Վաքթֆգիւղ մէջ նախորդ շաբաթավերջին սկսած է 6 եւ 20 Փետրուարի երկրաշարժներու հետեւանքով վնասուած տուներու փլուզումը։
Բացի քառուկիր շէնքերէ, վնասուած էին նաեւ աւանդական ճարտարապետութեան նմոյշներ հանդիսացող քարաշէն տուները։ Հետեւաբար այս փլուզումէն ետք պիտի փոխուի նաեւ գիւղի համայնապատկերը։
Սուրբ Աստուածածնի տօնի առթիւ Վաքըֆգիւղ այցելած Սահակ Բ. Պատրիարք սրբազանն ալ իր քարոզին մէջ նշեց, որ շուտով կը սկսի գիւղի եկեղեցւոյ նորոգութիւնը։ Պատրիարքը նաեւ շեշտեց թէ վերաշինութեան ծախսերը պիտի հոգացուին Պատրիարքարանի կողմէ։ Ան նաեւ բացատրութիւններ ըրաւ պատրիարքի կարգադրութեամբ կատարուած հանգանակութեան գիւղի բնակիչներու բաժանման կանոններու մասին։ Ըստ այն վարձակալ իւրաքանչիւր ընտանիք պիտի ստանայ 20 հազար լիրա աջակցութիւն։ Նուազ վնասուած տուներուն համար 35, միջին վնասուածք ունեցողներուն համար 60 եւ ծանր վնասուած տուներու համար ալ 75 հազար ԹԼ.-ի օգնութիւն պիտի տրամադրուի։
Առաջին հերթին ծանր վնասուած 10 տուներու բնակիչներուն համար ալ ապահովուած էին ժամանակաւոր տոմիկներ։