«Ձեզ տանջող ցաւը, մեզ էլ է գերել»։
Յովհաննէս Թումանեան
Արցախի մէջ տիրող վիճակը, որ մարդկային քաղաքակիրթ որեւէ կարգի կամ օրէնքի եւ իրաւունքի համապատասխան չէ, շատերուն կ՚անհանգստացնէ ի սփիւռս աշխարհի եւ ան կը մնայ համայն հայութեան բարոյական տառապանքի ազդակ։ Միայն թէ կան հայրենակիցներ եւ ոչ շարքային, որ միւսներէն շատ աւելի տանջամահ կ՚ըլլան, որոնցմէ է ՀՀ երրորդ նախագահը, որ անքուն գիշերներ անցընելով լուսապայծառ գաղափարներ կ՚երկնէ՝ բաց նամակ ուղղել համանախագահ երկրներու (ԱՄՆ, Ֆրանսիա Ռուսիա) ղեկավարներուն։
Ըստ էութեան, պախարակելի կամ սխալ չի կրնար գնահատուիլ նման քայլը՝ նկատի ունենալով խօսքի ազատութեան իրաւունքը, որ շնորհուած է իւրաքանչիւրին։ Միայն թէ անհնար է անտեսել որեւէ գրութեան բովանդակութիւնը եւ փաստարկութիւնը, մանաւանդ երբ ան կ՚ըլլայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջեւ, երբ ամէն մի կէտ ու ստորակէտ իրենց արժէքն ու նշանակութիւնը ունին։
Մեր երկրի «Անզուգական-փնտռուած» նախագահ քաղաքական գործիչը կը դիմէ աշխարհի մեծերուն, առանց որեւէ նախաբանի, ներկայացնելով Մարտակերտի գիւղերէն մէկուն երեքամեայ Լէօ եւ վեցամեայ Գիտա(1) եղբայրներու խեղդամահ ըլլալու նողկալի եւ սահմռկեցուցիչ դէպքը, որպէս փաստարկ Լաչինի արգելափակող անցակէտը բանալու միջամտելու պատրուակ։ Անշուշտ նպատակը կարելի էր ազնիւ եւ զգացմունքային համարել, եթէ փորձառու հռետորականը չյաւելագրէր իր հայցը «2018 թուականը, երբ մեր հասարակութիւնը յուզական ընտրութիւն կատարեց եւ իշխանութիւնը յանձնեց պետութեան ընկալման հետ որեւէ աղերս չունեցող գործչի... շատերը օգտուեցին այդ մարդու՝ սեփական երկրի շահերի հետ կապ չունեցող անտրամաբանական քայլերից»։
Կարելի էր թերեւս այս խօսքերուն կարեւորութիւն չտալ, քանզի անոնք համազօր են ԱԺ ամբիոնէն հնչող յանգերգներուն, բայց խնդիրը այլ ծաւալ կ՚ընդունի, երբ այն ուղղուած է խոշոր երկրներու նախագահներուն եւ իմ կարծիքով՝ այն դաւաճանութեան կատարեալ տեսակ է՝ սեփական երկրի երեսը մրոտելով։ Բացի այդ, խղճուկ Սերժիկը, այլ կերպ չեմ կարող կոչել, մոռացել է, որ իր յիշատակած 2018-ին յայտարարեց հանրութեանը, թէ՝ Նիկոլը ճիշդ էր, ինքը սխալուած է եւ կը հրաժարի վարչապետի պաշտօնէն։
Ի վերջոյ խորին համոզմամբ ան կը նշէ իր նամակին, որ արդի ՀՀ իշխանութիւնները Արցախի վիճակը որոշելու քուէ չունին եւ իրաւասու չեն այդ խնդրով բանակցիլ, որ կը նշանակէ թէ ամիսներ ի վեր տեղի ունեցած հանդիպում֊ բանակցութիւնները այդ խնդրի առիթով պարապ են եւ ոչ մի բանի չեն ծառայեր, որպէս ապացոյց կը նշէ Լաչինի միջանցքի կարգավիճակը՝ շեշտելով, որ իր յիշատակած երկրներէ ներս Արցախի խնդիրով շատ աւելի բանիմացներ կան, որոնք կը տիրապետեն բոլոր նրբութիւններուն եւ անցած փուլերուն, քան ներկայ ՀՀ իշխանութիւնները։ Անպակաս են նման յերիւրանքները տարբեր հարթակներու վերաբերեալ եւ ի վերջոյ այս սրտացաւ Արցախի հոգսերով տառապողը կը դիմէ եռակողմ նախագահներուն ամէն ինչ ընել՝ ջանք չխնայելով Բերձորի անցակէտը շուտափոյտ բնալու եւ կարեւոր է, որ կը հաւատայ, թէ այդ նախագահները կարող են խնդիրը լուծելու։
Մտադիր չեմ ՀՀ վարչապետի եւ իշխանութեան գովքը ընելու, կամ փառաբանելու, բայց անկարող եմ ճիշդ հասկնալ, թէ արդի պետական այրերը իրենց բազում օտարերկրեայ հանդիպումներու ընթացքին ի՞նչ կ՚ընեն, եթէ ոչ քննարկել Արցախի հարցը։
Աներկբայ է, որ քսան տարիներու երկարաժամկէտ նախագահ խաչեղբայրներ Քոչարեան եւ Սարգսեան ոչ մէկ դրական քայլ ըրած են արցախեան խնդրի օրինական կարգաւորման ուղղութեամբ։ Տեղին է յիշեցնել, որ այդ տարիներուն ոչ մէկ հայց ներկայացուած է ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին ինքնիշխանութեան ճանաչման միտումով։
Փոխարէնը գրաւուած տարածքները աւելի քան երկու տասնամեակ մնացին ամայի եւ վերաբնակեցման որեւէ քայլ չընելով իմաստութիւնը չունեցան փոխանակման բանակցութիւն վարելու ծնկադիր թշնամիի հետ։ Գաղտնիք չէ, որ Արցախը թալանողները ապարանքներու տէր են Երեւանի մէջ, իսկ արդի ողբացող Սերժիկը՝ շքանշան կը կախումէր իր փեսայի եւ եղբայրներու կրծքերուն։ Մինչեւ ո՞ւր կարելի է տանիլ նման իրար քարկոծելը, որ անտեղի է եւ անիմաստ՝ ոչնչի չծառայող եւ աւերիչ։
Արցախը համահայկական դժուար եւ անլուծելի խնդիր է, քանզի կծիկը քանդելու բանալին Ալիեւի ձեռքն է եւ 1994-ին Բիշքեքի դաշինքը ստորագրելու բարենպաստ առիթը անտեսուեցաւ կամ չհասկացուեցաւ։ Փոխանակ ենթադրեալ սատարողներուն դիմելով իշխանութեան ապականելու պայմանով, բաց նամակ գրողը աւելի իմաստուն քայլ կ՝ընէր երկրի շահերու նկատմամբ համախոհութիւն ցուցաբերէր, քանզի ընդդիմադիր ըլլալը դեռ շատ հեռու է իմաստուն ըլլալէ։
Այս նամակով նախկին նախագահը կը փորձէր ցոյց տալ արդի իշխանութիւններու ապիկարութիւնը, բայց կը կարծեմ յաջողեցաւ իր անձն եւ հեղինակութիւնը աւելի արժեզրկելու։
(Սեն Ռաֆայէլ)
(1) Ինչ խօսք, որ ողբալի է երկու մանկիկներու ողջակիզումը արեւի ճառագայթներու ներքոյ իրենց մօր ստիպողական անփոյթ արարքի պատճառով, եւ մեծ ողբացողը այդ անօգնական կինն է, միայն թէ դժուար է հաշտուել երախաներու անուններու հետ թէ ինչո՞ւ Լէօ եւ Գիտա, Արցախի կորած մի անկիւնին, որ շարունակութիւնն է աւանդութիւն դարձած Սերժ, Ռոբերտ, Արկադի, Վիտալի եւ այլ այլանդակութեանց, բայց երբեք Հայկ ու Վահագն կամ Արտաշես։