Առկայ է պատերազմի վտանգը

Արցախի Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Արա­յիկ Յա­րու­թիւնեան Ար­ցա­խի հան­րա­յին հե­ռուստա­կայա­նին տո­ւած հար­ցազրոյ­ցով մը անդրա­դար­ձաւ ար­ցա­խահա­յու­թեան առ­կայ դժո­ւարու­թիւննե­րուն։ Ան տո­ւած հար­ցազրոյ­ցին ըն­թացքին, խօ­սեցաւ թէ Ատրպէյ­ճա­նի վա­րած քա­ղաքա­կանու­թեան եւ թէ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րու հետ մատ­նո­ւած տա­րակար­ծութիւննե­րու մա­սին։

Յատ­կա­պէս այս վեր­ջին նիւ­թի շուրջ ան յստա­կօրէն յայտնեց, որ Հա­յաս­տան պէտք է զերծ մնայ ար­ցա­խահա­յու­թեան ինքնո­րոշ­ման իրա­ւունքը հար­ցա­կանի վե­րածե­լէ։

«Ոչ մէկն իրա­ւունք չու­նի կաս­կա­ծի տակ դնե­լու եւ սահ­մա­նափա­կելու մեր ինքնո­րոշու­մը, մեր ինքնո­րոշ­ման իրա­ւունքը։ Դա բա­ցառիկ իրա­ւունք է, որը չի տրո­ւել իշ­խա­նու­թիւննե­րի կող­մից, այլ մի­ջազ­գայնօ­րէն ճա­նաչո­ւած է, եւ այդ իրա­ւունքի առու­մով պատ­րաստա­կամու­թիւն է յայտնել պայ­քա­րելու Ար­ցա­խի ժո­ղովուրդը, որին սա­տար է կանգնում հայ ժո­ղովուրդը։ Մեզ դրդում են ըն­դունել Ատրպէյ­ճա­նի պայ­մաննե­րը»։

Բո­լորին ծա­նօթ է թէ Ատրպէյ­ճան Լա­չինի մի­ջանցքը փա­կելով մեկ­նարկած է էդ­նիկ զտման ռազ­մա­գարու­թիւն մը։ Կը փոր­ձէ շնչա­հեղձ ընել ար­ցա­խահա­յու­թիւնը՝ ժո­ղովուրդին պար­տադրե­լով լքել հայ­րե­նի հո­ղը կամ ալ հրա­ժարիլ բո­լոր ինքնա­կառա­վար­ման գոր­ծօննե­րէ եւ հպա­տակիլ Ալիեւի իշ­խա­նու­թեան։

Այս պա­հուն ար­ցա­խահա­յու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ դի­մադ­րել այս երկկող­մա­նի սպառ­նա­լիքին դէմ եւ կը յու­սայ այս անե­լանե­լէ դուրս գա­լու հա­մար ոեւէ մի­ջազ­գա­յին օգ­նութիւն։ Ներ­կայ պա­հուն ապար­դիւն կը մնայ այդ յոյ­սը, քա­նի որ հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թիւնը կը խու­սա­փի Պա­քուի հետ ուղղա­կի ճա­կատու­մէ։

Ալ աւե­լի ծանր մտա­հոգու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն Յա­րու­թիւնեանի այն կան­խա­տեսումնե­րը, ըստ որու Ատրպէյ­ճան կ՚ու­զէ դուրս գալ 9 Նո­յեմ­բե­րի զի­նադա­դարէն եւ զի­նեալ մի­ջամ­տութեամբ ներ­թա­փան­ցել դէ­պի Ար­ցախ։

Յա­րու­թիւնեան յի­շեց նաեւ մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան թե­լադ­րանքով կա­յանա­լիք Ստե­փանա­կեր­տի եւ Պա­խուի մի­ջեւ երկխօ­սու­թեան վար­կա­ծին, որ չէ կա­յացած Պա­քուի դժկա­մու­թեան հե­տեւան­քով։

«Ի հար­կէ, մեր կող­մից եղել է դրա­կան պա­տաս­խան մա­նաւանդ այն մօտ էր մի­ջազ­գա­յին ձե­ւաչա­փին, այ­սինքն, ես չեմ ու­զում ասել, որ դա մի­ջազ­գա­յին ձե­ւաչա­փով հան­դիպման նա­խապատ­րաստա­կան աշ­խա­տանք էր, բայց ինչ-որ տեղ կա­րելի էր ըն­դունել։ Ադրբե­ջանը հրա­ժարո­ւել է նաեւ այդ ձե­ւաչա­փից, այ­սինքն, շա­հագրգռո­ւածու­թիւն տե­սել ենք այդ նա­խաձեռ­նողնե­րից, բայց Ադրբե­ջանի հրա­ժարո­ւելուց յե­տոյ այդպէս էլ մնաց օդում կա­խուած», ըսաւ Յա­րու­թիւնեան։

Բա­ցի հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թե­նէ ափ­սո­սան­քով կը տես­նենք թէ հա­մաշ­խարհա­յին հա­յու­թիւնը եւս ձեռ­նունայն կեր­պով կը հե­տեւի Ար­ցա­խի 120 հա­զար բնակ­չութեան հան­դէպ գոր­ծադրո­ւող անար­դա­րու­թեան։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ան­կա­խացու­մէն այս կողմ տի­րող ամե­նածանր իրա­վիճա­կը նոյ­նիսկ հա­յու­թեան մօտ չէ կրցած գտնել ար­ժա­նի հա­կազ­դե­ցու­թիւնը։ Ըստ երե­ւոյ­թի այս ճա­րահա­տու­թեան մէջ լու­ծումը գտնո­ւած է Ար­ցա­խը օրա­կար­գէն դուրս բե­րելով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ