Քաղաքներու կախարդանքը

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Եռագ­րութեան այս եր­րորդ եւ վեր­ջին հա­տորը իր որա­կով կը յի­շեց­նէ Կա­նայի հար­սա­նիքի գի­նին. այստեղ հե­ղինա­կը յու­զող բազ­մա­թիւ հար­ցեր կար­ծես կը յան­գին իրենց աւար­տին՝ իւ­րա­քան­չիւրը ստա­նալով իր լու­ծումը։ Դրո­ւած հար­ցե­րուն լու­ծում առա­ջար­կե­լու գե­ղեցիկ սո­վորու­թիւնը ար­գա­սիքն է Մարզպետ Մար­կո­սեանի պայ­ծառ ու որո­նող մտքին, որ յա­տուկ էր իրեն վաղ երի­տատ­սարդու­թեան օրե­րէն, իսկ ժա­մանա­կը աւե­լի սրած ու ազ­նո­ւացու­ցած է զայն։

Իսկ այդ հար­ցե­րը...

Անոնք կ’ընդգրկեն ինչպէս մաս­նա­ւորա­բար սփիւռքի, այնպէս ալ Հա­յաս­տա­նի լի­նելու­թեան սպառ­նա­ցող բո­լոր տագ­նապնե­րը՝ իրենց ամե­նանուրբ ծալ­քե­րուն մէջ, որ ան կը յա­ջողի ձեռնհա­սօրէն լու­սարձա­կի տակ առ­նել ու ան­ցը­նել զա­նոնք իր մտքի լու­սաւոր պրիս­մա­կէն։

Ըն­թերցո­ղը չզրկե­լու հա­մար զա­նոնք անձնա­պէս պե­ղելու ու անոնց ծա­նօթա­նալու ար­դար իրա­ւունքէն ու վա­յել­քէն՝ կ’անդրա­դառ­նանք մէկ քա­նիին միայն՝ նա­խաճա­շակ մը տա­լու հա­մար։

* * *

Անոր մե­ծագոյն տագ­նապնե­րէն մէ­կը յա­մեցող սփիւռքն է, որ հայ­րե­նի ժո­ղովուրդին հետ մէկ ամ­բողջու­թիւն կազ­մե­լու հե­ռան­կա­րը չու­նի, քա­նի «հոս (իմա՝ Լոս Ան­ճե­լըս—ԱԵ) տիեզե­րական մարդն է, որ կը կո­փուի, կը դարբնո­ւի՝ մէ­կդի թո­ղած ազ­գա­յին կամ ցե­ղային ամէն պատ­կա­նելիու­թիւն... եւ մեր ինքնու­թիւնը մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ մեզ­մէ կը հե­ռանայ, եւ ամէն օր քիչ մը, քիչ մը ամէն րո­պէ կը հե­ռանանք ու կը փոր­ձենք մոռ­նալ այդ հե­ռացու­մը»։ Այդ տիեզե­րական մար­դը, այս պա­րագա­յին՝ հա­յը, ամէն տեղ իր դի­մագի­ծը կորսնցնո­ղի դիր­քին մէջ է, յատ­կա­պէս սկսած այն օրէն, ուր տես­նո­ւեցաւ, որ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խացու­մը չյա­ռաջա­ցուց ակնկա­լուած բա­րեշրջու­մը, լու­ծում չբե­րաւ սփիւռքի ճնշող իրո­ղու­թեան. «Ատե­նին Հա­յաս­տանն էր սփիւռքի հիւ­սի­սաստղը, որուն կը ձգտէինք հաս­նիլ բո­լորս... Հա­յաս­տա­նը ան­կախ է այ­լեւս, բայց ահ­ռե­լիօրէն անակնկալ կա­ցու­թեան մը մէջ յայտնո­ւած»։

Այդ «ահ­ռե­լի անակնկա­լը» ոչ միայն օրին երա­զուած զան­գո­ւածա­յին, թէ­կուզ մաս­նա­կի, հայ­րե­նադար­ձութեան չկա­յացումն է, այլ ճիշդ հա­կառա­կը՝ հայ­րե­նի ժո­ղովուրդի գրե­թէ զան­գո­ւածա­յին սփիւռքա­ցու­մը, որուն զար­մա­նալի զու­գա­դիպու­թեամբ մը կու գայ աւել­նա­լու մի­ջինա­րեւե­լեան գա­ղութնե­րու հա­յու­թեան գաղ­թը, եր­կու պա­րագա­ներուն ալ մաս­նա­ւորա­բար դէ­պի Միացեալ Նա­հանգներ, ուր «կը դարբնո­ւի տիեզե­րական մար­դը՝ մէ­կըդի թո­ղած ազ­գա­յին ու ցե­ղային ամէն պատ­կա­նելիու­թիւն»։

Լու­ծումը՞՞՞... ան­յե­տաձ­գե­լի, ան­մի­ջական, թէ­կուզ ժա­մանա­կաւոր՝ հան­դարտօ­րէն կեր­տե­լու մէկ հայ­րե­նիքի, մէկ ժո­ղովուրդի ու մէկ եկե­ղեցիի տես­լա­կանը, սկսե­լով՝ --Առաջ­նա­հեր­թը մես­րո­պեան ուղղագ­րութեան հաս­տա­տումն է. « Հիմ­նա­կան թե­րացում մը պի­տի ըլ­լայ, եթէ այդ էական սրբագ­րութիւ­նը տե­ղի չու­նե­նայ»։

Ան շատ մեծ կա­րեւո­րու­թիւն կու տայ ուղղագ­րութեան հար­ցին, քա­նի արե­ւելա­հայ գաղ­թա­կան­նե­րը կը մեր­ժեն իրենց զա­ւակ­նե­րը յանձնել արեւմտա­հայ դպրոց­նե­րու, ուր «սխալ ուղղագ­րութիւն» կը սո­րուեց­նեն, եւ այս՝ նա­խընտրե­լով օտար, իմա՝ ամե­րիկեան պե­տական դպրոց դնել իրենց զա­ւակ­նե­րը, այլ խօս­քով՝ բո­լորո­վին զրկել զա­նոնք հա­յերէն սո­րուե­լէ, մինչդեռ «հա­յերէն լե­զուն պէտք է հա­մապար­փակ ու­սուցո­ւի ի հե­ճուկս գան­գատնե­րուն, որով­հե­տեւ առանց հա­յերէն լե­զուի՝ ո՚չ հայ ժո­ղովուրդ եւ ո՚չ ալ հայ դպրոց կ’ու­նե­նանք»։

-Իսկ յա­ջոր­դը՝ «Ժա­մանակն է մտա­ծելու նաեւ լե­զուա­կան միու­թեան մա­սին»,− որով­հե­տեւ նոյն արե­ւելա­հայը կը մեր­ժէ նաեւ... արեւմտա­հայե­րէնը։

-Եւ վեր­ջա­պէս՝ «Յի­շուած զոյգ կէ­տերէն կը հե­տեւի նաեւ միաձոյլ կրթա­կան ծրագ­րի մը կա­րեւո­րու­թիւնը... Հայ աշա­կեր­տը ուր ալ գտնո­ւի, պի­տի սոր­վի նոյն լե­զուն, նոյն պատ­մութիւ­նը եւ նոյն գրա­կանու­թիւնը»։

Այս ծան­րակշիռ, կուռ, այ­լեւ յա­ւակ­նոտ առա­ջար­կը,− որ ոչ ոք հա­մար­ձա­կած է բե­րել մին­չեւ այդ,− կը մի­տի ոչ այնքան լու­ծե­լու Ամե­րիկա ու արեւմտեան եր­կիրներ հաս­տա­տուած ու հետզհե­տէ աւե­լի աճող արե­ւելա­հայ գա­ղութնե­րու հար­ցե­րը, որ­քան... արեւմտա­հայու­թեան եւ արեւմտհա­յերէ­նի, «որով­հե­տեւ հա­սած ենք ժա­մանա­կի մը, ուր արեւմտա­հայե­րէնը պի­տի չկա­րենայ տո­կալ, որով­հե­տեւ զայն գոր­ծա­ծող­նե­րուն թի­ւը զգա­լիօրէն կը նո­ւազի օրէ-օր, եւ մեր վար­ժա­րան­նե­րէն ելած սե­րու­նեդնե­րը ի վի­ճակի չեն եղած զայն անա­ղարտ պա­հելու, առա­ւել եւս պե­տական լե­զուն արե­ւելա­հայե­րէնն է»։ Բա­ցայայտ է Մարզպե­տի թե­քու­մը՝ ի նպաստ միաս­նա­կան արե­ւելա­հայե­րէնի մը, մա­նաւանդ որ սփիւռքի մէջ հետզհե­տէ պի­տի ան­հե­տանան արեւ­տա­հայե­րէն գիտ­ցող ու­սուցիչ­ներ, «մինչդեռ արե­ւելա­հայ ու­սուցիչ­ներ միշտ ալ կա­րելի է ստա­նալ Հա­յաս­տա­նէն»։

Աւե­լի ան­դին, վե­րադառ­նա­լով նոյն հար­ցին, ան նկա­տել կու տայ, որ կա­րելի չէ ակնկա­լել, որ հայ­րե­նի պե­տու­թիւնը ի՚նք պահ­պա­նէ արեւմտա­հայե­րէնը, եւ դա՛րձեալ առաջ քշե­լով արե­ւելա­հայե­րէնի միաս­նա­կան լե­զուի կո­չու­մը, կ’եզ­րա­կաց­նէ. «Կը մնայ մաղ­թել, որ նոյն այդ զան­գո­ւածը, եթէ պի­տի պա­հէ հա­յերէ­նը, ապա դա­րաւոր մշա­կոյ­թին ու ինքնու­թեան հետ արե­ւելա­հայե­րէնով պա­հէ իր կա­պերը, վեր­ջին հա­շուով...Քամ­չաթքա­յէն չի գար այդ լե­զուն եւ առ­հա­ւական այն խռով­քը, որ կ’առ­նենք արե­ւելա­հայ լե­զուով՝ նոյնն է ինչ որ արեւմտա­հայե­րէնը կու տայ մե­զի... Մեծ եղեռ­նի վեր­ջին զո­հը, ու­զենք կամ չու­զենք, պի­տի ըլ­լայ մեր ժո­ղովուրդի գե­րազան­ցօ­րէն փա­ռահեղ հրաշ­քը եւ իր ստեղ­ծա­գործ հան­ճա­րին անի­մանա­լիօրէն լու­սացնցուղ հրայրքը, որ կը կո­չուի արեւմտա­հայե­րէն լե­զու»։

Որ­քան ես գի­տեմ, ապա ոչ ոք սփիւռքի մէջ եր­բե­ւիցէ հա­մար­ձա­կած է այսքան պայ­ծա­ռատե­սու­թեամբ նման տե­սակէտ յայտնել՝ այս յստա­կու­թեամբ ու քա­ջու­թեամբ եւ առանց ծամծմե­լու բա­ռերը։

* * *

Հայ-թուրք, ընդհուպ հայ-թուրք-ազե­րի հաշ­տութիւ­նը կը կազ­մէ հե­ղինա­կին նա­խասի­րած մէկ շատ հե­տաքրքրա­կան բնա­բանը։

Առ այս՝ պատ­մա­կան յե­տադարձ ակ­նարկէ մը ետք ան կ’ու­րո­ւագ­ծէ նման հե­ռան­կա­րի մը տա­րեր­քը, որոնք կը հիմ­նո­ւին նա­խապայ­մաննե­րու վրայ. «Երբ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչու­մը տե­ղի կ’ու­նե­նայ ար­դար հա­տու­ցումով, ո՛չ մէկ դժուարու­թիւն կ’ու­նե­նանք վե­րահաս­տա­տելու այն բա­րեկա­մու­թիւնն ու դրաց­նութիւ­նը, որոնք գո­յու­թիւն ու­նէին նախ­քան Իթ­թի­հատական­նե­րը եւ Սուլթան Հա­միտը»։

Ըստ այսմ՝ պատ­մա­կան սրբագ­րութիւ­նը պէտք է սկսի ին­քը՝ թուրք պե­տու­թիւնը. «Եթէ Քե­մալ 85 տա­րի առաջ “զո­հեց” Ատրպէյ­ճա­նը1, ժա­մանակն է, որ թուրք պե­տու­թիւնը... սրբագ­րէ սխա­լը եւ վար­ձա­հատոյց ըլ­լայ՝ վե­րադարձնե­լով Կար­սի ու Ար­տա­հանի նա­հանգնե­րը իրենց իրա­ւատի­րոջ՝ Հա­յաս­տա­նին, եւ Հա­յաս­տա­նը իր կար­գին կը փո­խադար­ձէ վե­հանձնու­թիւնը... Ատրպէյ­ճա­նին կը տրո­ւի տա­րան­ցիկ ճամ­բայ Հա­յաս­տա­նէն դէ­պի Թուրքիա2, բայց նախ­քան այդ ար­տօ­նու­թիւնը՝ թուրք պե­տու­թիւնը պէտք է Հա­յաս­տա­նին շնոր­հէ տա­րան­ցումի ազատ ու­ղի Գիւմրիէն դէ­պի Տրա­պիզոն եւ Կար­սէն դէ­պի Ատա­նայ, 5-10 քի­լոմեթր լայ­նութեամբ եւ Հա­յաս­տա­նի գե­րիշ­խա­նու­թեան ներ­քեւ եւ այդ զոյգ քա­ղաք­նե­րու նա­ւահան­գիստնե­րուն մէջ Հա­յաս­տա­նի գե­րիշ­խա­նու­թեան տակ դրո­ւած ազատ շու­կա­յի քա­րափ­ներ»։

«Այս է,− կ’եզ­րա­կաց­նէ իր պայ­մաննե­րը,− լա­ւագոյն ձե­ւը ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ հա­տուցման, որ­մէ ետք որե­ւէ հարց գո­յու­թիւն չ’ու­նե­նար Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ սահ­մաննե­րը բա­նալու»։

Կը խու­սա­փիմ աւե­լի առաջ եր­թա­լէ, որ­պէսզի ըն­թերցո­ղը ի՚նք պե­ղէ մնա­ցեալ­նե­րը եւ ամ­բողջա­կան ըլ­լայ անոր վա­յել­քը։

* * *

Այս հա­տորը կը սկսէր հե­ղինա­կին առա­ջին տպա­ւորու­թեամբ, որ ան կը կրէր Քա­լիֆոր­նիա հաս­նե­լու վա­ղոր­դայնին. «Հոս տիեզե­րական մա՚րդն է, որ կը կո­փուի, կը դարբնո­ւի՝ մէ­կըդի թո­ղած ազ­գա­յին կամ ցե­ղային ամէն պատ­կա­նելիու­թիւն»։

Բայց ահա ժա­մանա­կը ցոյց կու տայ, որ միշտ բա­ցառու­թիւններ պի­տի ըլ­լան, եւ ինք այս վեր­ջիննե­րէն է. այս կը հաս­տա­տեն հա­մեստ ծննդա­վայ­րին անջնջե­լի կա­րօտը սնու­ցող հա­զարու­մէկ պա­տառիկ­նե­րը, որոնք միշտ ներ­կայ են ու այնքան խոր քնա­րակա­նու­թեամբ կը թա­կեն անոր հո­գիին դռնե­րը եւ ապա կը յանձնո­ւին թուղթին, իսկ առա­ջին հեր­թին՝ ան­մի­ջական շրջա­պատը լեց­նող դէմ­քե­րը.

«Մեր թա­ղին3 տա­րած­քը մեծ չէր. անոր կեանք տո­ւող թա­ղեցի­ներուն՝ բո­լորն ալ Եղեռ­նէն վե­րապ­րած, սրտե­րուն ըն­դարձա­կու­թեան չէր հաս­ներ. անոնք՝ թա­ղեցի­ները, Դա­գէս էմ­մին, Թո­րոս էնիշ­տէն, Խնկան էմ­մին, Գէորգ էմ­մին, Աբէլ աղան, Սար­գիս աղան ու տղան՝ Մկրտի­չը, Պե­պեք­ճին, պրն Սար­գի­սը, պրն Երո­ւան­դը եւ Հայ­րա­պետն ու այդ բո­լորին հսկող ու անհրա­ժեշ­տութեան պա­րագա­յին հաս­նող պրն Սա­հակը4...»։

Իսկ քայլ մը ան­դին՝

«Թա­ղին հա­րաւա­յին սահ­մա­նը նարնջե­նիներն էին, իսկ հիւ­սիս-արե­ւելեան կող­մէն՝ Լա­փաշ­նե­րու թա­ղը։ Անոր կող­քին բան­ջա­րեղէն­նե­րու դաշ­տը, մաս­նա­ւորա­բար ու մա­նաւանդ այն հա­տուա­ծը, ուր կը հա­սուննա­յին ելակ­նե­րը՝ տա­րածե­լով իրենց շա­ման­դա­ղուող բոյ­րը հա­մեստ պար­տէզնե­րէն մին­չեւ մեր թա­ղը, դաշ­տը վե­րածե­լով պտուղնե­րու... վա­ւերա­կան երան­գապնա­կի»։

Բայց կայ աւե­լի փոր­ձա­նաւո­րը՝ տան բո­լորո­վին կից.

«Մեր տան ճիշդ քո­վը տի­կին Շեյ­խա­յի տունն էր ու պար­տէ­զը։ Մտքիս մէջ մին­չեւ հի­մա կը յա­մենան պար­տէ­զին ման­տա­րինի ծա­ռերը։ Ձմռան՝ նո­յեմ­բեր, դեկ­տեմբե­րին հա­սուն պտուղնե­րուն վրայ անձրե­ւի կայ­լակնե­րը շռայլ պսպսղումնե­րով կը խայ­տա­յին եւ արե­ւուն ճա­ռագայթնե­րը կը տար­բա­ղադ­րէին անձրե­ւի կա­թիլ­նե­րը ան­հա­մար պրիս­մակնե­րու վե­րածուած։ Որ­քա՜ն պի­տի ու­զէինք համ­տե­սել այդ պտուղնե­րը, որ­պէսզի մեր աչ­քե­րուն տե­սածը մեր մա­նու­կի քիմ­քե­րը հաս­տա­տէին։ Բայց ափ­սոս, պար­տէ­զը պաշտպա­նող փշա­թելե­րը կը սան­ձէին մեր ախոր­ժակնե­րը, իսկ մեր ծնող­նե­րը խստիւ պա­տուի­րեր էին՝ “չըլ­լայ քի լսենք”»։

Բայց նաեւ ու մա­նաւանդ շա­րական­նե­րը մօ­տակայ եկե­ղեցիին, ուր ինք մա­նուկ հա­սակէն սկսած կը ծա­ռայէր իբ­րեւ դպիր.

«Այդ եր­գե­րը Ծննդեան գի­շեր­նե­րու “Խոր­հուրդ մեծ”-ն էր ու Զատ­կո­ւան գի­շեր­նե­րու “Քրիս­տոս յա­րեաւ”-ը։ Գի­տէի այդ եր­գե­րը, մենք եւս այդ պա­հերուն կ’եր­գէինք տու­նէ-տուն՝ քա­նի մը գա­թայ կամ քա­նի մը դա­հեկան ստա­նալու հա­մար. եւ մէկ-եր­կու ժամ ետք կազմ ու պատ­րաստ, առա­ւօտ կա­նուխ, երբ ժա­մը կը մօ­տենար չոր­սին, կ’աճա­պարէինք դէ­պի սուրբ Աս­տուածա­ծաին եկե­ղեցին՝ տօ­նական օրե­րու առա­ւօտեան ժա­մեր­գութիւ­նը սկսե­լուե.

Լոյս, արա­րիչ լու­սոյ, առա­ջին լոյս,

Ծա­գեա՚ ի հո­գիս մեր զլոյս քո իմա­նալի...

Ու դեռ ասոնց հետ ու ասոնց չափ ալ... «Դը­լէ եաման»-նն ու «Որսկան աղ­բեր»-ը...

Կա­րելի է միայն զար­մա­նալ, թէ այս բո­լորին մտա­պատ­կե­րը ինչպէ՞ս կրցած է այնքան վառ, կեն­դա­նի ու անա­ղարտ կրել այսքան տա­րի՝ կեն­սա­բանա­կան գի­տու­թիւննե­րու եւ բջի­ջային կեն­սա­բանու­թեան տար­րա­լու­ծա­րան­նե­րուն մէջ եւ Քա­լիֆոր­նիայի այ­լա­սերիչ քա­ռու­ղի­ներուն վրայ։

* * *

Վեր­ջին, բայց ոչ-նսե­մագոյ­նը այս գրքին ու անոր հե­ղինա­կին ար­ժա­նիք­նե­րէն։

Այն մի­ջավայ­րին մէջ, ուր հա­սակ առաւ Մարզպետ,− ու տո­ղերս գրո­ղը,− չէին պակ­սեր հա­յախօս ըն­տա­նիք­նե­րը, սա­կայն այն հա­յերէնն ու հա­յեցի մթնո­լոր­տը, որ կը տի­րէր Մար­կո­սեան­նե­րու տան մէջ, ու­նէր ու­րիշ որակ ու տա­րողու­թիւն. Մարզպետ այդ որակն ու տա­րողու­թիւնը իւ­րա­ցու­ցած ալ բաժ­նո­ւեցաւ բո­լորէս եւ վաղ երի­տասար­դա­կան տա­րինե­րուն մէկ­նե­ցաւ Միացեալ Նա­հանգներ՝ աշ­խարհի ամե­նայա­ռաջա­դէմ ոս­տա­նին մէջ աւե­լի տի­րելու խոր­հուրդնե­րուն այն գի­տու­թեան, որ մագ­նի­սի մը պէս կը քա­շէր զինք, ու յա­ջողե­ցաւ այնտեղ ան­յա­գուրդ ըմ­պել անոր յոր­դա­ռատ դաշ­խուրա­նէն։ Իր յա­ճախա­կի այ­ցե­լու­թիւննե­րը՝ ծննդա­վայ­րը, հա­րազատ­նե­րուն եւ բա­րեկամ­նե­րուն, դիւ­րաւ նկա­տելի կը դարձնէին այն շեշ­տո­ւած հա­յեցիու­թիւնն ու լե­զուա­կան գե­րակա­յու­թիւնը, որ ան կը վա­յելէր յա­րաբե­րաբար շրջա­պատին ։ Ու չէինք զար­մա­նար. ան միշտ փայ­լած էր իր գե­րակա­յու­թեամբ։ Ինչ որ սա­կայն ապ­շե­ցու­ցիչ էր՝ հա­յերէ­նի իմա­ցու­թեան այն յա­ւելեալ որակն էր, որ ձեռք բե­րած էր բա­ցակա­յու­թեան տա­րինե­րուն՝ առինքնող որա­կը բա­ռերուն,

շա­րադ­րութեան ու ոճին։ Գո­հանանք քա­նի մը նմու­շով. ըն­թերցո­ղը ամէն քայ­լին պի­տի վա­յելէ զա­նոնք։

Այստեղ ու­շադրու­թիւնդ կը գրա­ւեն՝

-Առա­ջին նո­ւագ այն բա­ռերը, որոնց... առա­ջին ան­գամն է կը հան­դի­պիս կեան­քիդ մէջ, ինչպէս՝ ան­հերձե­լի, երկպա­րու­րա­յին, կո­ղահերձ, հաս­տա­տուններ (constants), հա­ւատա­ւոր թե­րափ, հո­գեյա­տակ, հրա­զինել, մոյնք, շաք­լել (droning), ոչնչա­տեսիլ, սա­ղապա­միտ, ստե­րիւր-անստե­րիւր, վրնջա­կան, փա­ղաղո­ւած, փե­րեւե­տել...

-Ապա այնպի­սինե­րը, որ տար­տա­մօրէն կը ճանչնաս, սա­կայն չես հա­մար­ձա­կիր կի­րար­կել, ինչպէս՝ ան­գայտ, գո­յու­թե­նական իս­կութիւն, խո­տոր հա­մեմա­տիլ, մա­խանք, շա­ման­դաղ, շո­ղոմել, վար­շա­մակել, տե­սակա­րար կշիռ...

-Եւ վեր­ջա­պէս ոճեր ու բա­ռակա­պակ­ցութիւններ, ինչպէս՝

առ­հա­ւական խռովք

գա­ղափա­րական հեր­ձումի անէծ­քը

խտղտաց­նող փա­ռասի­րու­թիւններ

կա­րողա­կան ստո­րոգե­լիներ,

միամ­տութիւններ փա­ռասի­րել

յու­զումնա­խառն զգայ­նութիւննե­րու ալե­բախու­մը յու­շե­րու խա­րակ­նե­րուն դէմ

պա­լար կա­պած մտքի ու գա­ղափա­րի ստեր­ջութիւն

սնա­մէջ ու ան­բարձե­լի տա­րակար­ծութիւններ

Իր տե­սակէտ­նե­րը հա­մոզիչ դարձնե­լու հա­մար չի վա­րանիր Աս­տո­ւածա­շունչէն, Նա­րեկա­ցիէն, մին­չեւ մեր շա­րական­նե­րէն գրա­բար այ­լա­զան մէջ­բե­րու­մեր կա­տարե­լու.

Եթէ Քրիս­տոս չի­ցէ յա­րու­ցեալ,

ըն­դունայն են հա­ւատքն ձեր,

ըն­դունայն են քա­րոզու­թիւնք մեր։

Կա­րելի չէ հարց չտալ՝ «Աղէկ, հա­պա այս գրա­բարը ե՞րբ եւ որ­մէ՞սո­րուե­ցաւ»։

Չենք կրնար այս հա­տուա­ծը փա­կել՝ առանց անդրա­դառ­նա­լու Մարզպե­տի գրա­կան ծա­ւալուն վեր­լուծումնե­րուն՝ նո­ւիրուած Չա­րեն­ցի, Թէ­քէեանի, Զա­րեհ Մել­քո­նեանի, Ժագ Յա­կոբեանի, Ստե­փան Ալա­ջաջեանի եւ քա­նի մը ու­րիշնե­րու, վեր­լուծումներ, որոնք շատ աւե­լի ան­դին կ’եր­թան հայ­կա­կան երկրոր­դա­կան վար­ժա­րանի մը տո­ւածէն՝ մեր բո­լոր յար­գանքնե­րով իր յա­ճախած դպրո­ցին հան­դէպ։ Առ այս՝ չի վա­րանիր հրա­պարա­կել իր յա­խուռն դա­տողու­թիւնե­րը. «Ժագ Յա­կոբեան կ’ըլ­լայ մեր մշա­կոյ­թի ան­դաստա­նի տի­րական դէմ­բե­րէն մին՝ քովն ի վեր Մե­ծարեն­ցի, Տէ­րեանի ու մա­նաւանդ Վա­հան Թէ­քէեանի»։ Սա իր կար­գին կը նշա­նակէ աւե­լի քան սի­րողա­կան ու­րիշ մարզ մը, որ առիթ գտած է զար­գացնե­լու նմա­նապէս ակա­դէմա­կան կրթու­թեան զու­գա­հեռ, ա՚լ չեմ խօ­սիր օտար գրա­կանու­թեանց,− գրա­կանու­թեա՚նց կ’ըսեմ, այո՚,− մէջ ու­նե­ցած ապ­շե­ցու­ցիչ ծա­նօթու­թիւննե­րուն մա­սին։

Այս պա­րագա­յին եւս գո­հանանք հա­կիրճ նա­խաճա­շակով մը կամ յի­շատա­կու­մով մը միայն, իսկ ըն­թերցո­ղը աշ­խա­տու­թեան եր­կայնքին լիաբուռն պի­տի գտնէ այսպի­սինե­րը մեծ ձեռնհա­սու­թեամբ կի­րար­կուած՝ ի վա­յելումն քմաց ու մտաց իւ­րոց։

Ծ.- 1 Թե­լադ­րե­լով անոր, որ հրա­ժարի իր ան­կա­խու­թե­նէն եւ

են­թարկո­ւի Խորհրդա­յին իշա­խանու­թեան, ինչ որ տե­ղի ու­նե­ցաւ եւ որուն հե­տեւան­քով ու փո­խարէն՝ Հա­յաս­տան կորսնցուց Կար­սի եւ Ար­տա­հանի նա­հանգնե­րը։

2 Յօ­դուա­ծը գրո­ւած է 2005-ին, երբ տա­կաւին Ար­ցախն ու ազա­տագ­րո­ւած եօթը շրջան­նե­րը կը մնա­յին հա­յոց իշ­խա­նու­թեան տակ. հե­ղինա­կը ասոնք վաս­տա­կեալ իրա­ւունք կը նկա­տէ եւ պատ­րաստ չէ որե­ւէ բան վե­րադարձնե­լու։

3 Պուրճ Համ­մուտի հիւ­սիս-արե­ւելեան ծայ­րը՝ բո­լորո­վին հա­յախօս Նոր Թո­մար­զան։

4 Հե­ղինա­կը հա­մես­տութեամբ կը խու­սա­փի յի­շելէ, որ ան՝ ոմանց հա­մար «պա­րոն Սա­հակը», իսկ ու­րիշնե­րու հա­մար՝ «Սա­հակ աղան» հայրն է՝ ըստ ամե­նայ­նի պատ­կա­ռելի անձնա­ւորու­թիւն մը, որ հան­րօ­րէն յար­գո­ւած ու սի­րուած էր բո­լորէն։

5 Այդ գի­շեր պտտող­նե­րը միայն իրենք չէին. կը պտտէին ու­րիշ խումբեր ալ, որոնք կը զար­նէին իր պա­պենա­կան տան դու­ռը եւս. այստեղ՝ կի­սաբաց դռնէն ձեռք մը ափ մը չա­միչ, գա­թա մը կամ մե­տաղադ­րամ մը եր­կա­րելով չէր գո­հանար. դու­ռը լայն կը բա­ցուէր եր­գողնե­րուն առ­ջեւ, անոնք սի­րալիր ներս կը հրա­ւիրո­ւէին, ըստ պատ­շա­ճի կը հիւ­րա­սիրո­ւէին այ­լա­զան բա­րիք­նե­րով, աւար­տին՝ պա­րոն Սա­հակը կամ Սա­հակ աղան մտեր­մա­բար կը հարցնէր. «Նա­յիմ որ­քա՛ն հա­ւաքեր էք»... եւ տղա­քը իրենց հա­ւաքած գու­մա­րը կրկնա­պատ­կած եւ մա­խաղ­նե­րը լեփ­լե­ցուն դուրս կու գա­յին այդ տու­նէն


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ