեամբ, յա­­­ռաջի­­­կայ օրե­­­րուն քա­­­ղաքիս մէջ պի­­­տի նշո­­­ւի աշ­­­խարհահռչակ երաժշտա­­­գէտ, դա­­­սական երաժշտու­­­թեան անկրկնե­­­լի առաս­­­պել եւ ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի յօ­­­րինող Արամ Խա­­­չատու­­­րեանի ծննդեան 120-ամեակը։ Սա ար­­­դէն մի­­­ջազգա­­­յին բնոյ­­­թով յո­­­բելեան մըն է, քա­­­նի ընդգրկո­­­ւած է նաեւ ԻՒ­­­ՆԷՍՔՕ-ի օրա­­­ցոյ­­­ցին վրայ։ Յա­­­մենայնդէպս, հա­­­յաշ­­­խարհէն ներս այս յո­­­բելեանին առ­­­թիւ կը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւին զա­­­նազան ձեռ­­­նարկներ, որոնց ի լրումն Իս­­­թանպու­­­լի մէջ ալ բարձր մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կով ծրագիր մը կեան­­­քի պի­­­տի կո­­­չուի։ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան մշտա­­­կան ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ Սա­­­հակ Սարգսեան մի­­­ջոցէ մը ի վեր ար­­­դէն իր ու­­­շադրու­­­թեան կի­­­զակէտին կը պա­­­հէ այս նա­­­խագի­­ծը։

Հա­­յաս­­տա­­­նի ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւնը ցարդ Իս­­թանպու­­լի մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պած է եր­­կու կա­­րեւոր հա­­մերգ։ Առա­­ջինն էր՝ «Քա­­տանս» հա­­մոյ­­թի ելոյ­­թը, որ զու­­գա­­­դիպած էր Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան ան­­կա­­­խու­­թեան 25-ամեակի շրջա­­նին։ Երկրորդն էր՝ ան­­ցեալ տա­­րուան «Կո­­միտաս» քա­­ռեակի հա­­մեր­­գը, որ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած էր Հա­­յաս­­տա­­­նի մշտա­­կան ներ­­կայա­­ցուցչու­­թեան հիմ­­նադրու­­թեան 30-ամեակին առ­­թիւ։ Ու­­րեմն, Արամ Խա­­չատու­­րեանի 120-ամեակին մօ­­տալուտ հա­­մեր­­գը պի­­տի գայ հա­­մալ­­րել այս շար­­քը՝ որ­­պէս եր­­րորդ փուլ։ Հա­­յաս­­տա­­­նի ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւնը այս յո­­բելեանը քա­­ղաքիս մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու հա­­մար հա­­մագոր­­ծակցած է՝ Երե­­ւանէն Արամ Խա­­չատու­­րեանի տուն-թան­­գա­­­րանին եւ քա­­ղաքէս՝ Իս­­թանպու­­լի Ֆիլ­­հարմո­­նիի միու­­թեան եւ «Pera» թան­­գա­­­րանին հետ։ Բաց աս­­տի, Հա­­յաստա­­նի ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւնը այս ծրագ­­րին հա­­մար մաս­­նա­­­ւորա­­պէս կը հա­­մագոր­­ծակցի մեծա­­նուն դաշ­­նա­­­կահար Շա­­հան Արծրու­­նիի հետ, որու խոր­­հուրդնե­­րով եւ ցուցմունքնե­­րով կը բնո­­րոշո­­ւի ամէն ին­­չին ընդհա­­նուր ուղղու­­թիւնը։ Շա­­հան Արծրու­­նի արո­­ւես­­տա­­­գէտ մըն է, որ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ ամ­­բողջ աշ­­խարհի մէջ Արամ Խա­­չատու­­րեանի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը գե­­րագոյն մա­­կար­­դա­­­կով կը մեկ­­նա­­­բանէ, նաեւ սեր­­տօ­­­րէն կը հա­­մագոր­­ծակցի Երե­­ւանի Արամ Խա­­չատու­­րեանի տուն-թան­­գա­­­րանին հետ։ Հա­­յաս­­տա­­­նի մշտա­­կան ներ­­կա­­­յացու-ցիչ Սա­­հակ Սարգսեան Ամե­­րիկա­­յի Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու մէջ պաշ­­տօ­­­նավա­­րու­­թեան տա­­րինե­­րուն ծա­­նօթու­­թիւն ու­­նե­­­ցած է Շա­­հան Արծրու­­նիի հետ, ակա­­նատես եղած է անոր գոր­­ծունէու­­թեան այս կա­­րեւոր երե­­սակին, ուստի, այդ բո­­լորը այժմ կը ծա­­ռայե­­ցուին Իսթան­­պուլի մէջ նա­­խատե­­սուած այս կա­­րեւոր ծրագ­­րի յա­­ջողու­­թեան։

Արամ Խա­­չատու­­րեանի 120-ամեակին առ­­թիւ Իս­­թանպու­­լի մէջ նա­­խատե­­սուած ծրա­­գիրը կը բաղ­­կա­­­նայ եր­­կու փու­­լէ, որու հիմ­­նա­­­կան ձեռ­­նարկը պի­­տի ըլ­­լայ՝ 21 սեպ­­տեմբեր 2023, հինգշաբ­­թի, ժա­­մը 19.30-ին, Հար­­պի­­­յէի «Cemal Reşit Rey (CRR)» հա­­մեր­­գասրա­­հի եր­­դի­­­քին տակ նա­­խատե­­սուած մեծ հա­­մեր­­գը։ Այս հան­­դի­­­սաւոր երե­­կոյ­­թին ըն­­թացքին հան­­դէս պիտի գան Երե­­ւանէն «Խա­­չատու­­րեան» եռեակը եւ քա­­ղաքէս՝ Իս­­թանպու­­լի Ֆիլ­­հարմո­­նիի միու­­թեան սե­­նեկա­­յին նո­­ւագա­­խումբը՝ խմբա­­վար Օլեք­­սանտր Սա­­մոյ­­լենքո­­յի մա­­կանին ներքեւ։ Երե­­կոյ­­թի սկիզ­­բին հան­­դի­­­սատես­­նե­­­րը հնա­­րաւո­­րու­­թիւն պի­­տի ու­­նե­­­նան նաեւ դի­­տելու շատ յատ­­կանշա­­կան գծա­­ֆիլմ մը, որ պատ­­րաստո­­ւած է Արամ Խա­­չատու­­րեանի տուն-թան­­գա­­­րանին նա­­խաձեռ­­նութեամբ եւ կը ցո­­լաց­­նէ հռչա­­կաւոր վար­­պե­­­տի ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նեան ու­­ղե­­­ւորու­­թիւննե­­րու խտա­­ցու­­մը։ Այս հա­­մեր­­գին մուտքը ամ­­բողջո­­վին պի­­տի ըլ­­լայ ազատ, անվճար, որ­­պէսզի երաժշտա­­սէր­­նե­­­րը հնա­­րաւո­­րու­­թիւն ու­­նե­­­նան ըմ­­բոշխնե­­լու Արամ Խա­­չա-տու­­րեանի արո­­ւես­­տը, հա­­ղորդ դառ­­նա­­­լու անոր երաժշտու­­թեան։ Մշա­­կուած յայ­­տագրի եզ­­րա­­­փակիչ փուլն ալ բա­­ցառիկ վա­­յելք մը պի­­տի ըլ­­լայ ունկնդիր­­նե­­­րուն տե­­սակէ­­տէ՝ քա­­նի եռեակն ու նո­­ւագա­­խումբը միաս­­նա­­­բար Խա­­չատու­­րեանի «Սու­­րե­­­րու պա­­րը» պի­­տի կա­­տարեն բե­­մին վրայ։ Յայ­­տա­­­գիրը պի­­տի բաղ­­կա­­­նայ բա­­ցառա­­պէս Արամ Խա­­չատու­­րեանի յօրի­­նումնե­­րէն։ Հարկ է նշել, որ Հա­­յաս­­տա­­­նի ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւնը ապա­­հոված է, որ­­պէսզի Իս­­թանպու­­լի գլխա­­ւոր քա­­ղաքա­­պետու­­թեան կող­­մէ տրա­­մադ­­րո­­­ւի հա­­մեր­­գասրա­­հը։ Նոյն շրջա­­նակին մէջ ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւնը անհրա­­ժեշտ հա­­մապա­­տաս­­խան աշ­­խա­­­տան­­քը տարած է նաեւ պատ­­կան բո­­լոր մար­­միննե­­րուն հետ։ Նա­­խաձեռ­­նութեան յա­­ջողու­­թեան գրաւա­­կան­­նե­­­րէն մին է, որ Իս­­թանպու­­լի Ֆիլ­­հարմո­­նիի միու­­թեան ղե­­կավա­­րու­­թեան մաս կը կազ­­մէ յայտնի մե­­ներ­­գիչ Ար­­թիւր Պաղ­­տա­­­սարեան, որ Երե­­ւանի Պե­­տական երաժշտա­­նոցի շրջա­­նաւարտնե­­րէն մին է ու ներգրա­­ւուած՝ կազ­­մա­­­կերպչա­­կան աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն։

Արամ Խա­­չատու­­րեանի 120-ամեակին առ­­թիւ, բա­­ցի այս հա­­մեր­­գէն, նա­­խատե­­սուած է նաեւ ասու­­լիս մը։ Ծրագ­­րին այս երե­­սակը պաշ­­տօ­­­նական-դի­­ւանա­­գիտա­­կան շրջա­­նակ­­ներուն հա­­մար պի­­տի ըլ­­լայ եւ բա­­ցառա­­պէս պի­­տի կա­­րողա­­նան մաս­­նակցիլ անոնք, որոնք պի­­տի ու­­նե­­­նան անո­­ւանա­­կան հրա­­ւէր։ Նա­­խագ­­ծին այս փու­­լը տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ Թեփէ­­պաշըի «Pera» թան­­գա­­­րանին մէջ։ Ասու­­լի­­­սի ըն­­թացքին հիմ­­նա­­­կան զե­­կու­­ցում մը պի­­տի ներ­­կա­­­յաց­­նէ Շա­­հան Արծրու­­նի, որու առըն­­թեր ատե­­նախօս­­նե­­­րու շար­­քին պի­­տի ըլ­­լան Թուրքիայէն եր­­կու յայտնի երաժշտա­­գէտ­­ներ՝ Եիւքսէլ Քոփ­­տա­­­կէլ եւ Էվին Իլեասօղ­­լու, ինչպէս նաեւ Երե­­ւանէն Արամ Խա­­չատու­­րեանի տուն-թան­­գա­­­րանի տնօ­­րէնու­­հի Ար­­մէն Գրիգո­­րեան, որ միեւ­­նոյն ժա­­մանակ «Խա­­չատու­­րեան» եռեակի դաշ­­նա­­­կահա­­րու­­հին է։ Այս ասու­­լի­­­սը պի­­տի վա­­րէ «Ժա­­մանակ» օրա­­թեր­­թի գլխա­­ւոր խմբա­­գիր Արա Գօ­­չու­­նեան։ Ասու­­լիսի աւար­­տին, Հա­­յաս­­տա­­­նի ներ­­կա­­­յացուցչու­­թեան յա­­տուկ փա­­փաքին ըն­­դա­­­ռաջ՝ ներ­­կա­­­ներուն հա­­մար Արամ Խա­­չատու­­րեանի գոր­­ծե­­­րէն մին պի­­տի նո­­ւագէ Շա­­հան Արծրու­­նին։ Ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւնը այս կա­­տարու­­մը յատ­­կա­­­պէս կը կա­­րեւո­­րէ, որով­­հե­­­տեւ ասու­­լի­­­սի մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն հա­­մար Արամ Խա­­չատու­­րեանի արո­­ւես­­տին հետ կեն­­դա­­­նի շփու­­մը անգնա­­հատե­­լի նշա­­նակու­­թիւն պի­­տի ու­­նե­­­նայ։ Մնաց որ, թէեւ Շա­­հան Արծրու­­նի իս­­կա­­­պէս շատ հան­­գա­­­մանօ­­րէն ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւելու ի վի­­ճակի է Արամ Խա­­չատու­­րեանի մա­­սին, սակայն, վեր­­ջին հա­­շուով՝ զրկան­­քի մը հա­­մազօր կրնայ ըլ­­լալ իր­­մէ նաեւ գո­­նէ մէկ կա­­տարում լսե­­լու հնա­­րաւո­­րու­­թեան մսխու­­մը, այդ ալ վար­­պետ դաշ­­նա­­­կահա­­րին ներ­­կա­­­յու­­թեամբ։

Հա­­յաս­­տա­­­նի ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւնը Արամ Խա­­չատու­­րեանի 120-ամեակի ձեռ­­նարկներու կազ­­մա­­­կերպման հա­­մար թրքա­­հայ հա­­մայնքա­­յին շրջա­­նակ­­նե­­­րէն կա­­րող դէմ­­քե­­­րէ բաղկա­­ցեալ կար­­գա­­­դիր յանձնա­­խումբ մըն ալ գոր­­ծի լծած է։ Այս յանձնա­­խումբին գոր­­ծունէութիւ­­նը կը հա­­մակար­­գէ լրագ­­րող-հրա­­պարա­­կագիր Արա Գօ­­չու­­նեան։ Կար­­գա­­­դիր յանձնա-խումբը, ըստ էու­­թեան, նոյն կազ­­մը ու­­նի՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի ներ­­կա­­­յացուցչու­­թեան կող­­մէ կազմա­­կեր­­պո­­­ւած նա­­խորդ հա­­մերգնե­­րու նման կազ­­մա­­­կերպչա­­կան խումբե­­րուն հետ։

Հարկ է նշել, որ Սա­­հակ Սարգսեան Արամ Խա­­չատու­­րեանի 120-ամեակի ձեռ­­նարկնե­­րուն ըն­­դա­­­ռաջ քա­­ղաքա­­վարա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թիւն մըն ալ տո­­ւած է Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիարք Ամեն. Տ. Սա­­հակ Ս. Արք. Մա­­շալեանին, որ իր օրհնու­­թիւնը փո­­խան­­ցած է յո­­բելե­­նական ծրագ­­րին հա­­մար»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ