Խորհրդածութիւններ Լոզանի դաշնագրի լոյսին տակ

Ժողովուրդնե­րու ժո­ղովուրդա­վարու­թեան հա­մագու­մա­րի նա­խաձեռ­նութեամբ 30 Յու­լի­սին Շիշ­լի, Նա­զըմ Հիք­մե­թի անուան մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ կա­յացաւ բա­նախօ­սու­թիւննե­րու շարք մը՝ «Լո­զանի դաշ­նագրի 100-ամեակին հա­շուե­յար­դար եւ առիթ­ներ» խո­րագի­րով։

Ինչպէս ծա­նօթ է, Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թեան հիմ­նա­քարը հա­մարո­ւող Լո­զանի դաշ­նա­գիրը ստո­րագ­րո­ւած էր 24 Յու­լիս 1923 թո­ւակա­նին Զո­ւիցե­րիոյ նոյ­նա­նուն քա­ղաքին մէջ։ Ա. Աշ­խարհա­մար­տի յաղ­թա­կան եր­կիրնե­րը ստո­րագ­րո­ւած պայ­մա­նագ­րով ապա­հոված եղան իրենց թէ ան­ցեալէն ժա­ռան­գած պարտքե­րը եւ թէ նո­րակազմ պե­տու­թեան քա­ղաքատնտե­սական երաշ­խիքնե­րը։

Եթէ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան պե­տական իրա­ւաս­նութիւննե­րը այս դաշ­նագրով փո­խան­ցո­ւած եղան Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թեան, նոյն դաշ­նա­գիրը լրջօ­րէն ան­տե­սեց երկրի այլ ժո­ղովուրդնե­րու բո­լոր իրա­ւունքնե­րը։ Որ­պէս բա­ցառու­թիւն բա­նակ­ցութեան սե­ղանին դրո­ւեցան երկրի ոչ իս­լամ տար­րե­րու իրա­ւունքնե­րը, որոնք աւե­լի ետք սահ­մա­նուած մնա­ցին հայ, յոյն եւ հրեայ հա­մայնքնե­րով։ Այս է պատ­ճա­ռը, որ դա­րադար­ձը յա­տուկ ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացաւ յատ­կա­պէս քիւրտ քա­ղաքա­կան շրջա­նակ­նե­րէ ներս։

Այս վեր­ջին կազ­մա­կեր­պութիւ­նը կը բաղ­կա­նար ասու­լիսնե­րու եր­կու հա­տուած­նե­րէ։ Առա­ջին նիս­տը կը վա­րէր Նազ­լը Պու­քեթ Եազը­ճը։ Ատե­նախօս­ներն էին պատ­մա­բան Մութլու Էօզ­թիւրք, իրա­ւաբան Էմ­րան Էմեք­չի, «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու խմբա­գիր Բագ­րատ Էս­դուգեան եւ պատ­մա­բան Էր­տո­ղան Այ­տըն։

Օրո­ւայ յետ­մի­ջօրէի նիս­տի ժո­ղովա­վարն էր Էլիֆ Պու­լութ։ Այս նիս­տի ատե­նախօս­ներն էին «Ակօս»ի յօ­դուա­ծագիր փրոֆ. Պաս­քըն Օրան, լրագ­րող Ռոժ­տա Եըլ­տըզ եւ Օս­ման Թիֆ­թիքճի։

Մութլու Էօզ­թիւրք իր ելոյ­թին մէջ նշեց թէ Լո­զանի դաշ­նա­գիրը քիւրտ ժո­ղովուրդի հա­մար ոչ թէ յաղ­թա­նակ մըն է, այլ այդ ժո­ղովուրդը պատ­մութե­նէն ջնջե­լու փորձ մը։ «Ոչ թէ փորձ, այլ չոր­սի բա­ժանո­ւած Քիւրտիս­տա­նը ան­գոյ հա­մարե­լու պաշ­տօ­նական փաս­տա­թուղթ» ըսաւ Մութլու Էօզ­թիւրք։

Փաս­տա­բան Էմ­րան Էմեք­չի նախ նկա­րագ­րեց բա­նակ­ցութեան սե­ղանը, եւ ապա հար­ցում ուղղեց այդ սե­ղանի վրայ ին­չե՞ր ծա­խուե­ցան եւ ի՞նչ ձեռքբե­րումներ եղան հար­ցադրու­մը։ Ապա ան պա­տաս­խա­նեց իր ուղղած հար­ցումին թո­ւելով այդ դաշ­նագրի մի­ջոցաւ տու­ժողնե­րը եւ շա­հաւոր դուրս եկող­նե­րը։

Բագ­րատ Էս­դուգեան Լո­զանի դաշ­նա­գիրը մեկ­նա­բանեց երկրի ազ­գա­յին եւ կրօ­նական փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու տե­սակէ­տէ եւ նշեց թէ Հան­րա­պետու­թեան հիմ­նադրու­թե­նէն այս կողմ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը ինչպէս ալ աւե­լի փոք­րա­ցան, նո­ւազե­ցան եւ դար­ձան երկրի աննշան մէկ մաս­նի­կը։

Էս­դուգեան օրի­նակ բե­րեց Իմ­րոզ եւ Թե­նէսոս կղզի­ներու բնակ­չութեան նո­ւազու­մը, որ պե­տական կար­գադրու­թեան մը հե­տեւանքն էր։

«Թրքա­կան պա­տուի­րակու­թիւնը, երբ կը ստո­րագ­րէր դաշ­նա­գիրը, ար­դէն գի­տեր թէ այդտեղ ստանձնած պար­տա­կանու­թիւննե­րէն որ մէ­կը պի­տի գոր­ծադրէ եւ որ մէ­կը պի­տի ան­տե­սէ։ Ան այս հաս­տա­տու­մը ըրաւ օրի­նակ բե­րելով թրքա­կան պե­տու­թեան նախ­կին խոս­տումնե­րը, որոնք աւե­լի ետք եր­բեք չէին գոր­ծադրո­ւած զա­նազան առիթ­նե­րէ օգ­տո­ւելով։

Կրնան օրի­նակ թո­ւել Պեր­լի­նի դաշ­նա­գիրը, որ իբ­րեւ թէ կը խոս­տա­նար արե­ւելեան նա­հանգնե­րու մէջ հա­յան­պաստ բա­րեփո­խումներ, որոնք եր­բեք չգոր­ծադրո­ւեցան նոյ­նիսկ Եւ­րո­պական պե­տու­թիւննե­րու ղրկած քննիչ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ»։

Էս­դուգեան իր խօս­քե­րը եզ­րա­կացուց «Հա­յերու, նոյ­նիսկ 2000-է նպաստ բնակ­չութիւ­նով յոյ­նե­րու եւ հրեանե­րու իբ­րեւ կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­մայնքներ իրենց գո­յու­թիւնը շա­րու­նա­կելու երե­ւոյ­թը ան­շուշ, որ յա­մառ դի­մադ­րութեան մը հե­տեւանքներն են» ըսե­լով։

Այս բաժ­նի վեր­ջին ատե­նախօսն էր պատ­մա­բան Էր­տո­ղան Այ­տըն, որ ան ալ իր կար­գին մեկ­նա­բանեց նոր օս­մա­նական մտա­ծողու­թեան Լո­զանի դաշ­նագրի դէմ առար­կութիւննե­րը։ «Նե­րառեալ ներ­կայ կա­ռավա­րու­թիւնը աջա­կող­մեան­նե­րը շատ աւե­լի յե­տադի­մական մեր­ձե­ցու­մով մը կը քննա­դատեն Լո­զանի պայ­մա­նագի­րը։ Անոնք կ՚ափ­սո­սան կայսրու­թեան կո­րած տա­րածքնե­րուն եւ այդ կո­րուստը կը վե­րագ­րեն Լո­զանի դաշ­նա­գիրը ստորագ­րող պա­տուի­րակու­թեան»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ