Սասունցի Դաւիթը Երեւանի մէջ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Սասունի վեց Դա­ւիթ­նե­րը

Երե­ւանի մէջ քա­լել կը նշա­նակէ ամէն օր, վեց հե­տաքրքրա­կան պատ­ճառնե­րով Սա­սունցի Դա­ւիթին հան­դի­պիլ, անոր բա­րեւել, զայն գան­ձա­նակի մէջ դնել, նա­մակի մը պա­հարա­նի վրայ փակցնել, դի­տել, գնել, հա­ւաքել, վա­ճառել։ Մեր ազ­գա­յին հե­րոսը կը սի­րէ հա­ճելի անակնկալ­ներ կա­տարել եւ քա­ղաքի բնա­կիչ­նե­րու առօ­րեային մէջ յայտնուիլ։ Խօսքս, յար­գե­լի ըն­թերցող, Երո­ւանդ Քո­չարի յայտնի ար­ձա­նի մա­սին չէ։ 3500 քի­լօ ծան­րութիւն ու­նե­ցող այդ ար­ձա­նը ան­շուշտ, թէ տե­ղէն շար­ժել, փո­խադ­րել, առ­նել, ծա­խել կա­րելի չէ։ Խօսքս կը վե­րաբե­րի Սա­սունցի Դա­ւիթի ար­ձա­նի կեր­պա­րով ստեղ­ծո­ւած առար­կա­ներուն…։ Գի­տեմ, իրա­ւունք ու­նիք, նա­խորդ յօ­դուա­ծիս մէջ խոս­տա­ցեր էի զար­մա­նալի բա­ռի մը ստու­գա­բանու­թիւնը գրի առ­նել։ Սա­կայն, «Հա­յաս­տա­նեան տոմ­սեր» յօ­դուա­ծաշարս թե­րի պի­տի մնար, եթէ ակ­նարկու­թիւն մը չկա­տարէի Դա­ւիթի ձիու պայ­տի հետ­քե­րուն, որոնք նշմա­րելի են մայ­րա­քաղա­քի չորս կող­մե­րը։ Այ­սօր կ’առա­ջար­կեմ հե­տեւիլ այդ հետ­քե­րուն, որոնք մեզ նախ պի­տի տա­նին մայ­րա­քաղա­քի Շէն­գա­ւիթ հա­մայնքը։

Ստո­րերկրեայ Դա­ւիթը

Երե­ւանեան պայ­ծառ առա­ւօտ մըն է։ Որո­շեցինք Սա­սու­նի զա­ւակ Դա­ւիթին բա­րեւ մը տալ։

- Սա­սունցի Դա­ւիթի ար­ձա­նը պի­տի այ­ցե­լենք աշա­կերտներ։ Երբ հոն հաս­նինք ձե­զի կը պատ­մեմ այդ եզա­կի ստեղ­ծա­գոր­ծութեան մա­սին։ Բո­լորդ պատ­րաստե­ցէք 100 դրամ։ Մետ­րոն այդքան կ’ար­ժէ։

Կը քա­լենք Նալ­բանդեան պո­ղոտա­յէն վար։ Հան­րա­պետու­թեան Հրա­պարակ կա­յարա­նը շատ հե­ռու չէ։ Կ’անցնինք Ալեք­սանդր Սպեն­դիարեանի տուն-թան­գա­րանը, Հայ­Փոստի մաս­նա­ճիւ­ղը, Սա­խարո­վի հրա­պարա­կը։ Կը հաս­նինք կա­յարան։ Իւ­րա­քան­չիւր աշա­կերտ 100 դրա­մի փո­խարէն կը ստա­նայ նարնջա­գոյն կերպնկալ նե­տօն մը, իսկ ես կը գնեմ եր­կու հատ։ Կա­յարա­նի զով փա­պու­ղիի մէջ կը զգանք ու­ժեղ հով մը։ Մօ­տեցող մետ­րո­յի նա­խան­շանն է ան։ Ապա մեր ականջնե­րուն կը հաս­նի մե­տաղեայ անիւ­նե­րու զնգիւ­նը։ Առա­ջին ան­գամ մետ­րօ նստող աշա­կերտնե­րու հա­մար ու­րախ փոր­ձա­ռու­թիւն է այս կարճ ճա­նապար­հորդու­թիւնը։ Անոնցմէ քա­նի մը հա­տը փո­խանակ նստե­լու՝ կը նա­խընտրեն եր­կու ոտ­քի վրայ կանգնիլ՝ իրենց մար­միննե­րը հա­ւասա­ռակշռե­լու ոչ-այդքան-վտան­գա­ւոր խաղ մը փոր­ձե­լով։ Սա­սունցի Դա­ւիթ կա­յարա­նը զար­դա­րուած է դիւ­ցազնա­վէպի պա­տկերա­քան­դակնե­րով։ Իսկ կա­յարա­նի ռու­սա­տառ, պղնձեայ անու­նը, CАCУHЦИ ДABИД, պահ­պա­նուած է որ­պէս խորհրդա­յին ան­ցեալի յի­շատակ։ Կա­յարա­նը դուրս կու գայ Սա­սունցի Դա­ւիթ հրա­պարա­կը։ Ահա հոն, ծան­ծաղ աւա­զանի մը մէ­ջէն կը խո­յանայ ար­ձա­նը։ Աշա­կերտնե­րը անակնկա­լի կու գան։ Անոնք չէին սպա­սեր այդպի­սի վիթ­խա­րի ար­ձան մը։

- Աշա­կերտներ, նկա­րիչ, քան­դա­կագործ Երո­ւանդ Քո­չարն է ար­ձա­նի հե­ղինա­կը, տե­ղադ­րո­ւած է 1959ին, Երե­ւանի ամե­նամեծ ար­ձանն է, կա­ռու­ցո­ւած է կո­փածոյ պղին­ձէ եւ բա­զալ­տէ։

Աշա­կերտնե­րը քա­նի մը վայրկեան հիացու­մով դի­տեցին եւ լու­սանկա­րեցին այդ ամե­հի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը։ Ապա հրա­պարա­կի նպա­րավա­ճառէն պաղ­պա­ղակ եւ հան­գա­յին ջու­րեր գնե­ցին։ Աւա­զանի շուրջ, իրենց յե­նարա­նի վրայ «Երե­ւան» փո­րագ­րո­ւած նստա­րան­նե­րու վրայ կ’որո­շենք քիչ մը նստիլ եւ զրու­ցել ազ­գա­յին հե­րոսը այլ մարմնա­ւորումնե­րու մա­սին։

Սա­սունցի նե­տօնը

Գրպա­նէս կը հա­նեմ մետ­րո­յի նարնջա­գոյն կերպնկալ նե­տօնը։ Կը բարձրաձ­նեմ դէ­պի արե­ւու ճա­ռագայթնե­րը։

- Տե­սէ՚ք, նե­տօնի վրայ պատ­կե­րուած է այս ար­ձա­նը։ Հե­տեւա­բար, Սա­սունցին ներ­կայ է ամ­բողջ Երե­ւանի մէջ, մետ­րօ նստող ամէն ու­ղե­ւոր կը շփո­ւի անոր հետ, գի­տակ­ցա­բար կամ՝ ան­գի­տակ­ցա­բար։ Կը խրա­տեմ, որ դուք վե­րադար­ձին գնէք զոյգ նե­տօն՝ մէ­կը պա­հեցէք որ­պէս հա­յաս­տա­նեան ձեր ճա­նապար­հորդու­թեան մա­սունք։

Պա­հարան­նե­րու Դա­ւիթը

-Հայ­Փոստի մաս­նա­ճիւ­ղը կը յի­շէ՞ք…, Նալ­բանդեան պո­ղոտա­յի վրայ… Հայ­Փոստէն առաջ կար ԽՍՀՄ փոս­տը, այ­սինքն Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նի փոս­տա­յին ծա­ռայու­թիւննե­րու կազ­մա­կեր­պութիւ­նը։ 1968 թո­ւակա­նին, երբ Երե­ւանը կը պատ­րաստո­ւէր իր հիմ­նադրու­թեան 2750ամեակը տօ­նելու, նոյն օրե­րուն շրջա­նառու­թեան դրո­ւեցաւ այդ պատ­մա­կան տա­րեդար­ձը նշող դրոշ­մա­թուղթ։ Ան կ’ար­ժէր 12 կո­պեկ։ Իսկ անոր վրայ պատ­կե­րուած էր Սա­սունցի Դա­ւիթի ար­ձա­նը։

- Պա­րոն, եթէ ար­ձա­նի պո­չը պա­տուան­դա­նին դպած չըլ­լար, ձին կե­նար իր եր­կու ոտ­քե­րու վրայ, կար­ծեմ աւե­լի տպա­ւորիչ պի­տի ըլ­լար։

- Շա­տեր ալ այդպէս կը հա­ւատան, Էլեն։

- Իսկ Դա­ւիթի դէմ­քը… Ի՚նչ խիստ, առ­նա­կան, վճռա­կան…

- Երե­ւակա­յական ըլ­լա­լու է, քա­նի, որ Դա­ւիթի լու­սանկա­րը չու­նինք, ըսաւ Արա­զը։

- Իրա­ւունք ու­նիս։ Սա­կայն, Երո­ւանդ Քո­չարը ու­նե­ցաւ ներշնչու­մի իրա­կան աղ­բիւր։ Կ’ըսեն, թէ մեծ վար­պե­տը Դա­ւիթի դէմ­քը կեր­տեր է պա­րի պե­տական հա­մոյ­թի մե­նակա­տար գե­ղադէմ Վա­նուշ Խա­նամի­րեանի խա­ղացած Դա­վիթի կեր­պա­րով։

- Պա­րոն, Ջեր­մուկ մը պի­տի առ­նեմ, դուք ալ կ’ու­զէ՞ք։

- Այո, պաղ շիշ մը, շնոր­հա­կալ եմ Վա­հէ։

Դե­րասան Դա­ւիթը

Աշա­կերտնե­րը դեռ նոր դի­տեցին «Մեր ման­կութեան թան­կոն» շար­ժանկա­րը։ Դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, ան­շուշտ շատ լաւ կը յի­շէք «Ռու­բէն» Մհեր Մկրտչեանի եւ «Սի­րանոյշ» Գալ­յա Նո­վեն­ցի դե­րակա­տարու­թեամբ 1984 թո­ւակա­նին նկա­րահա­նուած այդ յու­զիչ, ծի­ծաղա­շարժ եւ նոյնչափ ող­բերգա­կան շար­ժանկա­րը։ Դա­սարա­նի մէջ դի­տած էինք զայն, Կիւմրի քա­ղաքի ան­ցեալին եւ քա­ղաքի շատ յայտնի ֆայ­տո­նի մշա­կոյ­թին քիչ մը ծա­նօթա­նալու նպա­տակով։ (Կը յի­շեմ, ինչպէ՚ս Էլե­նը ֆիլ­մի վեր­ջին վայրկեան­նե­րուն սկսեր էր լալ եւ մենք ան­մի­ջապէս իր մօ­րը հե­ռաձայ­նե­լով բա­ցատ­րեր էինք, թէ մտա­հոգո­ւելիք բան չկար, պար­զա­պէս աղջնա­կը զգա­յուն սիրտ ու­նէր եւ ըն­տա­նեկան ներ­քին լա­րուա­ծու­թիւննե­րու խոր իմա­ցու­թիւն)։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, այդ շար­ժանկա­րը եւ հա­րիւ­րա­ւոր այլ շար­ժանկար­ներ, ինչպէս՝ «Եռան­կիւնի», «Կտոր մը եր­կինք», «Եր­ջանկու­թեան մեախ­նի­կան», երբ սկսին Հայ­Ֆիլմ ըն­կե­րու­թեան խորհրդա­պատ­կե­րով, այ­սինքն Սա­սունցի Դա­ւիթի ար­ձա­նով։ Նոր շար­ժանկար­նե­րու մէջ կը ցու­ցադրո­ւի ար­ձա­նի թո­ւայ­նա­ցուած, եռա­չափ պատ­կե­րը։ Կա­րելի է ըսել, թէ Դա­ւիթը Հա­յաս­տա­նի թիւ 1 դե­րասանն է։

Սա­սունցի հրա­սայ­լը

- Պա­րոն, Սա­սունցի Դա­ւիթը մեր ազ­գա­յին հե­րոսն է։ Կը հասկնամ, թէ ան մին­չեւ այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կէ հե­րոսու­թիւններ կա­տարել։

-Սա­սունցի Դա­ւիթը իր ամե­նամեծ հե­րոսու­թիւննե­րէն մէ­կը, Անդրա­նիկ, Հա­մաշ­խարհա­յին երկրորդ պա­տերազ­մի օրե­րուն կա­տարեց։ Մի՚ զար­մա­նաք։ Հայ­րե­նական մեծ պա­տերազ­մի ժա­մանակ, խորհրդա­յին բա­նակի հրա­սայ­լե­րու հե­րոսա­կան շա­րասիւննե­րէն մէ­կը կը կո­չուէր՝ «Սա­սունցի Դա­ւիթ»։ Այդ շա­րասիւ­նը սփիւռքա­հայե­րը Էջ­միած­նի տրա­մադ­րած նիւ­թա­կան հո­վանա­ւորու­թեամբ 1944 թո­ւակա­նին ստեղ­ծե­ցին։ Մաս­նա­կից­ներն էին Հա­րաւա­յին Ամե­րիկա­յի, Պարսկաս­տա­նի, Կիպ­րո­սի, Յոր­դա­նանի, Սու­րիոյ, Լի­բանա­նի, Իրա­քի, Եթով­պիայի, Եգիպ­տո­սի եւ քա­նի մը այլ երկրնե­րու հա­յերը։ Առան­ձին հրա­սայ­լա­յին գունդ մըն էր ան, թի­ւը՝ 11 91։ Ու­նէր 21 հրա­սայլ։ 1944 թո­ւակա­նի Փետ­րո­ւարին այդ հրա­սայ­լե­րու աշ­տա­րակ­նե­րուն հա­յերէն գլխա­տառե­րով գրո­ւեցաւ եր­կու հե­րոսա­կան բառ՝ «Սա­սունցի Դա­ւիթ»։ Իր ռազ­մա­կան յա­ջողու­թիւննե­րու պա­տուին «Սա­սունցի Դա­ւիթը» պար­գե­ւատ­րո­ւեցաւ Կար­միր դրօ­շի շքան­շա­նով։

Սա­սունցիի թա­սը

Հրա­ժեշ­տի ժա­մը եկաւ։ Մեր յա­ջորդ կա­յարա­նը Կեդ­րո­նական դրա­մատունն է։ Ան ու­նի հայ­կա­կան դրամ­նե­րու պատ­մութեան ամ­փոփ թան­գա­րան մը։ Այդ գողտրիկ ցու­ցասրա­հի մէջ է, որ աշա­կերտնե­րը պի­տի ծա­նօթա­նան 1991 թո­ւակա­նին Խորհրդա­յին միու­թեան կեդ­րո­նական դրա­մատան թո­ղար­կած 5 ռուբլի յո­բելեանա­կան մե­տաղադ­րա­մին եւ 1994 թո­ւակա­նին ան­կախ Հա­յաս­տա­նի կեդ­րո­նական դրա­մատան թո­ղար­կած 25 դրամ անո­ւանա­կան ար­ժէ­քով «Սա­սունցի Դա­ւիթ» ար­ծա­թեայ յու­շադրա­մին, որոնց վրայ պատ­կե­րուած է նոյ­նա­նուն ար­ձա­նը։

Կը քա­լենք դէ­պի կա­յարան։ Տա­րօնը հրա­ժեշ­տի ա­կնարկ մը կու տայ Դա­ւիթին, ապա կը դառ­նայ ու կը հարցնէ.

- Պա­րոն, ձիու ոտ­քին տակ թաս մը կայ։ Ի՞նչ է ան։

- Համ­բե­րու­թեան թա­սը։ Տա­րօ՚ն, վեր խո­յացած այդ ձիու՝ Քուռկիկ Ջա­լալի սմբակ­նե­րու տակ տե­ղադ­րո­ւած թա­սը մեր ազ­գի համ­բե­րու­թեան թասն է։ Կը լե­ցուի ու կը լե­ցուի, ապա կը յոր­դի։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, մենք սպա­սենք կա­յարան մօ­տեցող մետ­րո­յի նա­խան­շաննե­րը՝ զով հո­վը եւ մե­տաղեայ անիւ­նե­րու զնգիւ­նը, իսկ ես ձեզ կը թո­ղում Աշուղ Ճի­ւանիի «Կու գան ու կ’եր­թան» եր­գով, ուր աշու­ղը հա­յուն կը թե­լադ­րէ ըլ­լալ համ­բե­րատար։ Մին­չեւ յա­ջորդ յօ­դուածս, մնա­ցէք խա­ղաղ.

Ձա­խորդ օրե­րը ձմրան նման

Կու գան ու կ’եր­թան,

Վհա­տելու չէ, վերջ կ’ու­նե­նան,

Կու գան ու կ’եր­թան.

Դառն ցա­ւերը մար­դու վե­րայ

Չեն մնայ եր­կար,

Որ­պէս յա­ճախորդ շա­րուե­շարան

Կու գան ու կ’եր­թան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ