Շատ կարճ ճամբայ Գ. Ճեմարանի ներքին ճամբաները

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ 21)

Ճիշդ բա­կին մէջ­տեղն եմ։ Առ­ջեւս լայն աս­տի­ճան­ներ են։ Բայց նախ­­քան բարձրա­­նալս մէյ մը ձե­­զի բա­­ցատ­­րեմ՝ ինչ կայ շուրջս։ Ետեւս՝ Ճե­­մարա­­նի միակ ծա­­ռը։ Մի քա­­նի տա­­րի յե­­տոյ պի­­տի կտրեն ու շուրջը քա­­րէ ցած կլոր նստա­­րան պի­­տի ըլ­­լայ։ Դէ­­պի ձախ՝ աւա­­զով լե­­ցուած տա­­րածք մը, ուր մար­­զանքի պա­­հերուն, մեր հե­­ռու ցատ­­կե­­­լու ու­­ժե­­­րը կը փոր­­ձէինք։ Այդ ալ, կար­­ծեմ քա­­նի մը տա­­րի յե­­տոյ չքա­­ցաւ։ Ճիշդ ծա­­ռին ետե­­ւը. «Օշա­­կան» շէն­­քը, վա­­րը, ձա­­խէն՝ պա­­րոն Ռի­­մոնին սե­­նեակը, կող­­քը` Ճե­­մարա­­նին գրա­­դարա­­նը։ Դեռ նոյն տե­­ղը կե­­ցած եմ։ Ձախ կողմս չորս օթո­­քար­­նե­­­րու կա­­րաժն է՝ քա­­նի մը տա­­րի յե­­տոյ պի­­տի ըլ­­լար սրահ։ Դի­­մացս՝ լայն աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րու եր­­կու կող­­մե­­­րը՝ եր­­կու հատ կի­­սանդրի։ Մէ­­կը՝ Զա­­րեհ կա­­թողի­­կոսի­­նը, որուն օրով բա­­ցուե­­ցաւ Ճե­­մարա­­նը, իսկ միւ­­սը՝ Քա­­րէն Եփ­­փէինը՝ դա­­նիացի մայ­­րի­­­կը, որուն անու­­նով կը կո­­չուի Ճե­­մարա­­նը։ Մէկ-եր­­կու քայլ առջեւ քա­­լեմ, որ­­պէսզի աջ կող­­մը երե­­ւի մեր պիւ­­ֆէն։ Քոչ Կա­­րոն հոն է. ամէն ինչ շատ սի­­րուն կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած, օրէն­­քով, միայն ես ու քա­­նի մը ֆութպո­­լիստ ըն­­կերներ կար­­գը կը խախ­­տէինք։ «Դէ Քո­­չը մե­­զի գի­­տէ, պէտք չկայ կար­­գի կե­­նալու»։ Քո­­չը հի­­մա Գա­­նատա է։

Պիւ­­ֆէէն քիչ մը դէ­­պի ձախ՝ ան­­կիւնի վրայ, մի քա­­նի աս­­տի­­­ճան կը բարձրա­­նաս ու պա­­րոն Անդրա­­նիկին սե­­նեակն է։ Տա­­րիներ յե­­տոյ, այդ սե­­նեակն ալ պի­­տի փո­­խուէր։ Ֆե­­տայիի նման պա­­րոն Անդրա­­նիկին պե­­խերը միշտ զիս վախ­­ցուցած էին։ Մա­­նաւանդ, երբ 10-րդ դա­­սարա­­նիս, առա­­ջին եւ վեր­­ջին ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով զիս ապ­­տա­­­կեց։ Քա­­նի մը տա­­րի յե­­տոյ, երբ միասին պի­­տի աշ­­խա­­­տէինք իբ­­րեւ վար­­չա­­­կան­­ներ, ամէն ան­­գամ իրեն կը յի­­շեց­­նէի. «Ըս­­դազ, յաու ձեռքդ շատ ծանր էր։»... «Դուն ալ շատ չար էիր, պէտք էր ատի։»... Ըս­­դա­­­զը այ­­սօր մե­­զի հետ չէ, Աս­­տո­­­ւած հո­­գին լու­­սաուո­­րէ։

Կը բա­­ւէ, յոգ­­նե­­­ցայ կե­­նալէն, եկէք քա­­լենք։ Աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րուն վրան եմ, դի­­մացս դէ­­պի վեր բարձրա­­ցող աս­­տի­­­ճան­­ներն են, կող­­քը՝ պզտիկ դուռ մը՝ դէ­­պի Տիգ­­րա­­­նեան պար­­տէզ, դէ­­պի ձախ՝ պա­­րոն Մհե­­րին սե­­նեակն է՝ վեր­­ջին կա­­յարանս։ Բայց նախ­­քան հոն եր­­թալս, եկէք ձե­­զի ծա­­նոթաց­­նեմ աջ կող­­մը գտնո­­ւող տնօ­­րէնու­­թեան բա­­ժինը։ Նեղ դռնէն մտանք, դէ­­պի ձախ՝ արաբ տնօ­­րէնին սե­­նեակը ( հոն գործ չու­­նինք), շա­­րու­­նա­­­կեմ՝ տի­­կին Վե­­հանին սե­­նեակը։ «Բա­­րեւ, տի­­կին Վե­­հան»... «Բա­­րեւ, աղո­­ւորս», կը պա­­տաս­­խա­­­նէ տի­­կին Վե­­հան, աշ­­խոժ, ժպի­­տով ։ Չեմ գի­­տեր այ­­սօր տի­­կին Վե­­հանը ուր է։

Ձախ կող­­մը, վեր­­ջին սե­­նեակը օրիորդ Հու­­րիին սե­­նեակն է։ Գլուխս կ’եր­­կա­­­րեմ առանց ներս մտնե­­լու։ «Բա­­րեւ, ըն­­կե­­­րու­­հի»։ Հան­­գիստ ու հան­­դարտ կը պա­­տաս­­խա­­­նէր. «Բա­­րեւ, Սա­­ղաթէլ»։ Օրիորդ Հու­­րին չեմ գի­­տեր ուր է։

Աջ կող­­մի վրայ եր­­կու սե­­նեակ մնաց, ետեւ ետե­­ւի։ Նախ օրիորդ Սօ­­սիին սե­­նեակը, ուր միշտ կը հրա­­ւիրո­­ւէինք ինչ-որ բան խմե­­լու, ու յե­­տոյ երկրորդ սե­­նեակը, որ ամէն կող­­մէն պա­­շարո­­ւած էր եր­­կա­­­թէ պա­­տու­­հաննե­­րով։ Ներ­­սը՝ մեծ կա­­նաչ գոյ­­նի գաս­­սա, գրա­­սեղան, երեք հատ աթոռ եւ պա­­րոն Ար­­սէ­­­նը։ Հա­­շուա­­պահու­­թեան սե­­նեակն էր։ Քիչ մը նստիմ պրն. Ար­­սէ­­­նին քով։ «Ինչպէս ես, ըս­­դազ». «Լաւ եմ», ժպի­­տով կը պա­­տաս­­խա­­­նէ։ «Նո­­րէն թթու-կծու գրեր ես, հա։ Երէկ կար­­դա­­­ցի։ Նստիր՝ քե­­զի պատ­­մեմ ինչ կ’ըլ­­լայ կոր, որ նո­­րէն գրես։» Ըս­­դա­­­զը նկա­­տի ու­­նէր «Գան­­ձա­­­սար»ի մէջ յօ­­դուած­­ներս։ «Ըս­­դազ, պրն. Մհե­­րին պի­­տի եր­­թամ, նո­­րէն կու գամ՝ կը պատ­­մես։» «Ծօ նստիր, նո­­րէն չեմ պատ­­մեր։»

Դուրս ել­­լեմ ետ եւ ուղղո­­ւիմ դէ­­պի իմ վեր­­ջին կա­­յարանս։ Ի մի­­ջի այ­­լոց ըսեմ, օրիորդ Սօ­­սիին պրն. Ար­­սէ­­­նին հի­­մակուայ գտնո­­ւելու տեղն ալ չեմ գի­­տեր։ Շի­­տակ, ու­­ղիղ ճա­­նապարհ՝ դէ­­պի պա­­րոն Մհե­­րին գրա­­սենեակը։ 10-րդ դա­­սարա­­նի հեր­­թա­­­պահն է ըս­­դա­­­զը։ Դու­­ռը բաց է։ Ըս­­դա­­­զը դուրս կ’ել­­լէ կոր դէ­­պի ինչ-որ դա­­սարան։ «Բա­­րեւ, ըս­­դազ », «Բա­­րեւ ըն­­կեր, ինչ որ պի­­տի խմես, ապսպրէ, կու գամ կոր»։ Սե­­նեակին մէջն եմ, հին կա­­շիէ աթո­­ռին վրայ կը նստիմ ու կը սպա­­սեմ։ Եր­­կու վայրկեան ետք ըս­­դա­­­զը աշ­­խոյժ ներս կը մտնէ։ «Ապսպրե­­ցի՞ր»։ «Ի՞նչ ապսպրե­­ցի, ըս­­դազ ։» «Ուֆ, լաւ, լաւ ինչ կը խմես։» ...Կը պա­­տաս­­խա­­­նեմ փիս ծի­­ծաղով. «գար­­գա­­­տէ»...Զար­­մա­­­ցած ըս­­դա­­­զը կը պա­­տաս­­խա­­­նէ. «գար­­գա­­­տէ՞։» Քա­­ռորդ ժամ յե­­տոյ, տի­­կին Ռու­­բի­­­նան իմ սի­­րելի կար­­միր թեյս սդա­­զին սուրճը կը բե­­րէր։ Զրոյցնիս կը սկսէր դպրո­­ցով, ապա շրջա­­նաւար­­տից միու­­թիւն, գա­­ղութ, կու­­սակցու­­թիւն, հայ­­րե­­­նիք, ու կ’աւար­­տէր պա­­պայիս զան­­գով։ Պրն. Մհե­­րը հի­­մա Ամե­­րիկա է, յա­­ճախ հե­­տը կը խօ­­սիմ։ Իսկ տի­­կին Ռու­­բի­­­նան՝ իս­­կա­­­պէս տե­­ղեակ չեմ։

«Սա­­ղօ, ու՞ր ես տղաս»... «Ճե­­մարանն եմ, պապ, ըս­­դա­­­զին քով։ Կու գա՞ս զիս առ­­նե­­­լու։»... «Ան­­շուշտ, տղաս, ես մօտ եմ, ամ­­մօ Գո­­գոյին (Ապու Յա­­րու­­թին) քովն եմ, տասն վայրկեանէն կու գամ»։ Ամ­­մօ Գո­­գոն տա­­կաւին Հա­­լէպ է, ողջ-առողջ։ Իսկ Յա­­րու­­թը՝ Գա­­նատա։ Հայ­­րիկս ալ որո­­շեց հե­­ռանալ։ Տա­­սը վայրկեանը ան­­ցաւ, պա­­պայիս հետ թեւ-թե­­ւի նոյն ճամ­­բով դուրս կու գամ Ճե­­մարա­­նէն։

Ի մի­­ջի այ­­լոց, Ճե­­մարա­­նը իս­­կա­­­պէս միայն դպրոց չէր, այ­­լեւ շատ-շատ խիտ ճամ­­բա­­­ներու եւ ճա­­կատա­­գիր­­նե­­­րու խաչ­­մե­րուկ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ