Գիւղագիր Մարկոսեան կը յիշատակուի

Գաւա­ռի գրա­­կանու­­թեան մե­­րօրեայ կա­­րեւոր անուննե­­րէն ար­­ձա­­­կագիր Մկրտիչ Մար­­կո­­­սեան կը յի­­շատա­­կուի Մեծ կղզիի մէջ։ Բա­­ցի իր ծննդա­­վայր Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի վկա­­յու­­թիւննե­­րէն, «Էվ­­րենսել» օրա­­թեր­­թի մէջ գրած յօ­­դուած­­նե­­­րով ալ ըն­­թերցող­­նե­­­րու լայն զան­­գո­­­ւած մը ապա­­հոված Մար­­կո­­­սեան մա­­հացած էր 2 Ապ­­րիլ 2022 թո­­ւակա­­նին։

Իշ­­խա­­­նաց կղզի­­ներու քա­­ղաքա­­պետա­­րանի, Կղզիաց խոր­­հուրդի եւ Կղզիաց թան­­գա­­­րանի աջակ­­ցութեամբ 18 Օգոս­­տոս ուրբաթ երե­­կոյ ժա­­մը 19.30-ին Չե­­լիք Կիւ­­լերսո­­յի անո­­ւան մշա­­կոյ­­թի կեդ­­րո­­­նին մէջ կա­­յանա­­լիք մի­­ջոցառ­­ման ատե­­նախօս­­ներն են «Ակօս»ի հա­­յերէն էջե­­րու խմբա­­գիր Բագ­­րատ Էս­­դուգեան եւ «Կա­­ւուր Մա­­հալ­­լէ­­­սի» անուն վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մի հե­­ղինակ Եու­­սուֆ Պայ­­սիւլեն, իսկ ժո­­ղովա­­վարի պաշ­­տօն կը ստանձնէ հան­­րա­­­ծանօթ լրագ­­րող Օրալ Չա­­լըշլար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ