Հրանդ Տինք հիմնարկէն կը տեղեկացնեն թէ 7 Օգոստոսին մեկնարկած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի հետ գործակցելով կայացած արեւմտահայերէնի դասընթացքները։ 2023-ի ամառնային շրջանի այս դասընթացքները պիտի անցնին ընդամէնը 72 ժամով, որ բաժանուած է 12 շաբաթներու, շաբաթական երկու օրուայ եւ իւրաքանչիւր օր վեց ժամուայ դրութեամբ։ Նախատեսուած է աշխատութիւնները տանիլ առցանց դրութեամբ «Զում»ի միջոցաւ։
Աշխատութիւնը մասնակիցներուն պիտի ապահովէ հետեւեալ յատկութիւնները։
Առաջին շրջան- Ծանօթանալ հայերէն տառերուն եւ ձայներուն։ Ընտելանան գրափորձութեան եւ ընթերցման։ Կազմել պարզ նախադասութիւններ։
Երկրորդ շրջան- Առաջին շրջանը բոլորողները ընթերցելու, ընթերցածը հասկնալու, բառացի հարցումները պատասխանելու փորձառութիւն կ՚ունենան եւ կը զարգացնեն բառապաշարը։
Երրորդ շրջանը- առաջին երկու շրջաններու ալ աւելի զարգացման փուլն է, ուր մասնակիցները կը սորվին բայերու, անցեալի, ներկայի եւ ապագայի կանոններով գործածութիւնը։
Չորրորդ հանգրուանին կը սկսի լրագիրներէն ընտրուած գրական օրինակներու վերլուծումը եւ փոխանցումը։
Աշխատանոցի ընթացքին անհրաժեշտ է համակարգչի վրայ բեռցնել արեւմտահայերէն ստեղնաշար։ Քանի որ բացատրութիւնները պիտի կատարուին թրքերէնով, մասնակիցներէն կ՚ակնկալուի թրքերէնի տիրապետել։
Աշխատանքներուն մասնակցելու համար կը պահանջուի 500 ԹԼ վճարում։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է դիմել Հրանդ Տինք Հիմնարկի համացանցի info@hrantdink.org հասցէին։