Եօթը խաչքարի պատմութիւնը

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ամիս մը առաջ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, նա­­հատակ հե­­րոս­­նե­­­րու այ­­ցե­­­լու­­թեամբ սկսեր էր հա­­յաս­­տա­­­նեան աշա­­կեր­­տա­­­կան մեր շրջա­­գայու­­թիւնը։ Լու­­սա­­­բացին Եռաբ­­լուրի մէջ լուռ, ծա­­ղիկ­­ներ խո­­նար­­հե­­­ցու­­ցեր էինք՝ մեր աշա­­կերտնե­­րու գրե­­թէ տա­­րեկից տղա­­ներու շիր­­մա­­­քարե­­րուն վրայ։ Ապա աշա­­կեր­­տուհի­­ներէն մէ­­կը, - մայ­­րե­­­րու յա­­տուկ բնազ­­դով եւ զգայ­­նութեամբ օժ­­տո­­­ւած երի­­տասար­­դուհի՝ - ար­­տա­­­սաներ էր Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նի «Առ­­կայծ ճրագ» քեր­­թո­­­ւածը։ Տե­­ղին ընտրու­­թիւն։ Իսկ այ­­սօր, հե­­րոս­­նե­­­րու այ­­ցե­­­լու­­թեամբ սկսած ու­­ղե­­­ւորու­­թիւնը պէտք է որ իր աւար­­տին հաս­­նի մէկ այլ խումբ հե­­րոս­­ներ այ­­ցե­­­լելով։ Կ՚առա­­ջար­­կեմ մտո­­վի ճա­­նապար­­հորդել եօթը ձիաւոր աս­­պետնե­­րու խաչ­­քա­­­րերու հա­­մադ­­րութեամբ ստեղ­­ծո­­­ւած հա­­մալիր մը, որ կը կո­­չուի «Եօթ վէրք մա­­տուռ»։ Ան­­շուշտ, թէ դուք նկա­­տեցիք «մտո­­վի» բա­­ռը։

Ճշմար­­տութիւ­­նը, ըն­­թերցող, մենք չայ­­ցե­­­լեցինք այդ սրբա­­վայ­­րը։ Աւա՜ղ, ժա­­մացոյ­­ցի սլաք­­նե­­­րը աւե­­լի արագ դար­­ձան քան մեր հան­­րա­­­շար­­ժի անիւ­­նե­­­րը, մեր օրե­­րը սա­­կաւա­­թիւ էին, եւ յան­­կարծ նկա­­տեցինք,- եւ ամօ­­թով մնա­­ցինք,- թէ իր աւար­­տին հա­­սեր է մեր ճա­­նապար­­հորդու­­թիւնը եւ հրա­­ժեշտ պէտք է տալ հայ­­րե­­­նիքին։ Սա­­կայն, մենք լաւ կը գի­­տակ­­ցէինք այդ մա­­տու­­ռի գո­­յու­­թեան, այդ եօթը ձիաւոր­­նե­­­րու պատ­­մութեան եւ բա­­նաս­­տեղծ Հա­­մօ Սա­­հեանի այն եօթը ան­­գամ յու­­զիչ քեր­­թո­­­ւածին, որ նո­­ւիրո­­ւած էր այդ եօթը երա­­նելի աս­­պետնե­­րուն։

Այժմ, 137 քմ. հե­­ռանանք մայ­­րա­­­քաղա­­քէն, ինքնա­­շար­­ժի պա­­տու­­հա­­­նէն 1 ժամ 50 վայրկեան վա­­յելենք հայ­­րե­­­նի բնաշ­­խարհի հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րը եւ հաս­­նինք Սե­­ւանայ լի­­ճի հա­­րաւա­­յին ափի վրայ հաս­­տա­­­տուած ծո­­վահա­­յեաց Ծո­­վինար գիւ­­ղը։

Ծո­­վափ­­նեայ Ծո­­վինա­­րը

Ծո­­վինար գիւ­­ղի տա­­րածքնե­­րը, նկա­­տի ու­­նե­­­ցէք Սե­­ւանայ լի­­ճի ափե­­րը, 9-րդ դա­­րէն մին­­չեւ 19-րդ դար դուրս մնա­­ցին հայ­­կա­­­կան տի­­րակա­­լու­­թե­­­նէն։ 1828 թո­­ւակա­­նին Ծո­­վինա­­րը Գե­­ղար­­քունիք գա­­ւառի կազ­­մի հետ մտաւ Երե­­ւանի նո­­րակազմ նա­­հան­­գի մէջ։ Այդ օրե­­րուն Պարսկաս­­տա­­­նէն 45 հա­­զար, իսկ Արեւմտեան Հա­­յաս­­տա­­­նի տար­­բեր շրջան­­նե­­­րէն ալ շուրջ 100 հա­­զար հայ գաղ­­թեց եւ հաս­­տա­­­տուե­­ցաւ այդ տա­­րածքնե­­րու մէջ։ Շրջա­­նի նոր բնա­­կիչ­­ներն էին Ալաշ­­կերտէ, Վա­­նէ, Կա­­րինէ եւ Իգ­­դի­­­րէ 600 ըն­­տա­­­նիք, այ­­սինքն մօ­­տաւո­­րապէս 5000 մարդ։ Եւ 1830-ին հիմ­­նո­­­ւեցաւ նոր Ծո­­վինա­­րը։ Ծո­­վինա­­րի ներ­­կայ բնակ­­չութեան մե­­ծամաս­­նութեան պատ­­մա­­­կան հայ­­րե­­­նիքը Ալաշ­­կերտի Եոն­­ճա­­­լու գիւղն է… Իսկ հի­­մա մօ­­տենանք բարձրա­­դիր ժայ­­ռի վրայ կանգնած խաչ­­քար-յու­­շա­­­համա­­լիրին։

Աւե­­րակ սրբու­­թիւններ

Այս վայ­­րը շրջա­­կայ գիւ­­ղե­­­րու տե­­ղական բար­­բա­­­ռով կը կո­­չուի Խռբեր, այ­­սինքն՝ աւե­­րակ­­ներ։ Ծո­­վահա­­յեաց այս բար­­ձունքնե­­րը, Աստղա­­ձորը, Վար­­դե­­­նիքը, Ծո­­վինա­­րը, Ար­­ծո­­­ւանիս­­տը, հա­­րուստ են նա­­խադա­­րեան կա­­ռոյցնե­­րու հիմ­­քե­­­րով, պա­­րիսպնե­­րու հա­­տուած­­նե­­­րով, հնա­­գույն դամ­­բա­­­րան­­նե­­­րով, տա­­պանա­­քարե­­րով եւ խաչ­­քա­­­րերով։ Իսկ Խռբե­­րի այդ բազ­­մա­­­թիւ աւե­­րակ­­նե­­­րու մէջ ամե­­նէն յայտնին է Եօթ Վէրք Մա­­տու­­ռը։

Մե­­նաւոր մա­­տու­­ռը

Եօթ Վէրք Մա­­տու­­ռը եօթը խաչ­­քա­­­րերէ բաղ­­կա­­­ցած փոքր յու­­շա­­­համա­­լիր մըն է։ Ան կը գտնո­­ւի Սե­­ւանայ լի­­ճի հա­­րաւա­­յին ափին, Օձա­­բերդ ամ­­րո­­­ցէն ու­­թը քմ. հե­­ռու՝ Ծո­­վինար գիւ­­ղի մօ­­տակայ­­քը։ Խաչ­­քա­­­րերը 14-րդ դա­­րուն՝ Լենկթի­­մու­­րի ար­­շա­­­ւանքնե­­րու տա­­րինե­­րուն կանգնե­­ցուած են տե­­ղի եօթը գիւ­­ղե­­­րու եօթը տէ­­րերու յի­­շատա­­կը յա­­ւեր­­ժացնե­­լու հա­­մար։ Խաչ­­քա­­­րերը կանգնած են կողք կող­­քի։ Գլխա­­ւոր խաչ­­քա­­­րը իր մե­­ծու­­թեամբ եւ դիր­­քով կը գե­­րակշռէ միւսնե­­րուն։

Ահա այդ վայրն է որ իր ծո­­ցի մէջ կը պա­­րու­­նա­­­կէ թէ՛ ող­­բերգա­­կան եւ թէ՝ քնա­­րական պատ­­մութիւն մը։

1381 թո­­ւակա­­նի մրրի­­կը

Մեր զրոյ­­ցը ու­­նի նա­­խապատ­­մութիւն մը։ Լենկթի­­մու­­րը Հա­­յաս­­տան ար­­շա­­­ւեց 14-րդ դա­­րու վեր­­ջին տաս­­նա­­­մեակին։ Սե­­ւանայ լի­­ճի հա­­րաւ եւ հա­­րաւ-արե­­ւելեան ափե­­րու վրայ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած պա­­տերազմնե­­րու ժա­­մանակ թա­­թար-մոն­­ղոլ աշ­­հարհա­­կալը աւե­­րակի վե­­րածեց շրջա­­նի եօթը գիւ­­ղե­­­րը, իսկ այդ հե­­ղինա­­կաւոր գիւ­­ղե­­­րու եօթը տի­­րակալ­­նե­­­րը նա­­հատա­­կուե­­ցան։ Անոնց յի­­շատա­­կը յա­­ւեր­­ժացնե­­լու հա­­մար ալ կանգնե­­ցան այդ եօթը խաչ­­քա­­­րերը։ Իսկ Հա­­մօ Սա­­հեանը* քնա­­րական քեր­­թո­­­ւածի վե­­րածեց այդ պատ­­մութիւ­­նը եւ զայն կո­­չեց՝ «Եօթ ձիաւո­­րի բալ­­լա­­­դը»։

Եօթը ան­­գամ քնա­­րական
բա­­նաս­­տեղծը

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, տե­­ղին է խօսք մը մէջ­­բե­­­րել խորհրդա­­հայ բա­­նաս­­տեղծ Հա­­մօ Սա­­հեանի մա­­սին։ Սիւ­­նի­­­քի մար­­զի Սի­­սիանի շրջա­­նի Լոր գիւ­­ղի մէջ ծնած Սա­­հեանը կրթու­­թիւն ստա­­ցաւ տե­­ղի դպրո­­ցի մէջ, ուր որ­­պէս ու­­սուցիչ նա­­խապէս դա­­սաւան­­դեր էին բա­­նաս­­տեղծներ Գառ­­նիկ Քա­­լաշեանը եւ Ակ­­սել Բա­­կունցը։ Սա­­հեանը 1927 թո­­ւակա­­նին տե­­ղափո­­խուե­­ցաւ Պա­­քու,- հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան շքեղ դղեակի արե­­ւելեան, ծո­­վահա­­յեաց պատշգա­­մը,- հոն ստա­­ցաւ միջ­­նա­­­կարգ կրթու­­թիւն, աւար­­տեց քա­­ղաքի ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան հա­­մալ­­սա­­­րանի հայ­­կա­­­կան բա­­ժան­­մունքը։ Աշ­­խա­­­տակ­­ցե­­­ցաւ տե­­ղական «Խորհրդա­­յին գրող» ամ­­սագրին։ Հայ­­րե­­­նական մեծ պա­­տերազ­­մին Կաս­­պեան նա­­ւատոր­­մի նա­­ւաս­­տի էր ան։ Ապա վերջնա­­կանա­­պէս հաս­­տա­­­տուե­­ցաւ Երե­­ւան։ Թա­­ղուած է Կո­­միտա­­սի անո­­ւան պան­­թէոնի մէջ։

Քնա­­րի քա­­րէ լա­­րը

Սա­­հեանը ամէն հայ ըն­­թերցո­­ղի եւ աշա­­կեր­­տի յի­­շողու­­թեան մէջ ու­­նի բազ­­մա­­­թիւ հայ­­րե­­­նասի­­րական եւ իմաս­­տա­­­սիրա­­կան քեր­­թո­­­ւած­­ներ։ Ար­­տօ­­­նեցէք մտա­­բերեմ քա­­նի մը հա­­տը. «Հա­­յաս­­տան ասե­­լիս այ­­տերս այրւում են», «Ախր ես ինչպէ՜ս վեր կե­­նամ գնամ», «Ուր որ նա­­յում եմ, քա­­րէ բար­­ձունք է, քա­­րէ ար­­ցունք է, քա­­րէ ժպիտ», «Հա­­յաս­­տա՛ն, անունդ տա­­լիս, ժայ­­ռի մէջ մի տուն եմ յի­­շում», «Մի տեղ իշ­­խան ու տէր, մի տեղ հա­­մեստ հո­­վիւ, / Մի տեղ ճորտ եմ եղել, մե­­կին մօտ-մտե­­րիմ», «Դու ու­­զե­­­ցիր, որ ես քեզ տի­­րու­­թիւն անեմ, / Ու ես ան­­տէր մնամ»։ Իսկ բա­­նաս­­տեղծը օր մը մե­­զի բա­­ցատ­­րեց, թէ թե­­թեւ կ’ըլ­­լան ծանր քա­­րը, ծանր դա­­րը, հո­­ղի սա­­րը, երբ անոնց տակ ննջո­­ղը երա­­նելի մարդ է։ Եւ այսպէս, Սա­­հեանը սկսաւ պատ­­մել եօթը երա­­նելի նա­­հատակ­­նե­­­րու եօթ­­նօ­­­րեայ պատ­­մութիւ­­նը, սկսե­­լով արե­­ւածա­­գէն՝ աք­­լո­­­րի եօթը չա­­րագու­­շակ կան­­չէն. «Եօթ ան­­գամ կան­­չեց աք­­լո­­­րը թա­­ռին, / Բո­­ղարը բա­­կում եօթ բե­­րան հա­­չեց, / Եօթ ան­­գամ խփեց կայ­­ծա­­­կը սա­­րին, / Եօթ ան­­գամ սա­­րում պախ­­րան բա­­ռաչեց։ Ապա տէր­­տէ­­­րը եկաւ եւ ժա­­մի զան­­գա­­­կը զար­­կաւ, գոյժ մը ծլնգաց եօթը ան­­գամ եւ եօթը հար­­սեր սար­­սա­­­փով արթնցան. Եօթ ան­­գամ ժա­­մի զան­­գը ծլնգաց, / Եօթ սար­­սուռ դար­­ձաւ սիր­­տը եօթ հար­­սի, / Եօթ թամ­­բած նժոյգ բա­­կում վրնջաց, / Եօթ ճռինչ հա­­նեց դու­­ռը դար­­պա­­­սի»։ Ապա, եօթը բա­­նակ եկաւ եւ պա­­շարեց մեր եօթը սա­­րը. … Եօթ բա­­նակ եկաւ, սա­­րը պա­­շարեց, / Ու եօթ ձիաւոր սլա­­ցաւ գիւ­­ղից Ծո­­վինա­­րի եօթը աս­­պետնե­­րը եօթը յոր­­ձանք, եօթը փոր­­ձանք դար­­ձան թշնա­­միի գլխուն. Եօթ հոր­­դա­­­ների եօթ կող­­մից թռած / Եօթ ձիաւո­­րը եօթ մրրիկ թո­­ւաց, / Եօթ ամպրոպ թո­­ւաց կայ­­ծա­­­կը գրկին, / Եօթ սար­­սափ կա­­խեց թշնա­­մու գլխին... Որ­­քա՞ն տե­­ւեց կռի­­ւը» Սա­­հեանը պատ­­մեց այսպէս. «Եօթ օր, եօթ գի­­շեր կռիւ էր սա­­րում, / Եօթ օր, եօթ գի­­շեր արիւն ու հրդեհ, / Եօթ օր, եօթ գի­­շեր կռիւ էր վա­­րում / Եօթ ձիաւո­­րը եօթ բա­­նակի դէմ...»: Եօթ­­նե­­­րորդ իրիկ­­նա­­­ժամուն փո­­շին նստե­­ցաւ եր­­կիր: Հե­­ռացող դո­­փիւններ, սու­­լոցներ, շա­­րաչիւններ, վժվժոց­­ներ… Ապա, խոր լռու­­թիւն։ Վեր­­ջին թշնա­­մի զի­­նուորն ալ հե­­ռացաւ: Սա­­րի վրայ մնա­­ցին եօթը ազ­­նիւ ձիեր. «Եօթե­­րորդ օրը չքո­­ւեց թշնա­­մին, / Վեր­­ջին զի­­նուորն էր փե­­շերը ծա­­լում, / Եօթե­­րորդ օրո­­ւայ իրիկ­­նա­­­ժամին / Միայն եօթ նժոյգ վրնջաց սա­­րում...»։ Այդ գի­­շեր, գիւ­­ղա­­­ցինե­­րը եօթը երազ տե­­սան։ Հայ­­րեր ու մայ­­րեր եօթը մա­­զէ կա­­մուրջ ան­­ցան։ Ար­­շա­­­լոյ­­սին նժոյգնե­­րը եկան: Ձիաւոր­­նե­­­րը չե­­կան. «Եւ լու­­սա­­­բացին / Եօթ նժոյգնե­­րը կանգնե­­ցին բա­­կում… / Մայ­­րը եօթ ան­­գամ տե­­ղում թփրտաց, / Յե­­տոյ ձեռ­­նե­­­րը մնա­­ցին ծո­­ցում»։ Իսկ հար­­սե­­­րը, ա՜խ, հար­­սե­­­րը մայ­­րա­­­նալու շե­­մին, անոնց կրծքէն եօթը վիշտ ճչաց։ Իսկ յե­­տոյ ճչա­­ցին եօթը առոյգ մա­­նուկներ։ Եօթը օրօ­­րոցի մէջ եօթը նո­­րածի­­ներ գնա­­ցան իրենց հայ­­րե­­­րու պատ­­մութիւ­­նը լսե­­լով։ Ան­­ցան տա­­րիներ։ Եօթը միայ­­նակ քա­­րերը, մամ­­ռոտ, մա­­շած, մոռ­­ցո­­­ւած, գրա­­ւեցին մեզ։ Խո­­նար­­հե­­­ցանք անոնց առ­­ջեւ, այ­­սօր մտո­­վի, վա­­ղը՝ մարմնա­­պէս… Ձիաւոր­­նե­­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կեն խա­­ղաղ ննջել եօթը թե­­թեւ քա­­րի տակ. «Եւ եօթ ան­­գամ եօթ տա­­րի է ան­­ցել, / եւ եօթ աշ­­խարհ է մա­­շուել աշ­­խարհում, / Եւ եօթ աշ­­խարհ է թե­­ւերը բա­­ցել, Եւ եօթ բա­­նակ է մո­­ռացուել սա­­րում… / Եւ եօթ ձիաւոր ննջում են սա­­րում»։ Սա­­հեանը մե­­զի նաեւ թե­­լադ­­րեց, թէ ի՛նչ ընենք, երբ յա­­ջորդ ան­­գամ այ­­ցե­­­լենք այդ սրբա­­զան վայ­­րը. «Եւ եօթ ան­­գամ եօթ թոռ­­նե­­­րը նրանց / Տա­­րին եօթ ան­­գամ եօթ խա­­րոյկ վա­­ռում, / Տա­­րին եօթ ան­­գամ լա­­լիս են լռին»։ Աղօթք եւ խա­­րոյկ։ Հա­­մաձայն ենք։ Մի գու­­ցէ նաեւ խո­­նար­­հած ծա­­ղիկ­­ներ՝ «եօթ ձիաւո­­րի եօթ մա­­մուռ մա­­շած / Եօթ նո­­ւիրա­­կան գե­­րեզ­­մաննե­­րին»։

Աւար­­տե­­­ցաւ ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը։ Այժմ, կա­­րելի է, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, հան­­գիստ հրա­­ժեշտ տալ հայ­­րե­­­նիքին ու տան գրա­­սեղա­­նի առ­­ջեւ նստած մտո­­վի ճա­­նապար­­հորդել բա­­ռերու աշ­­խարհի մէջ եւ գրի առ­­նել ստու­­գա­­­բանա­­կան ոդի­­սական­­ներ։ Խա­­ղաղ մնա­­ցէք մին­­չեւ յա­­ջորդ պատ­­մութիւ­­նը։

* Այ­­սօր բախ­­տա­­­ւոր օր է։ Խորհրդա­­յին տա­­րինե­­րէ ի վեր առա­­ջին ան­­գամ կա­­տարո­­ւեցաւ Երե­­ւան-Կա­­պան թռիչ­­քը։ Ան ծրագ­­րո­­­ւած է կա­­նոնա­­ւոր ըլ­­լալ։ Այս պատ­­մա­­­կան թռիչ­­քը կա­­տարած օդա­­նաւին անունն է, ար­­ժա­­­նի որո­­շում, Հա­­մօ Սա­հեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ