«Այլոց աչքին ունենք այն արժէքը,
որքան մենք ենք մեզ գնահատում»։
Ցիցերոն
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Բազում էին հայորդիները ի սփիւռս աշխարհի, որ մեծ յոյսերով, մինչեւ իսկ սրտատրոփ, կը սպասէին այն օրուան, երբ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը (ԱԽ) ըստ կանոնադրութեան տառին, հաստատուած կարգի եւ իր պատասխանատուութիւններու համաձայն պիտի ոչ միայն քննարկէր, այլ նաեւ համապատասխան լուծումներու առաջարկ ընէր Արցախի վիճակի, ապա Բերձորի միջանցքի շրջափակման մասին։ Ոմանք նոյնիսկ կ՚երազէին, թէ գուցէ Արցախ միջազգային խաղաղապահներ տեղակայելու հարց ծագի, եթէ աւելի խորամիտ ըլլանք, թէեւ ենթադրելի էր, բայց անհերքելի փաստը այն է, որ ԱԽ-ի նիստը աւարտեցաւ միայն Բերձորի միջանցքը բանալու կոչով՝ ազերիներու եւ հայերու միջեւ փոխադարձ համաձայնութեան սկզբունքով։ Օրն եկաւ, անցաւ, միայն թէ «Վախճան պսակէ զգործն» կամ «լեռը մուկ երկնեց»։
Բանակցութիւններու մանրամասին անդրադառնալը աւելորդ կը համարեմ, քանզի այն ներկայացուած է լայնօրէն թէ՛ հայրենի եւ թէ՚ սփիւռքի մամուլի մէջ, միայն թէ արձագանգները տարբեր են եւ ծայրայեղ հակադիր։ Ինչ խօսք, անհնար է կռահել հասարակական-քաղաքական մտքի ամբողջական գնահատականը, բայց ենթադրաբար կը կարծեմ, թէ շատերը արդէն պիտի հասկնան, որ մենք աւելիին յաւակնելու որեւէ պատճառ եւ յոյս չունինք քան Կիպրոսը, որուն տասնամեակներ ի վեր բազում կոչերով կը սնեն, իսկ Անգարան որոշել է ճանաչել Հիւսիսային Կիպրոսի թուրք ինքնիշխանութիւնը։
Հայ ա՛յն մամուլը, ՀՀ թէ՛ սփիւռք, որ կը տառապի արդի իշխանութեան, թերեւս նաեւ երկրի նկատմամբ բուռն ատելութեամբ դժգոհ են, որ ՀՀ պատուիրակները ՄԱԿ ԱԽ-էն չեն պահանջած անյապաղ վերականգնել Բերձորի միջանցքի գործունէութիւնը, որ ձախողուած է։ Որքան սխալ գործած են կազմակերպիչները, որ այդ հրաշագործներուն չեն ընդգրկել պատուիրակութեան մէջ, թերեւս այլ արդիւնք ունենայինք։
Աւելի մոլեռանդները կը պահանջեն, որ այդ «ձախողման» համար պատասխանատուութեան ենթարկուին ՀՀ իշխանութիւնները, քանզի արդի դրութեամբ ոչ ազերինրն են միջանցքը բացած, ոչ արցախցիները ցանկացած են անոնց հետ երկխօսութեան երթալ։ Նման պարզամիտ, տխմար մտայնութիւն, որ տարածուած եւ երբեմն տիրակալ է խմբագիրներէն եւ յօդուածագիրներէն ոմանց մօտ, չեմ կարծեր թէ անհատական բնոյթի է, այլ ինչ-որ տեղէ հրահանգ է, որ պատշաճ կերպով տեղի կ՚ունենայ (թերեւս հինգերորդ շարասիւնը)։ Անոնք դեռ չեն հասկցած, որ թշնամու յատուկ ծառայութիւնները մանրակրկիտ կը ծանօթանան հայ մամուլին լոյս տեսած գրութիւններուն եւ համապատասխան եզրայանգումի կու գան իրենց շահաւէտ ըլլալու դէպքին։
Որպէս փայլուն օրինակ կրկնեմ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրաւոր ուղերձը՝ օտար երկրներու նախագահներուն՝ ԱՄՆ, Ռուսիա, Ֆրանսա, Բերձորի միջանցքը բացելու աղերսով, ուր իր գրութեան հիմնական դրոյթը՝ եղած մեր իշխանութիւններուն արժէքազրկումն էր։ Ինչ ամօթ եւ ինչ բացարձակ ստորութիւն շաղախուած խարդախ տխմարութիւնով։ Այդ տրամաչափի անձը, առանց աչքերը թարթելու, կը մրոտէ իր նախագահած երկիրը։
Հաւանաբար, բացի ուժ գործածելէ, այս քաոսային վիճակէն դուրս ելնելու մի ելք կայ։ Այն կարող դէ մէկ անձով սահմանափակուելու։ Միայն եւ միայն հայկական հաւաքական ներուժի ջանքերը միաւորելով է, որ պիտի կարողանանք հնարաւոր լուծումներէն մեզ համար լաւագոյն նպաստաւորը ընտրել։ Դիւային կերպարանք եւ ամէն տեսակի թերութիւններ պիտակելով իրար, այլախոհ անհատները եւ կուսակցութիւնները դեռ չեն հասկցած եւ կը հասկնա՞ն արդեօք, որ իրար կոկորդ կրծելով ինքնասպանութեան կ՚երթանք եւ թուրք-ազերի եւ այլոց համար մենք հայ ենք՝ ինչ տարազով, գաղափարախօսութեան եւ կրօնի ըլլանք, ուրեմն թեկնածու ենք ոչնչացման։
Կարիք կայ յիշեցնել, որ 1915-ի Ապրիլ 24֊ի նախօրէին Գրիգոր Զոհրապը մասոնական (ազատ որմնադիրներ) օթեակի սրահներէն մէկու մէջ նարդի կը խաղար Թալաթի հետ եւ դարձաւ անոր առաջին զոհը։ Որքա՞ն դժուար են տարրական պարզամիտ նման երեւոյթները հասկնալ։ Մեզ կը մնայ շարունակել շրջափակման հարցով լուրջ աշխատանք տանիլ ՄԱԿ-ի եւ այլ հարթակներու վրայ, թէկուզ փոքր քայլերով առաջանալու պայմանով։
Զարթի՛ր լաօ։
(Սեն Ռաֆայէլ)