«Վերադարձ» պարախումբի համերգը արգիլուած

Վերջին տա­րինե­րուն հետզհե­տէ սո­վորու­թիւն դար­ձած որոշ արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու հա­մերգնե­րուն կամ փա­ռատօ­ներուն ար­գի­լուե­լու որո­շումնե­րը, որոնք այս ան­գամ ուղղո­ւեցան հայ­կա­կան պա­րախումբին։ Այս մա­սին «Կա­զեթէ Տու­վար»ի մէջ Տույկու Քըթ կը հա­ղոր­դէ թէ 3-6 Օգոս­տոս թո­ւական­նե­րուն կա­յանա­լիք Մնձու­րի 21-րդ փա­ռատօ­նի շրջագ­ծին մէջ Թունճե­լիի կու­սա­կալու­թեան որո­շու­մով ար­գի­լուած են «Կու­րուփ Եորում», «Ապստամ­բութեան Կրակ» երաժշտա­կան խմբե­րու եւ հայ­կա­կան «Վե­րադարձ» պա­րախումբի ելոյթնե­րը։ Այս մա­սին յայ­տա­րարու­թիւն մը կա­տարած է փա­ռատօ­նի կար­գա­դիր յանձնա­խումբը եւ հոն նշած է կու­սա­կալու­թեալ 28 Յու­լիս թո­ւակիր ար­գելքը։

Թունճե­լի քա­ղաքի կու­սա­կալու­թիւնը վեր­ջին տա­րինե­րուն առ­հա­սարակ կ՚ար­գի­լէր ամ­բողջ փա­ռատօ­նը։ Իսկ այս տա­րի երեք խումբե­րու հա­մերգնե­րուն ար­գիլման հա­մար պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն մըն ալ չէ ներ­կա­յացո­ւած։

«Ար­թը Կեր­չեք» թեր­թի լրա­տուու­թեան հա­մաձայն ալ «Ապստամ­բութեան Կրակ» խումբի ան­դամնե­րէն եօթը հո­գի բեր­ման են­թարկո­ւած են։

Նշենք որ նա­խորդ տա­րինե­րուն Տէր­սի­մի Հա­յոց Հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան կար­գադրու­թիւնով հա­յաս­տա­նեան պա­րախումբեր ելոյթ ու­նե­ցած էին Մնձու­րի փա­ռատօ­նի օրե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ