Իրերու վերաբերում մարդկանց դէմ

Ներման Մի­ջազ­գա­յին Կազ­մա­կեր­պութեան Միացեալ Թա­գաւո­րու­թեան մաս­նա­ճիւ­ղի գաղ­թա­կանաց յանձնա­խումբի բաժ­նի վա­րիչ Սթիվ Վալ­տես Սի­մոնս յայ­տա­րարու­թիւնով մը մե­ղադ­րեց անգլիական կա­ռավա­րու­թեան գաղ­թա­կան­նե­րու հան­դէպ որ­դեգրած քա­ղաքա­կանու­թիւնը։

Սի­մոնս յայ­տա­րարու­թիւնը ըրաւ Պիպ­պի Սթոք­հոլմ անուն յա­տուկ կա­ռու­ցո­ւած նա­ւուն, առա­ջին գաղ­թա­կանաց խումբը ըն­դունե­լուն առ­թիւ։ «Ըետ երե­ւոյ­թի այս կա­ռավա­րու­թիւնը ապաս­տան խնդրող մար­դոց Անգլիոյ մէջ ան­բաղձա­լի ըլ­լալնին զգաց­նե­լու հա­մար ամէն ինչ կա­րող է ընե­լու։ Վիք­թո­րիայի շրջա­նի բան­տե­րը յի­շեց­նող Պիպ­պի Սթոք­հոլմ նա­ւը ահա­բեկ­չա­կան բա­խումնե­րէ փախ­չե­լով Միացեալ Թա­գաւո­րու­թիւն հա­սած մարդկանց բնա­կեց­ման հա­մար ամօ­թալի մի­ջոց մըն է։ Կա­ռավա­րու­թիւնը մարդկանց պա­հես­տա­նոց վերցնե­լիք առար­կա­յի մը, իրի մը վե­րաբե­րում ցոյց կու տայ ինչ որ անըն­դունե­լի է» ըսաւ Սթիվ Վալ­տես Սի­մոնս։

Երբ այս լու­րը կը խմբագ­րէինք, «Ռոյ­թըրս» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւնը կը հա­ղոր­դէր Իտա­լիոյ Լամ­բե­տու­սա կղզիի ափե­րուն գաղ­թա­կան­ներ փո­խադ­րող նա­ւու մը ընկղմե­լու լու­րը։ Լրա­տուու­թեան մէջ կը նշո­ւէր տար­բեր տա­րիք­նե­րէ 41 զո­հերու մա­սին։ Յայտնի է, որ ԻԱ դա­րու առա­ջին քա­ռոր­դը, եթէ ոչ աւե­լին պի­տի յի­շուի նաեւ Մի­ջերկրա­կանի վրայ ճա­րահատ գաղ­թա­կան­նե­րու եղեռ­նա­կան մա­հով։ Մահ՝ որ զան­գո­ւածա­յին բնոյթ ու­նի եւ ամօ­թի ծանր զգա­ցու­մը կը բեռցնէ հա­մայն մարդկու­թեան վրայ։ Դի­տելով հա­սարակ մարդկանց վի­ճակող այս ող­բերգու­թիւնը պէտք է մեր­ժել «բայց» կամ «սա­կայն» բա­ռերով սկսող բո­լոր պատ­րո­ւակ­նե­րը, պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ