Շատ կարճ ճամբայ. դռնէ դուռ

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Տար­բեր բա­­ռեր կան, զորս կա­­րելի է օգ­­տա­­­գոր­­ծել ճամ­­բա­­­ները նկա­­րագ­­րե­­­լու հա­­մար. կարճ ճամ­­բայ, եր­­կար ճամ­­բայ, ծու­­ռումուռ, հեշտ, դժո­­ւար, յի­­շատակ­­նե­­­րով խիտ, հո­­տերով հա­­րուստ ճամ­­բայ...։

Բո­­լոր այս ճամ­­բա­­­ներէն կեան­­քիս մէջ ու­­նե­­­ցած եմ։ Բայց այ­­սօր ձե­­զի հետ կը քա­­լեմ շատ-շատ կարճ ճամ­­բայ մը՝ դռնէ դուռ։ Ճիշդ հի­­մա «Արամ Մա­­նու­­կեան» ժո­­ղովրդա­­յին տան շէն­­քի «Րիայէդ շա­­պապի» կող­­մէն դռան առ­­ջեւն եմ. 3 աս­­տի­­­ճան դէ­­պի վեր, ձախ կող­­մը Ապու Եու­­սէ­­­ֆը կե­­ցեր է, հե­­տաքրքրո­­ւած կը քննէ կոր՝ ծա­­նօ՞թ է, թէ՞ ան­­ծա­­­նօթ։ Մի քա­­նի քայլ առ­­ջեւ, աջ կողմս ար­­դէն Արամ Մա­­նու­­կեանի կի­­սանդրին է, իր մեծ պե­­խերով, ետե­­ւը պա­­տին՝ տար­­բեր-տար­­բեր ձեռ­­նարկնե­­րու յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ, ձախ կող­­մը՝ պա­­հես­­տա­­­մաս, որ քա­­նի մը տա­­րի յե­­տոյ պի­­տի ըլ­­լար «Մեղ­­րի» անու­­շա­­­վաճա­­ռը իր հա­­մով կա­­թոնե­­րով։ Իսկ աջ կող­­մը՝ «Դո­­ւին» ծաղ­­կա­­­վաճա­­ռի խա­­նութն է. այնտեղ է Հու­­րին, որ իր գե­­ղեցիկ ժպի­­տով ու թաշ­­խա­­­լայով փունջ մը ծա­­ղիկ կը պատ­­րաստէ կոր։ Դի­­մացս, ապա­­կիէ դրան վրայ, դէ­­պի ձախ, որ­­պէս պաշտպա­­նու­­թեան առա­­ջին գիծ օտար­­նե­­­րու մուտքը ար­­գի­­­լելու հա­­մար արա­­բերե­­նով պաս­­տառ մը կա­­խուած է ու վրան գրո­­ւած ”للأعضاء فقط” – «Մուտքը միայն ան­­դամնե­­րուն»։

Դու­­ռը բա­­ցի, մտայ։ Ձախ կողմս մէկ հա­­տիկ «որբ» սառ­­նա­­­րան, եր­­կա­­­րաւուն, թա­­փան­­ցիկ ապա­­կիէ դու­­ռով, մէ­­ջը տե­­ղաւո­­րուած են կար­­միր ժե­­լոյի բա­­ժակ­­ներ, քաստր եւ փու­­տինկ (այս մէ­­կը նո­­րություն էր այդ ժա­­մանակ)։ Սառ­­նա­­­րանին քով՝ եւս դուռ մը, որ կը հասցնէր «Թրքա­­կան դես­­պա­­­նատուն» (այդ ժա­­մանակ այսպէս կ’ըսէի զու­­գա­­­րան­­նե­­­րուն)։ Աջ կող­­մը՝ կլոր-կլոր մեծ սե­­ղան­­ներ, որոնք ընդհան­­րա­­­պէս ազատ չէին մնար։ Հի­­մա բայց պի­­տի են­­թադրեմ, որ ազատ է եւ միայն Ամմo Պետ­­րո­­­սը ին­­քը նստած է։ Այս հրա­­շալի ծե­­րուկ մար­­դը շատ կը չար­­չա­­­րուէր մեր ձեռ­­քէն։ Մար­­դը փրո­­ֆեսիոնալ կար­­սոն էր, «Պա­­րոն» պան­­դո­­­կը կ’աշ­­խա­­­տէր, քա­­նի մը լե­­զու գի­­տէր, միշտ ժպտուն, ճեր­­մակ քոս­­տիւմը միշտ մա­­քուր, ին­­կած էր մե­­զի պէս «սէր­­սէ­­­րի» ջա­­հել­­նե­­­րու ձեռ­­քը, որոնք կ’ու­­զէին ժա­­մերով սե­­ղանի վրա նստիլ առանց ինչ-որ բան ապսպրե­­լու. «Ամմo Պետ­­րոս, ժո­­ղով ու­­նինք, հի­­մա կ’ել­­լենք»...

Շա­­րու­­նա­­­կեմ... ձախ կող­­մի թո­­ւալէ­­թի դու­­ռէն վերջ, փայ­­տէ պզտիկ ամ­­պիոն մը. Սո­­նան հոն նստած է, կող­­քը եր­­կու հատ հին հե­­ռախoս ու դի­­մացը` ֆագ­­դուրներ։ Սո­­նային ճիշտ կող­­քը պարն է՝ գու­­նա­­­ւոր, տա­­րօրի­­նակ, ան­­հասկնա­­լի շի­­շեր, գո­­նէ այդ տա­­րիքիս հա­­մար, էսպրես­­սո­­­յի գոր­­ծիք, սուրճի գա­­ւաթ­­նե­­­րը վրան թարս շա­­րուած. Ամ­­մօ Մար­­տոն այնտեղ կե­­ցած։ Պա­­րին ճիշդ կող­­քէն մին­­չեւ յա­­ջորդ դու­­ռը շատ դան­­դաղ կը քա­­լէի, կը փոր­­ձէի նա­­յիլ դէ­­պի աջ կող­­մը սրա­­հին սե­­ղան­­նե­­­րուն շուրջ ո՞վ կայ... ո՞վ չկայ։ Հա, յի­­շեցի, պա­­րին ճիշդ քո­­վը տուփ մը կար, որուն մէկ մա­­սին վրայ ամ­­րա­­­ցուած էր հին հե­­ռախօս մը, իսկ տա­­կը՝ գան­­ձա­­­նակի պէս բան մը։ Սու­­րիական նի­­քէլ կը դնէինք, կար­­ծեմ մէկ «թուղթ» կամ եր­­կու «թուղթ», որ­­պէսզի թե­­լէֆոն խօ­­սինք։ Ինչքան քոյ­­րեր, ըն­­կե­­­րու­­հի­­­ներ այնտեղ տե­­սած եմ՝ խեղ­­ճուկ դէմ­­քով կը փոր­­ձէին մա­­մային բա­­ցատ­­րել, որ «ժո­­ղովը ուշ տե­­ւեց ու հի­­մա եղ­­բայր այսին­­չը կամ ըն­­կեր այ­­դինչը («գի­­տես դուն իրենց, մա­­մա,...») «ին­­ծի պի­­տի հասցնեն»։

Պա­­տին վրա նկար մը կար, բայց չեմ յի­­շեր կոր ինչ էր։ Կա­­մաց-կա­­մաց հա­­սայ միւս ապա­­կիէ մեծ դրան։ Աս դու­­ռին հե­­տաքրքրու­­թիւնը այն էր, որ առ­­ջեւ-ետեւ կը բա­­ցուէր։ Նախ­­քան բա­­նալը ձե­­զի ըսեմ, որ ճիշդ դի­­մացս կայ քաու­­պո­­­յական պա­­րի դրան նման դուռ մը։ Ետե­­ւը հի­­մակ ու հի­­մա պա­­րապ է. այնտեղ ատեն ատեն խրախ­­ճանք կ’ըլ­­լար, քա­­նի մը տա­­րի յե­­տոյ պի­­տի ըլ­­լար պի­­լիարի սրահ, իսկ յե­­տոյ դառ­­նար նոր «Սպի­­տակ» ճա­­շարան։

Ապա­­կիէ դու­­ռը ան­­ցայ, մէկ աս­­տի­­­ճան դէ­­պի վեր, ձախ կողմս պա­­տին վրայ դար­­ձեալ յայ­­տա­­­րարու­­թիւններ, դի­­մացս՝ աս­­տի­­­ճան­­ներ՝ մէկ մա­­սը կը տա­­նի դէ­­պի դուրս, իսկ միւս մա­­սը՝ դէ­­պի վե­­րի սրահ­­նե­­­րը։ Աջ կողմս է վե­­րելա­­կը. երբ որ մտնէի հոն, միշտ թիւ 3 կո­­ճակը կը սեղ­­մէի։ Եկէք հի­­մա չսեղ­­մեմ, որով­­հե­­­տեւ այդ եր­­րորդ յար­­կը լրիւ ու­­րիշ աշ­­խարհ է։ Այս կարճ, դռնէ դուռ ճա­­նապար­­հը կեան­­քիս մէջ շատ մեծ դեր խաղ­­ցաւ։ Հա­­լէպի բո­­լոր ճա­­նապարհնե­­րը վե­­րը նշուած յատ­­կա­­­նիշ­­նե­­­րով մեծ դեր խաղ­­ցեր են հա­­լէպ­­ցի­­­ներու կեան­­քի մէջ։

(Շա­­րունակելի)


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ