Տէրսիմի Հայ Հարթակի մամլոյ յայտարարութիւնը

14Մա­յիսի խորհրդա­րանա­կան եւ 28 Մա­յիսի նա­խագա­հական ընտրու­թիւննե­րէ ետք թափ ստա­ցած է մշա­կոյ­թի եւ արո­ւես­տի նա­խաձեռ­նութիւննե­րու դէմ ար­գելքնե­րու հո­սան­քը։ Այդ ար­գելքնե­րը կը կա­յանան յե­տադի­մական շրջա­նակ­նե­րու սոց­ցանցե­րու մի­ջոցաւ բարձրա­ձայ­նած զրպար­տութիւննե­րու եւ բո­ղոք­նե­րու մի­ջոցաւ։ ՏԵ­ղական իշ­խա­նու­թիւննե­րը այդ պնդումնե­րը նկա­տի առ­նե­լով կա­մայա­կան որո­շու­մով կ՚ար­գի­լեն նա­խաձեռ­նութիւննե­րը կամ բե­մադ­րութիւննե­րը։

Այդ ծի­րէն ներս Թու­նճե­լի քա­ղաքի Անվտան­գութեան ծա­ռայու­թեան որո­շու­մով չե­ղեալ հա­մարո­ւեցաւ Տէր­սի­մի Հա­յոց Հար­թա­կի կազ­մա­կեր­պած հա­մերգն ու բա­նախօ­սու­թիւնը։ Բա­նախօսւթեան հա­մար Տէր­սիմ հրա­ւիրո­ւած էր «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու աշ­խա­տակից Լուսյէն Քո­փար։ Տի­կին Քո­փար պատ­րաստած էր իր զե­կոյ­ցը, ուր նիւթ կ՚ու­նե­նար հայ ժո­ղովուրդի կող­մէ ալ ընդհան­րա­պէս ան­տե­սուած գա­ղու­թի մը յայտնու­թեան դրո­ւագ­նե­րը։ Տե­ղին էր նիւ­թի այս ընտրու­թիւնը, քա­նի որ տի­կին Քո­փար իբ­րեւ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու եր­կա­րամեայ աշ­խա­տակից բազ­մա­թիւ վկա­յու­թիւններ ու­նէր յատ­կա­պէս հա­յերէն էջե­րու նախ­կին աւագ խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեանի տէր­սի­մահա­յերու հետ ու­նե­ցած շփումնե­րէն։ Այդ հան­դի­պումնե­րը յա­ճախ կը կա­յանա­յին «Ակօս»ի խմբագ­րա­տան մէջ եւ բո­լորէն առաջ մենք՝ թեր­թի աշ­խա­տակից­ներս տե­ղեակ կ՚ըլ­լա­յինք հայ ժո­ղովուրդի ան­տե­սուած, ան­գոյ հա­մարուած բե­կոր­նե­րու խնդիր­նե­րուն։

Տէր­սի­մի հա­յերը տա­րինե­րու հո­լովոյ­թով յա­ջողե­ցան հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան սահ­մա­նու­մով իրենց գո­յու­թիւնը պար­տադրել, թէ տեղ­ւոյն ալե­ւի հա­սարա­կու­թեան եւ թէ պոլ­սա­հայու­թեան։

Ար­դա­րեւ Տէր­սի­մի Հայ Հար­թա­կը իր ծրագ­րած մի­ջոցառ­ման ար­գե­լու­մէն ետք մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւնով մը հան­դէս եկաւ Տէր­սի­մի Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թեան մէջ։ Այստեղ ելոյթ ու­նե­ցաւ Տէր­սի­մի Հայ Հար­թա­կի անու­նով Ահ­մետ Ասա­տուր Պալ­քըս։ ան նախ­քան իր յայ­տա­րարու­թիւնը յա­տուկ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց իրենց զօ­րաըցող տե­ղական հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն, լրագ­րող Արիս Նալ­ճըին եւ «Ակօս»ի խմբագ­րութեան, որոնք իրենց հա­ղոր­դումնե­րով ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սանան տէր­սի­մահա­յու­թեան։ Ապա ան ըն­թերցեց հար­թա­կի պաշ­տօ­նական յայ­տա­րարու­թիւնը, որ կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ։

«Մենք՝ հա­յերս, որ­պէս Տէր­սիմի տե­ղացի ժո­ղովուրդ եւ բնիկ ժո­ղովուրդ զուրկ ենք ամե­նափոքր տե­ղաշար­ժի հնա­րաւո­րու­թե­նէն։

Ոչ մի հաս­տա­տու­թիւն չի հա­մար­ձա­կիր մեր կող­քին կանգնե­լու։ Մտա­դիր էինք, մեր ու­ժե­րով ու հնա­րաւո­րու­թիւննե­րով մի­ջոցա­ռումներ կազ­մա­կեր­պել հայ ժո­ղովուրդը հա­մախմբե­լու հա­մար։ Բայց չու­նե­ցանք այդ հնա­րաւո­րու­թիւնը։

Գի­տենք այս տե­սակ վա­խի պատ­ճառնե­րը։ Մեր պարտքն է այդ մա­սին յայտնել հան­րութեան։ Դուն կա­րող ես ըլ­լալ ամէն ինչ, բայց չես կա­րող ըլ­լալ հայ։ Հայ­կա­կան ինքնու­թեան տէր կանգնի­լը, ինքնին քա­ղաքա­կան մօ­տեցում է։

Տէր­սի­մի մէջ հայ­կա­կան ինքնու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ պատ­մութեան հետ առնչո­ւած գի­տակ­ցութիւ­նը ան­բաղձա­լի է։ Տա­րածաշրջա­նի հա­յոց հա­մար դժուար է վե­րադառ­նալ իրենց նախ­նեաց ինքնու­թեան ու հա­ւատ­քին։ Այդ դժո­ւարու­թեան գլխա­ւոր­ն է ար­տա­յայ­տո­ւելու դէմ յա­րու­ցո­ւած ար­գելքնե­րը։

Հե­տեւցնե­լով ներ­կայ իրո­ղու­թե­նէն կա­րելի է ըսել, թէ 2023 թո­ւակա­նին ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կը շա­րու­նա­կուի այս հո­ղերուն վրայ»։

Տէր­սի­մի Հայ Հարթակ


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ