Պաքըրճըօղլու ընտանիքը կրկին անգամ սգաւոր

Վերջին ան­գամ հան­դի­պած էինք իր եղ­բօ­րորդւոյն , մեր սի­րելի ըն­կե­րոջ՝ Հա­քան Պա­քըր­ճըօղ­լո­ւի յու­ղարկա­ւորու­թեան տխուր առի­թով։ Ար­դէն զգա­լի էր անո­ղոք հի­ւան­դութեան գոր­ծած աւե­րը։ Ափ­սոս այժմ վրայ հա­սած է իր՝ ար­ժէ­քաւոր մտա­ւորա­կան Էրոլ Պա­քըր­ճըօղ­լո­ւի մա­հուան բօ­թը։ Ան ալ չէր կրցած յա­ջողիլ հի­ւան­դութեան ճի­րան­նե­րէն եւ 54 տա­րեկան հա­սակին հրա­ժեշտ կ՚առ­նէր իր դուստրերէն եւ սի­րեցեալ ամու­սի­նէն։ «Ըն­դա­մէնը եր­կու ժա­մուայ ծա­նօթու­թե­նէ մը ետք որո­շեցինք ամուսնա­նալ կը պատ­մէ էրոլ Պա­քըր­ճըօղ­լո­ւի այ­րին Սուլթան։

Մա­հուան կսկի­ծով հան­դերձ ան ոգե­ւորու­թիւն կ՚ապ­րի, երբ կը խօ­սի իր նո­րոգ հան­գուցեալ ամուսնոյն մա­սին։ Ամէն նա­խադա­սու­թե­նէն կը զգամ թէ որ­քան երա­նելի ամուսնու­թիւն մը եղած է այդ, ընդմիշտ հա­մակո­ւած փո­խադարձ սի­րով ու յար­գանքով։ «Ոչ միայն Ատըեամա­նի տար­բեր գա­ւառ­նե­րէն, այլ նաեւ տար­բեր ազ­գութիւննե­րէ կու գա­յինք։ Էրո­լը Քահ­թա­ցի հայ մըն էր, իսկ ես Կեր­կերցի ասո­րի մը։ Հա­զիւ Էրո­լի հետ ծա­նօթա­նալէ ետք պար­զո­ւեցաւ, որ իմ ըն­տա­նիքին ալ ար­մատնե­րը հայ­կա­կան եղած են եւ ապա ինչ ինչ պայ­մաննե­րու բե­րու­մով մե­րոնք ասո­րիացած են։ Պար­տիմ նշել թէ Էրո­լը իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թացքին եր­բեք չթաք­ցուց, միշտ հպար­տութեամբ ար­տա­յայ­տո­ւեցաւ իր հայ ինքնու­թեան մա­սին։ Ան կա­տարեալ մար­դա­սէր մըն էր եւ իրեն հա­մար մարդկայ­նութիւ­նը վեր էր միւս բո­լոր ար­ժա­նիք­նե­րէն։ Այդ էր պատ­ճա­ռը որ միշտ տու­ժաին, ար­հա­մարո­ւածին կող­քին եղաւ։ Շատ ան­գամ ալ բա­ւական սուղ վճա­րեց իր այդ կե­ցուած­քին հա­մար։ Որոշ ժա­մանակ զբա­ղուե­ցաւ առեւ­տուրով եւ փո­խանակ իր շա­հին հե­տապնդեց նեղ դիր­քի մէջ յայտնո­ւած ու­րիշնե­րու շա­հերը։ Ես կը տես­նէի այդ վար­քի հա­ւանա­կան հե­տեւանքնե­րը, բայց չէի մի­ջամեր։ Գի­տէի իր հա­կումնե­րը եւ կը յար­գէի։ Խոս­տո­վանիմ որ ես ինքս ալ խի­զախ բնա­ւորու­թիւն ու­նե­ցած եմ։ Մեր շրջա­նակին մէջ կը տի­րէր ահա­ւոր աւան­դա­պաշ­տութիւն մը։ Ան միշտ իմ կող­քին կը պայ­քա­րէր՝ այդ աւան­դա­պաշ­տութեան յե­տադի­մական երե­ւոյթնե­րուն դէմ։ Նոյ­նիսկ ըն­տա­նիքէ ներս կը քա­ջալե­րէր իմ ոտնձգու­թիւննե­րը եւ կը խրա­խու­սէր ըսե­լով որ –Կի­նը եւս իրա­ւունքներ ու­նի եւ ար­դար է, այդ իրա­ւունքնե­րու հա­մար պայ­քա­րիլ-։

Ամու­սինս շատ սի­րուած անձնա­ւորու­թիւն մը եղաւ իր գտնո­ւած բո­լոր մի­ջավայ­րե­րուն։ Ար­դա­րեւ մեր բնա­կած Իզ­մի­րի Պու­ճա գա­ւառի բո­ղոքա­կանաց եկե­ղեցին, ուր կա­տարե­ցինք Էրո­լի յու­ղարկա­ւորու­թիւնը, խուռնե­րամ բազ­մութիւն մը փու­թա­ցած էր։ Յու­ղարկա­ւորու­թեան նա­խագա­հեց Իս­թանպու­լէն ժա­մանած ասո­րի քա­հանայ մը, որուն կ՚ըն­կերկցէր Պու­ճա­յի բո­ղոքա­կան եկե­ղեց­ւոյ պա­տուե­լին։ Իսկ յու­ղարկա­ւոր­նե­րու կար­գին էին Իզ­մի­րի Կա­նանց խոր­հուրդնե­րու ան­դամնե­րը, Իզ­մի­րի ՏՍԻՓ եւ ՀՏՓ կուսկա­ցու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ, Հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան Պու­ճա­յի մաս­նա­ճիւ­ղէն ան­դամներ, Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու եւ 78-ական­նե­րու միու­թիւննե­րու ան­դամ լրագ­րողներ, Ժո­ղովուրդնե­րու Կա­մուրջ միու­թեան ան­դամներ, Ատըեամա­նի Հա­յոց Հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան ատե­նապե­տը եւ տա­կաւին Իս­թանպու­լէն, Ատըեամա­նէն եւ Եւ­րո­պայի քա­ղաք­նե­րէն յու­ղարկա­ւորու­թեան փու­թա­ցող բազ­մանդամ հա­սարա­կու­թիւն մը։ Ես յա­նուն մեր ըն­տա­նիքին շնոր­հա­կալ եմ բո­լորին։ Ին­ծի հա­մար մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նէր այս դժո­ւարին օրե­րուն իրենց թան­կա­գին ներ­կա­յու­թիւնը։ Շնոր­հա­կալ եմ նաեւ իմ դուստրերուս աշա­կեր­տած Պոլ­սոյ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէնու­թիւննե­րուն, որոնք եւս սփո­փիչ եղան այս ծանր օրե­րու ըն­թացքին։ Իս­կա­պէս ծանր է իմ մատ­նո­ւած կո­րուստը, բայց ըստ երե­ւոյ­թի այդ մէ­կը պի­տի յաղ­թա­հարեմ բա­րեկամ­նե­րուս յո­գատա­րու­թեամբ»։

Բա­ռին բուն իմաս­տով կան­խա­հաս կո­րուստ մըն է այս՝ բայց իր հետ բե­րած է նաեւ մխի­թարան­քի բա­զում առիթ­ներ։ Առիթ­ներ՝ որոնք ապա­հովո­ւած են ող­բա­ցեալ էրոլ Պա­քըր­ճըօղ­լո­ւի իր կեն­դա­նու­թեան ըն­թացքին մշա­կած բա­րի ու մտե­րիմ բա­րեկա­մու­թիւննե­րով։

Վեր­ջա­պէս տի­կին Սուլթան Պա­քըր­ճըօղ­լու մե­զի վստա­հեցուց, թէ սու­գի օրե­րը աւար­տին հասցնե­լէ ետք թափ պի­տի տայ ամուսնոյն կի­սաւարտ թո­ղած գիր­քը աւար­տին հասցնե­լու եւ այսպէ­սով ալ անոր յի­շատա­կին ար­ժա­նի գործ մը երե­ւան հա­նելու։

Նշենք որ 12 Սեպ­տեմբե­րին Պա­քըր­գիւղի Ծնունդ Սուրբ Աս­տո­ւածած­նի հայ­կա­կան եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ցա­ւակ­ցա­կան ըն­դունե­լու­թիւն մը, որուն ներ­կայ պի­տի գտնո­ւին նաեւ Էրոլ Պա­քըր­ճըօղ­լո­ւի պոլ­սաբնակ հա­րազատ­նե­րը եւ այ­րին տի­կին Սուլթան Պա­քըր­ճըօղ­լու։

Մենք ալ «Ակօս»ի անու­նով կը ցա­ւակ­ցինք տի­կին Սուլթան Պաքթրճթօղ­լուին, դուստրերուն եւ ըն­տա­նիքի բո­լոր պա­րագա­ներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ