ԷՐՎԱՊ-է ներս աշխատանքի բաժանում

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ, 31 Յուլիս երկուշաբթի երեկոյեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Թրքա­հայ վա­քըֆ­նե­րու միու­թիւն ԷՐ­ՎԱՊ-ի հեր­թա­կան ժո­ղովը։ Ժո­ղովը փակ էր մա­մու­լին եւ օրո­ւայ օրա­կարգն էր տնտե­սական, կրթա­կան, իրա­ւաբա­նական, ռազ­մա­վարա­կան, հա­ղոր­դակցա­կան եւ երկրա­շար­ժի նիւ­թե­րով յա­տուկ յանձնա­խումբե­րու կազ­մութիւ­նը։ Այսպէս Եշիլ­գիւղի Սուրբ Ստե­փանոս Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թե­նէն ճար­տա­րապետ Գէորգ Էօզ­գա­րակէօզ երկրա­շար­ժի, Գա­տըգիւ­ղի Ս. Թա­գաւոր եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թե­նէն Սար­վէն Սերթշիմ­շէք ռազ­մա­վարու­թեան, Պո­յաճը­գիւ­ղի Ս. Երից Ման­կանց եկե­ղեց­ւոյ ատե­նապետ Նա­զարէթ Էօզ­սա­հակեան հա­ղոր­դակցու­թեան, Նար­լը­գաբո­ւի Սուրբ Յով­հաննէս եկե­ղեց­ւոյ ատե­նապետ Հեր­ման Կիւրճիեան տնտե­սական, Պէ­յօղ­լուի Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ ատե­նապետ Աք­սել Թո­փալեան կրթու­թեան Գա­րակէօզեան որ­բա­նոցի վար­չութեան ան­դամ Սա­րօ Պենկլեան ալ իրա­ւաբա­նական յանձնա­խումբե­րը պի­տի կազ­մեն։ ԷՐ­ՎԱՊ-ի քար­տուղար, Գուրուչեշմէի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ ատենապետ Պերճ Քուզիքօղլու «Ակօս»ին յայտնեց թէ իւրաքանչիւր յանձնախումբ պիտի բաղկանայ եօթը անդամներէ, որոնք պիտի ընտրուին ներկայ թաղական խորհուրդներու անդամներէն։ Ան նաեւ նշեց թէ կրթական յանձնախումբին պիտի անդամակցին դպրոց ունեցող թաղականութիւններու ներկայացուցիչները։ Յատկապէս ընդգծուեցաւ թէ այս յանձնախումբին մէջ տեղ չեն ունենար Հայ կաթողիկէ դպրոցներու ներկայացուցիչները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ