Խումբ մը Թուրքիոյ քաղաքացիներ միջազգային հասարակութեան ուղղեալ կոչ մը խմբագրած են զօրակցելու համար շրջափակման մէջ մնացած Արցախի 120 հազար հայ բնակչութեան։ Այս կոչը կը հրապարակուի այն օրերուն, երբ Արցախէն կը հասնի 40 ամեայ անձի մը սովամահ ըլլալու մասին լուրեր։
«Պաքուի իշխանութիւնը իր հետ ունենալով Անգարայի զօրակցութիւնը ամիսներէ այս կողմ շրջափակման մէջ կը պահէ Արցախի հայ բնակչութիւնը։ Շրջափակումը հեզհետէ իր հետ կը բերէ նաեւ ցեղասպանութեան հաւանականութիւնը։
Թուրքիոյ Զինեալ ուժերուն մասնակցութեամբ Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ կապը, որ պէտք էր բաց ըլլար մարդկային օժադակութեան եւ հրատապ ծառայութիւններու համար, 12 Դեկտեմբեր 2022-էն այս կողմ շրջափակման մէջ է եւ անանցանելի։ ՄԱԿ, ԵՄ-ի եւ Եւրոխորհրդարանի զանազան կառոյցներ ամիսներէ ի վեր Ատրպէյճանին կոչ կ՚ուղղեն արցախահայութեան դէմ գործադրուած շրջափակման վերջ տալու համար։ Պաքուի իշխանութիւնը այս կոչերը կամ կ՚անտեսէ բարձիթող ընելով, կամ ալ կ՚ուրանան շրջափակումը։ Մինչ բոլորին ծանօթ է թէ ոչ սննդամթերք, ոչ դեղորայք եւ ոչ ալ հիկենիք պարագաներ Արցախ չեն հասնիր եւ մարդիկ ալ չեն կրնար դուրս գալ շրջափակուած տարածքէն։
Հետզհետէ ծանրացող ճգնաժամի դիմաց Պաքուի բռնակալը Իլհամ Ալիեւ կ՚արդարացնէ համաշխարհային հասարակութեան մտահոգութիւնները արցախահայերու դէմ սպառնալով։ Արդարեւ Միջազգային Պատժման Դատարանի նախկին աւագ դատախազ Լուիզ Մորենօ Օքամփօ յօդուած մը հրատարակելով Ալիեւի արցախեան ռազմավարութիւնը ցեղասպանութիւն ըլլալով որակեց։
Մենք՝ ստորագրող Թուրքիոյ քաղաքացիներ մտահոգութեամբ կը տեսնենք, որ միջազգային հասարակութիւնը արժանի զգայնութիւնով չի հետեւիր ներկայ զարգացումներուն։ Ցեղասպանութիւնները կանխելու համար պէտք չէ անոր գործադրութիւնը սպասել եւ ապա միջամտել։ Նման վտանգը կանխելու համար պարտաւոր ենք իսկոյն գործի լծուելու։
Մենք սկսելով ՄԱԿ եւ Միջազգային Կարմիր Խաչի կազմակերպութենէն բոլոր պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ կ՚ուղղենք խնդրին աշխոյժօրէն միջամտելու համար։
Կ՚առաջարկենք 1948-49 տարեթիւերուն Պերլինին շրջափակման դէմ գործադրուած եղանակով, օդային ճամբով չէզոքացնել Արցախի դէմ գործադրուած շրջափակումը եւ վերջ դնել առկայ մարդկային ողբերգութեան»։
Ապտուլլահ Տեմիրպաշ, Ապտուլհաքիմ Տաշ, Ատնան Ճանկիւտեր, Ատնան Չելիք, Ահմետ Այքաչ, Ահմետ Քոնուք, Աքըն Աթաուզ, Աքըն Պիրտալ, Ալեւ Էր, Ալեքս Քէօշքերեան, Ալի Կէօքքայա, Արի Կիւնթեր, Ասլը Էրտողան, Աթիլա Թույկան, Այշէ Հիւր, Այշէ Եըլտըրըմ, Այշեկիւլ Տեւէճիօղլու, Պասքըն Օրան, Պայրամ Քայա, Ճելալ Պաշլանկըչ, Ճենկիզ Աքթար, Ճենգիզ Արըն, Տենիս Տրեյսպուշ, Տողան Էօզկիւտեն, Էմրահ Ճիլասուն, Էրտալ Տողան, Էրտողան Քահյաօղլու, Էրեն Քեսքին, Էրկիւն Պապահան, Էրոլ Էրճան, Էսեր Պուտաք, Էսրա Մունկան, Ֆաթիմէ Աքալըն, Ֆիքրեթ Պաշքայա, Կարօ Գաբրիէլեան, Կենչայ Կիւրսոյ, Կիւնկէօր Շենքալ, Կիւրհան Էրթիւր, Հաճեր Անսալ, Հասան Պուրկուճուօղլու, Հաթիճէ Եըլտըզ, Հըտըր Չելիք, Յովսէփ Հայրենի, Հիւսէյին Հապիպի Թաշքըն, Իպրահիմ Սեւեն, Ինան Կետիկ, Ինճի Թուղսավուլ, Իրա Ցուրու, Քեմալ Պիլկեթ, Քեմալ Հիւր, Քեմալ Եալչըն, Քենան Եէնիճէ, Մահմուտ Քոնուք, Մեհմետ Ալի Պալթա, Նաֆիզ Էօզպեք, Նեճաթի Ապայ, Նետիմ Քիպար, Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ, Նեսրին Նաս, Նէվզաթ Օնարան, Նուրճան Պայսալ, Նուրթեն Քըրմըզըկիւլ, Օքան Քիւչուքէրսան, Օսման Օքքան, Օյա Պայտար, Էօմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլու, Էօմեր Մատրա, Ռաչո Տոնեֆ, Ռակըփ Տուրան, Ռակըփ Զարաքօլու, Ռամազան Կեզկին, Ռեճեփ Մարաշլը, Սաիթ Չեթինօղլու, Սաիթ Օրալ, Սելահատտին Քոչաք, Սելայ Էրթեմ, Սելմա Քոչիվար, Սերտար Քոչմար, Սիպել Եիղղիթթեքին, Շապան Իպա, Շաքիր Պիլկին, Շամիլ Ալթան, Շանար Եուրտաթափան, Շիւքրիյէ Էրճան, Թաներ Աքչամ, Իւլքիւ Չեւիք, Վիքթորիա Չիփրութ, Եալչըն Էրկիւնտողան, Եասեմին Կետիկ, Եաշար Քիւչուքասլան, Եաւուզ Այտըն, Եաւուզ Պայտար, Եդուարդ Տանձիկեան, Եըլտըզ Այտըն, Եուսուֆ Քէօսէ, Զարիֆէ Աթիք, Զիյա Էօզտէր։