Պայրամովի այցելութեան արձագանգները

Թուրքիոյ նա­­խագահ Ռե­­չեփ Թա­­յիփ Էր­­տո­­­ղան Ան­­գա­­­րայի իր նստա­­վայ­­րին մէջ ըն­­դունեց Ատրպէյ­­ճա­­­նի Ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար Ճէյ­­հուն Պայ­­րա­­­մովը։

«Հան­­դիպման ըն­­թացքին քննար­­կուեցաւ Ատրպէյ­­ճան-Հա­­յաս­­տան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու կար­­գա­­­ւոր­­ման ըն­­թացքը։ Նա­­խագա­­հը ընդգծեց, որ Զան­­գե­­­զու­­րի մի­­ջանցքի ան­­յա­­­պաղ բա­­ցու­­մը եւ հա­­մապար­­փակ խա­­ղաղու­­թեան հա­­մաձայ­­նա­­­գիրի ձեռքբե­­րու­­մը կա­­րեւոր են տագ­­նա­­­պին կար­­գա­­­ւոր­­ման հա­­մար», կը նշո­­ւի Էր­­տո­­­ղանի աշ­­խա­­­տակազ­­մի հրա­­պարա­­կած հա­­ղոր­­դագրու­­թեան մէջ։

Պայ­­րա­­­մովի հետ զրոյ­­ցին ըն­­թացքին, Էր­­տո­­­ղան նաեւ նշեց, որ պէտք է շա­­րու­­նա­­­կել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մի­­ջեւ առեւ­­տուրի ծա­­ւալը մին­­չեւ 15 մի­­լիառ տո­­լար հասցնե­­լու ջան­­քե­­­րը եւ ընդգծեց, որ եր­­կու եր­­կիրնե­­րու շա­­հերէն կը բխի սեր­­տօ­­­րէն հա­­մագոր­­ծակցիլ ու­­ժա­­­նիւ­­թի եւ փո­­խադ­­րութեան բնա­­գաւառ­­նե­­­րուն մէջ։

Ատրպէյ­­ճա­­­նի Ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարարը Ան­­գա­­­րայի մէջ հան­­դի­­­պում մը ու­­նե­­­ցաւ նաեւ իր թուրքիացի պաշ­­տօ­­­նակից Հա­­քան Ֆի­­տանի հետ։ Այս հան­­դի­­­պու­­մէն ետք Հա­­քան Ֆի­­տան անդրա­­դար­­ձաւ Լա­­չին մի­­ջանցքի ար­­գե­­­լափակ­­ման հե­­տեւան­­քով Ար­­ցա­­­խի մէջ տի­­րող մար­­դա­­­սիրա­­կան ճգնա­­ժամին։ Աւե­­լի ճիշդ բա­­ցատ­­րութեամբ Թուրքիոյ Ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րը ան­­տե­­­սեց ար­­ցա­­­խահա­­յու­­թեան մատ­­նո­­­ւած ծանր իրա­­վիճա­­կը եւ խնդի­­րը մեկ­­նա­­­բանեց պե­­տական տա­­րածքնե­­րու չա­­փանի­­շով։ Ֆի­­տան յայտնեց թէ Լա­­չինը ատրպէյ­­ճա­­­նական հո­­ղամաս է, ար­­դա­­­րեւ Ատրպէյ­­ճան ինք կը որո­­շէ թէ որ մի­­ջոց­­նե­­­րուն պէտք է դի­­մէ։

Հա­­քան Ֆի­­տան նաեւ ու­­րա­­­ցաւ բժշա­­կական օգ­­նութեան կա­­րօտ հի­­ւանդնե­­րու տե­­ղաշրջժին դէմ յա­­րու­­ցո­­­ւած ար­­գելքնե­­րը եւ պնդեց թէ անհրա­­ժեշտ ապ­­րանքի փո­­խադ­­րութեան հա­­մար բաց է նաեւ այ­­լընտրան­­քա­­­յին ճա­­նապարհնե­­րը։ Յայտնի է, որ Ֆի­­տան իր այս խօս­­քե­­­րով կ՚ակ­­նարկէ Աղ­­տա­­­մի ճա­­նապար­­հին, որ խստիւ մեր­­ժո­­­ւած էր Ար­­ցա­­­խի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու կող­­մէ։

Միւս կող­­մէ ԱՄՆ եւ ԵՄ-ի շրջա­­նակ­­նե­­­րէն իրա­­րայա­­ջորդ կո­­չեր կը լսո­­ւին Լա­­չինի մի­­ջանցքը բա­­նալու եւ ար­­ցա­­­խահա­­յու­­թեան դէմ գոր­­ծադրո­­ւող շրջա­­փակ­­ման վերջ տա­­լու հա­­մար։

Նշենք որ Ճէյ­­հուն Պայ­­րա­­­մովի այ­­ցե­­­լու­­թեան ըն­­թացքին կրկին ու կրկին կրկնուեցաւ Զան­­գե­­­զու­­րի Մի­­ջանցքի խնդի­­րը։ Նիւթ մը՝ որ յստա­­կօրէն մեր­­ժո­­­ւած է ՀՀ կա­­ռավա­­րու­­թեան կող­­մէ, բայց Թուրքիա եւ Ատրպէյ­­ճան յա­­մառօ­­րէն կը շա­­րու­­նա­­­կեն խնդի­­րը օրա­­կար­­գի վրայ պա­­հելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ