Կիրակիս... Հալէպ

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Ժամը ճիշդ վեցն անց քսան­­հինգն է։ Միակ օրն է, որ ժա­­մացոյ­­ցի զար­­թուցի­­չէն առաջ կ’արթննամ ու յաղ­­թա­­­կան շար­­ժումով մը զայն կ’ան­­ջա­­­տեմ նախ­­քան վե­­ցու­­կէ­­­սի զան­­գը։

Միւս օրե­­րը միշտ ինք կը յաղ­­թէ իր զզո­­ւելի ձայ­­նով։

Ճիշդ 10 վայրկեանէն հա­­գուած կ’ըլ­­լամ Հ.Մ.Ը.Մ. -ի նարնջա­­գոյն թիւ 4 ֆութպո­­լի վեր­­նա­­­շապի­­կը, կա­­պոյտ շոր­­թը, կար­­միր եր­­կար գուլպան ու փո­­ղոց կը նե­­տուիմ, ուղղու­­թիւնս դէ­­պի Սալ­­լում հի­­ւան­­դա­­­նոց, անոր դի­­մաց Նոր Գիւ­­ղի սեր­­վի­­­սը սպա­­սելու հա­­մար։

Ի մի­­ջի այ­­լոց, այդ տա­­րիքին կը կար­­ծէի, որ բո­­լոր սեր­­վիս քշող­­նե­­­րը հա­­յեր են։ «Բա­­րի լոյս, ամ­­մօ» կ’ըսէի, 2,5 սու­­րիակա­­նը ման­­րադրա­­մով կու տա­­յի ու կը յու­­սա­­­յի, որ մէ­­կը քովս չի նստիր։ Քիչ անց նույն ամ­­մո­­­յին կ’ըսէի. «Հա­­ճիս պըր­­ճէն առաջ իջե­­ցուր»։ Եօթը քիչ անց ար­­դէն Ճե­­մարանն ենք։ Ֆութպոլ, կան­­չեր, դրօ­­շակի արա­­րողու­­թիւն, ժո­­ղով-մո­­ղով... Ար­­դէն ժա­­մը 10։30-ն է. պէտք է վա­­զեմ՝ հաս­­նիմ տուն, բայց ըն­­թացքին կա­­րելի է քիչ մը «Սպի­­տակ» հան­­դի­­­պիլ ու տես­­նել` ով կայ, ով չկայ։

Կէ­­սօրին ար­­դէն տունն եմ, ու ըստ Հա­­լէպի աւան­­դութեան, ճա­­շը կամ քե­­պապ է, կամ… քե­­պապ: Ան­­շուշտ ման­­ղա­­­լը պատշգա­­մի ծայ­­րէն մշու­­շի մէջ կ՛առ­­նէ չորս կող­­մը, ածու­­խը եւ հո­­տերը ամէն տեղ են... տուր, բեր, տար, դիր, լե­­ցուր, պար­­պէ, կե­­նաց-մե­­նաց... կա­­րեւո­­րը 2։30-ին ճա­­շը պէտք է սկսի, որով­­հե­­­տեւ ճիշդ ժա­­մը չոր­­սին Ս.Ե.Մ. -ի ժո­­ղովս է։ Կեան­­քիս բո­­լոր Կի­­րակի­­ներուն քե­­պապ­­նե­­­րը շատ արագ կե­­րած եմ այդ ժո­­ղովին պատ­­ճա­­­ռով։

Չոր­­սին հինգ մնա­­ցած ար­­դէն «Արամ Մա­­նու­­կեան» կեդ­­րոնն եմ, ինչ որ սե­­նեակ մը եր­­րորդ յար­­կին վրայ։ Լրջու­­թիւն, քայ­­լերգ, ներ­­կայ-բա­­ցակայ, խօսք եւ պատ­­գամ, զե­­կոյց, դա­­սախօ­­սու­­թիւն ու ար­­դէն ժա­­մը վեցն է։ Եր­­րորդ յար­­կէն ընդհան­­րա­­­պէս քա­­լելով կ’իջ­­նենք, որով­­հե­­­տեւ հայ­­րի­­­կը վե­­րելա­­կը կե­­ցու­­ցած է այն պատ­­ճա­­­ռով, որ շատ մարդ կայ եղեր օգ­­տա­­­գոր­­ծող։ Կա­­րեւո­­րը, որ մինչ. վեց անց կէս կա­­րելի է «Սպի­­տակ» մնալ ու նա­­յիլ՝ ով կ’եր­­թայ-կու գայ, ով ինչ ժո­­ղով ու­­նի, ով ինչ հան­­դի­­­պում ու­­նի։ Յե­­տոյ, խումբով ուղղո­­ւիլ դէ­­պի Ազի­­զիէ։ Ազի­­զիէի մէջ գրա­­ւիչ շատ տե­­ղեր կան, նա­­յած՝ այդ ար­­շաւդ ինչ նպա­­տակով է. ամ­­մօ Վազ­­գէ­­­նը, կա­­թոճի Ռիատը, «Փիզ­­զա Զաուի­­յէ», տիս­­քո­­­թէք՝ «Դաս­­ժի­­­լաթ Ֆլոյտ»ը, «Համ­­պըրկըր Մեթ­­րօ»ն, հա­­գուստե­­ղէնի խա­­նութնե­­րը, նախ­­շուն նախ­­շուն աղ­­ջիկներ, «Պաղ­­պա­­­ղակ Սալ­­լո­­­րա»ն, շալ­­լա­­­լի քա­­րին վրայ «ղա­­չախ» սպադ­­րիններ եւ կօ­­շիկ­­ներ։ Ժա­­մը ար­­դէն ինն է։ Ար­­շա­­­ւը հա­­սած է աւար­­տին՝ վե­­րադարձ դէ­­պի տուն, ու ան­­պայման պա­­պայէն կամ մա­­մայէն հե­­տեւեալ նա­­խադա­­սու­­թիւնը. «նո­­րէ՞ն ու­­շա­­­ցար. վա­­ղը դպրոց ու­­նիս։»

Այսպէս էր Կի­­րակիս Հա­­լէպի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ