Պատրիարքական վերջին ընտրութիւններու եւ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններու ընթացքին բաւականին աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած հասարակական կազմակերպութիւն մըն է «Միտքի Հարթակ»ը։
Ան յաճախ կը դիմէր հասարակութեան հետ խորհրդակցութեան միտումով հանդիպումներու։
21 Օգոստոս եկուշաբթի երեկոյ, այս բնոյթով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Գընալը Կղզի Կազդուրման Կայանի տարածքին մէջ։ Օրակարգի նիւթն էր համայնքային հաստատութիւններու ընտրութեանց հետեւանքները եւ յատկապէս ալ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութեան խնդիրը։
Հարթակի անունով ելոյթ ունեցաւ Թադէոս Պէպէք, որ հակիրճ կերպով նկարագրեց իրենց տարած աշխատութիւնները։ Առաջին հերթին Ֆերիգիւղի թաղականութեան նորընտիր անդամներէն Ժիւլյէթ Տեմիրճիօղլու բացատրութիւններ տուաւ նախ ընտրութեան գործընթացի եւ ապա ընտրութենէ ետք կատարուած աշխատութիւններու մասին։
Մտքի Հարթակի ժողովները խորհրդակցական բնոյթ կը ստանան ներկաներու քննարկուած նիւթին մասին կարծիք յայտնելու կամ հարցումներ ուղղելու երեւոյթով։
Այս անգամ ալ պատահեցաւ նոյնը եւ ժողովը ունեցաւ ֆորումի մը ձեւաչափը։ Ժողովի երկրորդ հատուածին մէջ «Ակօս»ի սիւնակագիր ընկերաբան Յովհաննէս Քըլըչտաղը անդրադարձաւ հիւանդանոցներու հոգաբարձութիւններու ընտրութեան նիւթին։
Քըլըչտաղ նշեց որ Թուրքիոյ հայ համայնքը ունի երկու հիւանդանոցներ՝ Սուրբ Փրկիչ եւ Սուրբ Յակոբ։ Ապա ներկայացուց որոշ հարցադրումներ հայկական հիւանդանոցի մը տեսլականի եւ նախապատուութիւններուն մասին։ Ան վերջապէս անհիմն համարեց հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետի համայնքի առաջնորդ կամ բանբեր ըլլալու յաւակնութիւնը։ «Նման տիտղոսը զուրկ է իրաւական կամ օրինական հիմքէ» ըսաւ Քըլըչտաղը։
Ժողովի աւարտական ելոյթը կատարեց փաստաբան Սեպուհ Ասլանկիլ, որ ընդգծեց իրաւական ենթահողի անհրաժեշտութիւնը իրաւունքներու յափշտակման երեւոյթներու դիմաց։ Այս հաստատումը խիստ կարեւոր է, քանի որ պոլսահայ հասարակութեան թէ հոգեւոր եւ թէ աշխարհիկ առաջնորդները կը խուսափին իրաւական գետնի վրայ իրաւունք պահանջելէ եւ դիւրաւ կը համակերպին կառավարութեան կամայական պարտադրանքներուն։ Այդ երեւոյթին ականատես եղանք, թէ պատրիարքական եւ թէ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններու շրջանին։