Սեսիլ Արթուչ
Քանի մը շաբաթ առաջ առիթ ունեցայ Քատըգիւղի մշակութային տան մէջ «Յանկարծ» թատերախումբին «Գանձը» թուային թատրոնին հրապարակային ներկայացման ներկայ գտնուիլ։ «Գանձը» հիմնուած է Զաւէն Պիպեռեանի «Ծովը» գիրքին պատմուածքներէն մէկուն վրայ։ Գատըգիւղ ապրած Պիպեռեան եղած է յօդուածագիր եւ վէպերու ու պատմուածքներու հեղինակ, պայքարած է պետութեան դէմ, բանտարկուած է, գործուն մասնակցութիւն բերած է քաղաքական ոլորտին մէջ եւ թերեւս լաւագոյնս կարողացած է նկարագրել պոլսահայերուն վրայ Նաֆիային (պատահական զօրահաւաքին) եւ հարստութեան հարկին ազդեցութիւնը։ Կը կարծեմ, որ Զաւէն Պիպեռեանին պատմուածքը իր մայրենի լեզուով եւ իր ծննդավայրին մէջ ներկայացումը թատրերգութիւնը կը դնէ այլ մակարդակի մը վրայ։ Կը մաղթեմ, որ «Յանկարծ»-ը շարունակէ իր ներկայացումները Քատըգիւղի մէջ։ Այս յօդուածին մէջ պիտի չխօսիմ ներկայացման ձեւին մասին, որ պատմութեան այլ ծաւալ կու տայ շնորհիւ զանազան գեղարուեստական եւ թուային թեքնիքներու, այլ պիտի հրաւիրեմ ընթերցողը դիտելու թատրոնը, իսկ ես պիտի անդրադառնամ Պիպեռեանին գրութեան։
«Գանձը»-ին մէջ երեք տիպարներ կան. Թորգոմը՝ վերակացուն, Լեւոնը՝ երբեմն Քեսապցի երբեմն ալ հսկիչ կոչուող եւ Ճամմալը՝ Հալէպցին, որ մասնագիտական կոչում մը չունի։ Անոնք կ՚աշխատին Պէյրութի մէկ շինարարական վայրի մը մէջ։ Լեւոնը կ՚իմանայ, որ շինարարական վայրին մէջ գանձ մը կը գտնուի եւ Թորգոմին կը դիմէ, որպէսզի վերջինս իրեն օգնէ փորելով հողը։ Այս երկուքին միանալով Ճամմալ, երեքով կ՚անցնին երեկոները գետինը փորելու եւ գանձը յայտնաբելու գործին։ Թորգոմը խումբին ուղեղն է, Լեւոնին ինչ ըրածը յայտնի չէ, իսկ Ճամմալը խումբին ֆիզիքական աշխատանքները տանողն է։ Ճամմալը կ՚աշխատի առանց կանգնելու կամ խօսելու։ Պիպեռեան կը նկարագրէ Ճամմալին մազերը, մորթը, կռնակը, ուսերը, արմուկը, մկանները, հուժկու թեւերը, կուրծքը, չկոճկուած շապիկը։ Մեզի այնպէս մը կը տպաւորէ, որ կարծես Ճամմալը կեանքին մաս կը կազմէ միայն իր մարմինին շնորհիւ եւ չկայ անոր մտային կարողութիւններուն շուրջ որեւէ հետաքրքութիւն։ Ճամմալը բերանը կը բանայ գրեթէ միայն «Եա ալլահ» հառաչած ատեն, երբ հողը կը փորէ։ Ճամմալը ունի միայն Աստուածը, մէյ մըն ալ բահ ու բրիչը։
Ճամմալ կը փորէ ու կը փորէ։ Երբ անոնք կը նկատեն, թէ մօտեցած են գանձին, Թորգոմ յանկարծ պէտքը կը զգայ Լեւոնին զգուշացնելու, որ Ճամմալին չվնասէ եթէ վերջինս սխալ շարժումի մը դիմէ՝ վախնալով, որ Ճամմալ կրնար կուրնալ փառամոլութեամբ։ Լեւոն յանկարծ կը կատղի գանձէն բաժին չստանալու հաւանականութեան դիմաց՝ ըսելով, որ որեւէ մէկ սխալ շարժում եւ Ճամմալին կը թաղէ գանձին փոխարէն։ Թորգոմ կը սարսափի եւ կը զզուի Լեւոնէն։ Կը համոզէ խումբին, որ աշխատանքը դադրեցնեն եւ յաջորդ երեկոյեան շարունակեն։ Առաւօտուն, երբ շինարարական աշխատանքը կը սկսի, Թորգոմ ցեմենթ կը լեցնէ փոսին վրայ։ Մտածելով կա՛մ գանձը կամ Ճամմալը, կ՚ընտրէ Ճամմալը։
Պատմուածքը կարդացած ժամանակս ես ալ լարուած էի Ճամմալին նման, սակայն մինչ ան գանձ կը փնտռէր, ես՝ գերեզմանատուն։ Ի դէպ, պեղումներու ընթացքին պահ մը երեքը կը հասնին գերեզմանաքարի մը, ու կը հասկնանք որ ճիշտ այդտեղ գերեզման մը կը գտնուի: Ասոր հետեւանքով կը սկսին վիճաբանիլ: Ճամմալը, Լեւոնին առաջնորդութեամբ, հազիւ թէ ջարդ ու փշուր պիտի ընէր գերեզմանաքարը, Թորգոմ կը միջամտէ եւ արգելք կը հանդիսանայ քանդումին։
Եթէ գերեզմանատունը նշուած չըլլար, կը կարծեմ, որ այս պատմուածքը բարոյագիտական դիտանկիւնէն կարդացած կ՚ըլլայի, ինչպէս՝ դրամասիրութիւն, կեանքի արժէք, բանուորներու զօրակցութիւն եւ այլն։ Այնուամենայնիւ, համոզուած չեմ, որ Պիպեռեան միայն ասոնցմով պիտի բաւարարուէր։ Այսօր, բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, թէ ինչպէս հայկական տուները, վարժարանները, եկեղեցիները եւ գերեզմանատուները կործանուած են գանձ մը գտնելու սիրոյն։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ 1950-ականներու Պէյրութ ապրած Թորգոմը չէր գիտեր այս տեղեկութիւնը։
Լեւոնին անբարոյականութեան, անարգանքին եւ դրամասիրութեան դէմ կեցող Թորգոմը, գանձի որոնումը աւարտելով, թերեւս կը փորձէ մեռելներուն անդորրը խանգարելը արգիլել եւ չկրկնել հայերու մեռելոցներու սրբապղծութիւնը, այսինքն՝ չնմանիլ ոճրագործին։ Բայց ան ո՛չ կը փորձէ Լեւոնին դիմադրել, ոչ ալ՝ գերեզմանոցը դուրս հանել։ Միայն կը յաջողի, ցեմենթ թափելով գանձին վրայ, ծածկել գերեզմանը: Ի վերջոյ ի՞նչ կը մնայ։ Երեք կեանք՝ շինարարութեամբ աշխատելով եւ ապրուստ վաստակելով։
Պիպեռեան իր ամբողջ կեանքը, աչքի առնելով բոլոր վտանգի հաւանականութիւնները, անցուցած էր պայքարելով։ Աւելին, կարողացած էր գործել համաշխարհային հարթակի մը վրայ այնքանով, որ բաւարարուած չէր միայն մեր գերեզմաննոցներուն շուրջ թափառելով, այլ նաեւ այլոց գերեցմաննոցները այցելելով։ Կը մաղթեմ, որ Պիպեռեանի գործերը Թորգոմի նման բարի մարդոց ձեռքերը անցնին. մարդիկ, որոնք կը փորձեն առանց փոթորիկներու կեանք մը ապրիլ։
Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան