«Տիսնէյ+» հրաժարեցաւ Աթաթիւրքի ֆիլմաշարէն

Թուրքիոյ մէջ հա­ղորդումնե­րով յայտնի «Տիս­նէյ+» հար­թա­կը եր­կար ժա­ման­կէ ի վեր կը պատ­րաստէր Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան հիմ­նա­դիր Քե­մալ Աթա­թիւրքի ձօ­նուած ֆիլ­մա­շար մը։ Հար­թա­կը թէեւ վեր­ջերս յայ­տա­րարած էր թէ պի­տի դադ­րեցնէ տե­ղական ար­տադրու­թիւննե­րու ցու­ցադրու­թիւնը, բայց պի­տի հա­ղոր­դէ Աթա­թիւրքի ֆիլ­մա­շարը։ Միւս կող­մէ սփիւռքի որոշ հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պութիւններ հար­թա­կին կոչ կ՚ուղղէին այս հա­ղոր­դումէն հրա­ժարե­լու հա­մար։

Այժմ թրքա­կան լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւննե­րը կը հա­ղորդնե թէ «Տիս­նէյ+» վեր­ջին որո­շու­մով մը հրա­ժարած է ֆիլ­մա­շարի ցու­ցադրու­թե­նէն։

Հար­թա­կը այս մա­սին թէեւ պաշ­տօ­նական յայ­տա­րարու­թիւն մը չէ ըրած, բայց նշած է, որ տե­ղական ար­տադրու­թիւննե­րէ հրա­ժարե­լու որո­շու­մը հա­մաշ­խարհա­յին բնոյթ ու­նի եւ չէ սահ­մա­նուած Թուրքիայով։

Նշենք որ սփիւռքա­հայ կազ­մա­կեր­պութիւններ ող­ջունած են ֆիլ­մա­շարի ցու­ցադրու­թիւնը չե­ղեալ հա­մարե­լու որո­շու­մը, զայն վե­րագ­րե­լով իրենց բուռն բո­ղոքին։

Այս պայ­մաննե­րու տակ ցու­ցադրու­թիւնը պի­տի կա­յանայ հար­թա­կին պատ­կա­նող «Ֆօքս» հե­ռուստա­կայա­նի մի­ջոցաւ 29 Հոկ­տեմբեր 2023-ին։ Իսկ սե­րիալէն ամ­փո­փուած ֆիլ­մը պի­տի ցու­ցադրո­ւի շար­ժանկա­րի սրահ­նե­րուն մէջ։

Այս մա­սին իր դժգո­հու­թիւնը յայտնեց Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան բան­բեր Էօ­մեր Չե­լիք։ Ռա­տիոյի եւ հե­ռուստա­կայան­նե­րու վե­րաքննիչ հաս­տա­տու­թեան պետ Էպու­պե­քիր Շա­հին ալ այս մա­սին յայ­տա­րարու­թիւն մը ընե­լով նշեց թէ որո­շած են «Տիս­նէյ+» հար­թա­կէն բա­ցատ­րութիւն պա­հան­ջել եւ հար­ցաքննել այս խնդի­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ