Գրող Կիներ եւ Իրենց (չ)գրածները. «Սերվի նինէ վէ իւչ Կիւզելլէր»

ՄԵՐԻ ԹԵՔ ՏԵՄԻՐ

«Սեփական սե­նեակ» կ՚ըսէ Վիր­ճի­նիա Ուոլ­ֆը,— գրե­լու հա­մար, դրա­մի եւ սե­փական սե­նեակի մը պէտք ու­նի կին մը։ 2023 թո­ւակա­նին «Տույկու Ասե­նա» գրա­կան մրցա­նակա­կիր Առ­լին Չի­չէք­չիին «Սեր­վի նի­նէ վէ իւչ կիւ­զելլէր» (Նո­ճի մեծ մա­ման եւ երեք գե­ղեց­կուհի­ները) վէ­պին հե­րոս Սու­նան, որուն պար­զամտու­թիւնն ու բա­րեսրտու­թիւնը ու­շագրաւ են, թէեւ կ՚ամ­բողջաց­նէ 1920-ական­նե­րուն Ուոլ­ֆի նշած եր­կու պայ­մաննե­րը, որոնք այ­սօր ալ կա­րեւոր են՝ տնտե­սական ազա­տու­թիւնն ու անձնա­կան տա­րած­քը, սա­կայն չու­նի գրա­սեղան եւ զինք հե­տաքրքրող նիւ­թե­րով գրա­դարան մը։ Այ­նո­ւամե­նայ­նիւ, Նո­ճիի ծա­ռը՝ կանգնած իր յար­կա­բաժի­նին դի­մաց, ուր առան­ձին կ՚ապ­րի ամու­սի­նէն բա­ժանո­ւելէն ի վեր, ման­կութեան լսած հե­քիաթ­նե­րը եւ պատ­մութեան զար­գացման մի­ջոցին իր ստեղ­ծած կեր­պարնե­րը կը ներշնչեն Սու­նան՝ գրե­լու պզտիկ նօ­թատետ­րի մէջ։ Առ­լին Չի­չէք­չիին գլուխ գոր­ծոց վէ­պին մէջ կը գտնո­ւին իրա­րու հիւ­սո­ւած բազ­մա­թիւ դէպ­քեր՝ տար­բեր ժա­մանա­կաշրջան­նե­րու վրայ տա­րածո­ւած։ Այս իմաս­տով, պատ­մութիւ­նը նաեւ կը պա­րու­նա­կէ պատ­մագրա­կան գեր­գե­ղարո­ւես­տա­կան (metafiction) տար­րեր, եւ հին սուրբի մը՝ որ­պէս պատ­մող ըն­թերցո­ղին յա­ճախ ըն­թերցո­ղակեդ­րոն ոճով դի­մելու իրո­ղու­թիւնը կը յի­շեց­նէ Ռո­լան Պար­թին հռչա­կաւոր «Հե­ղինա­կին մա­հը» վեր­լուծու­մը։ Այ­նո­ւամե­նայ­նիւ, այս բո­լորը մէկ կողմ դնե­լով, այս յօ­դուա­ծին մէջ կ՚ու­զեմ կեդ­րո­նանալ, թէ ինչպէ՛ս Չի­չէք­չի կը ներ­կա­յաց­նէ «գրող կին մը ըլ­լա­լը» (որուն փափ­կանկատ կեր­պով անդրա­դար­ձած էր սի­րելի Այ­լին Վար­դա­նեանը, Բար­ռե­սիաբա­րին իր վեր­ջին գրու­թեան մէջ, Քա­րաքաշ­լըին եւ Էռ­նո­յին ճամ­բով), Սու­նա­յին նման պար­զա­միտ կեր­պա­րով եւ այդ ներ­կա­յաց­նե­լու օգ­տա­գոր­ծած լե­զուով։

Կար­դա­լով վէ­պը մերթ ընդ մերթ մե­զի պարզ կը դառ­նայ, որ Սու­նան ծնած օրէն կորսնցու­ցած է իր մայ­րը եւ հօ­րը հո­գատա­րու­թեան տակ մեծ­ցած է, հօ­րաք­րոջ հետ խա­ղացած ժա­մանակ հե­քիաթ­ներ հնա­րելու սո­վորու­թիւնը ու­նե­ցած է, Պո­լիս փո­խադ­րո­ւած է Երզնկա­յի Կու­րուչայ գա­ւառէն իր սի­րածին՝ Ֆրա­թին հետ պսա­կուե­լու, Ֆրա­թէն բաժ­նո­ւած է անոր զա­նազան տե­սակի անար­դա­րու­թիւննե­րու եւ դա­ւաճան­նութիւննե­րու պատ­ճա­ռով, կը փոր­ձէ առան­ձինն գո­յատե­ւել Պոլ­սոյ մէջ՝ քան թէ իր գիւ­ղը վե­րադառ­նա­լը, եւ հաս­տա­տու­թեան մը մէջ կ՚աշ­խա­տի որ­պէս տոմ­սակ ծա­խող։ Սու­նա­յին պատ­մութիւ­նը, զոր ար­կա­ծախնդրու­թիւններ կը կո­չեմ որ­պէս գրող, նո­ճի ծաոը փրկե­լու իր փա­փաքէն կը բխի։ Օր մը, Սու­նան թա­ղին հան­րա­յին պար­տէ­զը կ՚այ­ցե­լէ եւ Պե­կել հաց ծա­խողին հետ խօս­քի բռնո­ւելով կ՚իմա­նայ, որ պար­տէ­զին մէջ շիր­մա­քար մը կը գտնո­ւի. նաեւ՝ ակա­նատես կ՚ըլ­լայ շի­նարա­րու­թեան պատ­ճա­ռով զինք խա­ղաղու­թիւն պար­գե­ւող նո­ճիին ար­մա­տախիլ ըլ­լա­լու վտան­քին։ Տի­նան, որուն պա­տահա­բար կը հան­դի­պի այ­գիին մէջ եւ կ՚ըն­կե­րանայ, եւ Արա­րատը, որուն կը ծա­նօթա­նայ Տի­նային ճամ­բով, կը դառ­նան Սու­նա­յին ար­կա­ծախնդրու­թեան ան­կիւնա­դար­ձա­յին դէմ­քե­րը, որով­հե­տեւ այս բո­լորէն ետք, Սու­նան իր պզտիկ նո­թատետ­րին մէջ գրե­լու կը սկսի եւ կը սկսին գրել սկսեալ Էյուպ Սուլթա­նէն մին­չեւ Պոլ­սոյ զա­նազան բա­նաւոր պատ­մութիւննե­րը։ Հին առաս­պել մը կը հան­դի­պի Սու­նա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծութեան եւ մա­քուր հո­գիին՝ նո­ճիի ծա­ռը փրկե­լու հա­մար, եւ Սու­նա­յին գրա­կան ար­կա­ծախնդրու­թիւնը կը սկսի պզտիկ նո­թատետ­րով։ Ան­շուշտ, պատ­մո­ղին դե­րակա­տարու­թիւնը մեծ է, քա­նի որ պատ­մո­ղը Սու­նա­յին մու­սան է՝ եր­բեմն իր ամե­նագի­տու­թեամբ, եր­բեմն ալ՝ իմաս­տութեամբ։ Տար­բեր կարճ պատ­մութիւններ պա­րու­նա­կող այս վէ­պին կեդ­րո­նը կը գտնուի կին կեր­պար մը, որուն կեան­քը կ՚անդրանցնի քա­ղաքին փոք­րիկ կեան­քը եւ կ՚առ­նէ մեծ քա­ղաքին քաոսա­յին ձե­ւը, եւ որ, այս բո­լոր դէպ­քե­րուն մէջ, իր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւնն ու գրի­չը կը դարձնէ նո­ճին փրկե­լու պա­տուա­րի մը։ Սու­նա­յին՝ անհե­տաց­ման դէմ պայ­քա­րի ներ­կա­յացու­մը կա­րելի է սե­պել կա­նանց ան­հե­տաց­ման դէմ դա­րաւոր պայ­քա­րի իւ­րա­յատուկ օրի­նակ։

Վեր­ջա­պէս, «Սեր­վի նի­նէ վէ իւչ կիւ­զելլէր» վէ­պը հայ կնոջ մը կող­մէ գրո­ւած ըլ­լա­լը կրնայ ըն­թերցո­ղին մօտ հե­տաքրքրու­թիւն արթնցնել, թէ հե­ղինա­կին մշա­կոյ­թէն ի՛նչ պի­տի տես­նէ վէ­պին մէջ։ Ան­կեղծ ըլ­լա­լու հա­մար, ես ու­նէի այս հե­տաքրքրու­թիւնն ու ակնկա­լու­թիւնը, քա­նի որ վէ­պը գրո­ւած է ներ­կա­յին մէջ ապ­րող երի­տասարդ կնոջ մը կող­մէ, որ կը պատ­կա­նի նոյն հա­մայնքին, սա­կայն երբ կար­դա­լու սկսայ նկա­տեցի, որ լե­զուն օտար էր ին­ծի։ Իր պատ­մութեան մէջ Չի­չէք­չին հայ­կա­կան մշա­կոյ­թէն պա­տառիկ­ներ դրած էր։ Օրի­նակ, Սու­նան Տի­նայէն լսած թռչուն բա­ռը կը հասկնայ, թէեւ ինք հա­յերէն չի խօ­սիր, քա­նի որ իր հայ­րը փոքր տա­րիքին գիւ­ղը ապ­րած հա­յերէն լսած ըլ­լա­լով գի­տէր թռչուն բա­ռը եւ Սու­նա­յին թռչուն կը կան­չէր։ Տի­նան եւ իր զար­մի­կը՝ Արա­րատը, Սու­նա­յին հրամ­ցուցած քա­թանե­րը իրենց գիւ­ղի գա­թանե­րուն կը նմանցնէին։ Բայց այս ակ­նարկնե­րը աւե­լի շատ ար­տա­քին դի­տողու­թիւններ էին՝ քան ներ­սէն կա­տարո­ւած վեր­լուծումներ։ Թէեւ ակնկա­լու­թիւնս սոսկ հայ­կա­կանու­թեան վե­րաբե­րեալ պատ­մութիւն մը չէր, ես կա­րողա­ցայ հե­ղինա­կին օգ­տա­գոր­ծած լե­զուին մէջ կլա­նել որ­պէս հայ կին գո­յու­թիւն ու­նե­նալու եւ գրե­լու փոր­ձա­ռու­թիւնը, որով­հե­տեւ կը հա­ւատամ, որ պէտք ու­նինք ներ­կա­յի փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը այնքան որ­քան պէտք ու­նինք ան­ցեալի փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը եւ թէ կա­րեւոր է մեր անձնա­կան պատ­մութիւննե­րը պատ­մե­լը։ Որ­քան հե­տազօ­տեմ այս գա­ղափա­րը, այնքան կը հասկնամ, որ վէ­պի մը ըն­թերցու­մը յետ­գա­ղու­թա­յին ըն­թերցա­նու­թեան կը կա­րօտի. Եւ թէեւ Չի­չեք­չին յստա­կօրէն այդ մէ­կը չ՚ար­տա­յայ­տեր, հիմ­նո­ւելով իմ ըն­թերցա­նու­թեանս, կը կար­ծեմ ան­կա­րելի է չյի­շել այն կա­նանց, որոնք փոր­ձեր են կառ­չիլ 20-րդ դա­րու հա­յերու ներ­գաղթա­յին իրա­կանու­թեան. 2005 թո­ւակա­նին, Գրի­գոր Պլը­տեան իր ելոյթնե­րէն մէ­կուն ըն­թացքին կը յայ­տա­րարէ, որ հայ վի­պագ­րութեան յա­ռաջ­դի­մու­թեան ար­գելքնե­րէն մէ­կը այն է, որ անի­կա սփիւռքի հայ­կա­կան գա­ղութնե­րու հար­ցե­րուն ար­տա­յայ­տութիւնն է եւ հե­տեւա­բար կը կորսնցնէ իր գե­ղագի­տական եւ գրա­կան որա­կը, որ պէտք է սե­րունդէ սե­րունդ փո­խան­ցո­ւի։ Առ­լին Չի­չէք­չին մե­զի կը յի­շեց­նէ իր մշա­կոյ­թին ար­տա­ցոլա­ցու­մը միայն տո­ղերու ընդմէ­ջէն, առանց Պլը­տեանին մատ­նանշած վի­պագ­րութեան դառ­նա­լու։

(Թարգմա­նու­թիւն՝ Արազ Գո­ճայեանի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ