Աքպելեն կը դիմադրէ

Որքան ալ իշխանամէտ մամուլը փորձէ անտեսել Թուրքիոյ մէջ վերջին օրերու կարեւորագոյն խնդիրը ըլլալ կը շարունակէ Աքպելենի անտառահատումը։ Եգէական շրջանի այս գաւառին մէջ գիւղացիներ բուռն կերպով կը դիմադրեն «Լիմաք» ընկերութեան ձեռնարկած անտառահատման դէմ։ Նախապէս ալ նշած էինք թէ այս ընկերութիւնը կը վայելէ իշխանութեան հոգատարութիւնը, որ հիմա այլեւս հասած է ուղղակի ժողովուրդի դէմ պայքարելու հանգրուանին։

Արդարեւ գիւղացիներ յաճախ կ՚ենթարկուին բանակայիններու ծանր յարձակումներուն։ Արցունքաբեր կազի օգտագործումը այդ յարձակումներու ամենաթեթեւ եղանակն է։ Գիւղացիները կը մատնուին կոպիտ խոշտանգումի, բայց կը շարունակեն անտառի մէջ հերթապահութիւնը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ