Պոյաճըգիւղի մէջ հարիսայով մատաղ

Ուղիղ 22 տա­րի առաջ էր, երբ սա­յաթ­նո­վացի­ներ ըն­դօ­րինա­կեցին հա­յաս­տա­նեան գե­ղեցիկ աւան­դութիւ­նը եւ Պճնի գիւ­ղի պատ­մա­կան եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակի Սուրբ Զատ­կի տօ­նական սե­ղանը փո­խադ­րե­ցին Պո­յաճը­գիւ­ղի Սուրբ Երից Ման­կանց Եկե­ղեց­ւոյ բա­կը։

Այ­լեւս Սուրբ Զատ­կի հա­ճելի սո­վորու­թիւն մը դար­ձած է Ս. Պա­տարա­գի աւար­տին ժո­ղովուրդին մա­տու­ցո­ւած լա­ւաշը, թարմ կա­նանչ սո­խը եւ հաւ­կի­թի հիւ­րա­սիրու­թիւնը գի­նիի ըն­կե­րակ­ցութեամբ։ Իսկ վեր­ջերս Սուրբ Աս­տո­ւածած­նի եւ խա­ղողօրհնէ­քի տօ­նի առ­թիւ հետզհե­տէ կը ձե­ւաւո­րուի նոր աւան­դութիւն մը Պո­յաճը­գիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակէն ներս, որ այս ան­գամ օրի­նակ կ՚ունենայ Վա­քըֆ­գիւղի հա­րիսան։

Այս տա­րի ալ հա­րիսա­յի կրա­կը կը վա­ռի շա­բաթ գի­շեր եւ մին­չեւ յա­ջորդ առ­տու եփող մա­տաղը Պա­տարա­գի աւար­տին կը բաժ­նո­ւի ուխտա­ւոր­նե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ