5Օգոստոսին Կիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին տեղի ունեցաւ «Միասնութիւն սփորթով» կարգախօսով Համահայկական 8-րդ ամառային խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը եւ Մարալ պարախումբը։
8-րդ Համահայկական խաղերուն աշխարհի հինգ մայր ցամաքներէն մասնակցեցան աւելի քան 7000 մարզիկներ իրենց մարզիչներով։
Մարզական խումբերուն իրենց եկած քաղաքները խորհրդանշող վերտառութիւններով մարզադաշտ մուտքը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց։
Թուրքիայէն ալ խաղերուն մասնակցեցան Իսթանպուլ, Սասուն, Սասուն-Մութքի, Պիթլիս, Տիյարպաքըր, Մուշ եւ Ատանա քաղաքները ներկայացնող խումբեր։
Տեղին էր համահայկական 8-րդ խաղերու բացման արարողութիւնը Կիւմիի մարզադաշտին մէջ կատարելու որոշումը։ Ժամանակակից հայ մարզական պատմութեան մէջ Կիւմրի ուշագրաւ կը դառնայ այս քաղաքէն եկած եւ միջազգային ու ողիմպիական մրցումներու մէջ շատ բարձր նուաճումներ արձանագրած մարզիկներով։
Նշենք որ նախորդ համահայկական խաղերու բացումը կայացած էր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ եւ պոլսհայ պատուիրակութիւնը քաղաքական մտահոգութիւններով հրաժարած էր խաղերու մասնակցելէ։
Այս տարի մարզիկներու կողքին համակիրներու հոծ բազմութիւն մըն ալ ճամբորդած են դէպի Հայաստան եւ անոնք իրենց կարգին կը կատարեն զբօսաշրջական բնոյթով պտոյտներ։ Այդ ծիրէն ներս «Մարալ» պարախումբն ալ այցելած է Էջմիածին եւ ընդունուած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ։
Միւս կողմէ մրցումները կը շարունակուին մասնակից խումբերուն մերթ յաղթանակ եւ մերթ ալ պարտութիւն պարգեւելով։ Եթէ Համահայկական խաղերու սկզբունքին համապատասխան կերպով ընդհանրապէս կը տիրէ բարեկամութեան հոգեբանութեան մէջ մրցումներ, բացառուած չէ որ մերթ ընդ մերթ ալ նոյն մրցակցութեան հոգեբանութենէն կը ծագին անհամաձայնութիւններ՝ որոնք դիւրաւ կը յագեցուին կազմակերպիչներու ջանքերով։