Ութը տարի է որ անընդմէջ շարունակուող յուզումի ալիք մը դարձած է «Օրօրա» մարդասիրական մրցանակի տուուչութեան նախորդող բոլոր հանգրուանները։
Այս ծիրէն ներս 18 Սեպտեմբեր երկուշաբթի օր, «Քլինթոն» համաշխարհային նախաձեռնութեան մէջ կայանալիք միջոցառման ընթացքին պիտի յայտարարու 2024 թուականի մրցանակի յաւակնորդներուն անունները։
«Օրօրա» մարդասիրական մրցանակը կը շնորհէ 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար պարգեւ՝ ճանաչման արժանացնելով եւ աջակցելով աշխարհի անյայտ հերոսներուն, որոնք կը վտանգեն սեփական կեանքը՝ օգնելու անոնց, որոնք տուժած են մարդասիրական ճգնաժամերու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու հետեւանքով։ Շարունակելով նուիրատուութեան շղթան՝ դափնեկիրը մրցանակի միջոցները կ՚ուղղէ անոնց, որոնք կ՚օգնեն առաւել խոցելու խումբերուն։ «Օրօրան» հիմնադրուած է 2015 թուականին եւ այս ութ տարիներուն զգալի ազդեցութիւն ունեցած է խիստ կարիքի մէջ գտնուող մարդկանց կեանքի վրայ։ Ան աջակցած է աւելի քան 400 նախագծի 56 երկրուն՝ մինչ օրս օգնելով աւելի քան 2.7 միլիոն մարդու։
«Օրօրա» մրցանակի ութերորդ դափնեկրի անունը յայտնի կը դառնայ 2024 թուին։
«Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը ձգտի լուծելու մարդասիրական խնդիրները աշխարհի տարբեր անկիւններուն՝ տեղին օգնելով ամենակարիքաւորներուն։ Նախաձեռնութեան գլխաւոր նախագիծը՝ «Օրօրա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակը, որ կը շնորհէ 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար պարգեւ, ամենաարագ զարգացող եւ նորարար մարդասիրական մրցանակներէն մէկն է աշխարհի վրայ։ Այս առումով «Օրօրա» իր սկզբունքներով կը յիշեցնէ Պրանդ Տինքի անուան միջազգային մրցանակը, քանի որ ան եւս կը պարգեւատրէ, ճանաչման կ՚արժանացնէ եւ կը խթանէ մարդասիրական ոլորտի առաջնորդները։ Հոն եւս կը գնահատուին աշխարհացրիւ անյայտ հերոսները, որոնք կը վտանգեն իրենց սեփական կեանքը օգնելու համար բոլոր անոնց, որոնք տուժած են մարդասիրական ճգնաժամերու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու հետեւանքով։ Արդարեւ Հրանդ Տինքի անուան միջազգային մրցանակի խախտողներու մրցանակատուչութիւնը պիտի կայանայ 15 Սեպտեմբերին։