Փողոցս... Հալէպ

Ճերմակ Ագռաւը՝ գրող, ակնարկագիր Սաղաթէլ Պասիլ «Պտոյտ մը Հալէպի Փողոցներուն Մէջ» շարքով մտովի վերադարձած է նախապատերազմեան Հալէպ, ու կարծես ընթերցողին ձեռքէն բռնած՝ զայն կը պտտցնէ յիշողութեան մէջ իր ծննդվայրին, հաւանաբար զայն վերապրելու համար փողոց առ փողոց, գոյն առ գոյն եւ մարդ առ մարդ։

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Կեանքիս ըն­թացքին առա­ջին ճամ­բան էր, որ ազատ ու ապա­հով կը քա­լէի։ Առա­ջին ճամ­բան էր, ուր ամօ­թալի հայ­հո­յանքնե­րը բարձր ձայ­նով կը լսէի ու կ’ու­րա­խանա­յի։ Այս ճամ­բան տու­նիս մօտ էր։ Ու ճիշդ հի­մա, կե­ցած եմ սկիզ­բը։ Աջիս «Թաք­սի Պաղ­տատ»ի օֆիսն է։ Ժա­մանակ առաւ հետս մին­չեւ հասկնամ, թէ այս օֆի­սը ի՞նչ կը­նէ։ Ան­կիւնի վրայ խա­նութ մըն է եր­կու դու­ռով։ Ներ­սը՝ հին­ցած տախ­տա­կէ սե­ղան մը, պա­տերու տակ՝ մի քա­նի աթոռ, նոր­մալ, հին հե­ռախօս մը ան­նորմալ բարձր ձայ­նով ու մի քա­նի ծե­րուկ, որոնք ընդհան­րա­պէս դուրսը քա­րին կը նստէին։ Յե­տոյ հասկցայ, որ «Թաք­սի Պաղ­տատ»ը ու­նե­ւոր խա­ւի, կամ ինչպէս որ Հա­լէպ կ’ըսեն, էքե­պէր մար­դոց թաք­սի ծա­ռայու­թիւնն էր։ Դի­մացի մայ­թը «Մաֆ­րուշաթ Թո­րոս»ն է. ներ­սը միշտ զար­մանքով կը դի­տէի. մեծ-մեծ խա­նութ մըն էր։ Տա­րիներ յե­տոյ այդ խա­նու­թը պի­տի նո­րոգո­ւէր ու վե­րածո­ւէր քա­ֆէյի։

«Թաք­սի Պաղ­տատ»էն վերջ մի քա­նի խա­նութ կայ։ «Մու­նիր»ին քո­վը հա­սայ։ «Մու­նիր»ը իմ ամե­նասի­րած խա­նութնե­րէս մէկն է։ Հոս ծա­նօթա­ցած եմ նոր կա­թոնե­րուն՝ ֆէօրե­նուար, թարթ, բուլ, միւլֆէօյ. հոս ալ, ի մի­ջի այ­լոց, ծա­նօթա­ցած եմ քին­տը­րին, թո­ւիք­սին եւ սնի­քըր­սին։ Աս ալ ձե­զի ըսեմ՝ հո՚ս կազ­մա­կեր­պած էինք ես ու ըն­կերներս մեր առա­ջին չա­րաճ­ճիու­թիւննե­րը. «Պա­պըլ» անու­նով ծիթ մը կար, հինգ հատ մեծ կտոր ծիթ՝ տար­բեր, շատ հա­մով հա­մերով, եր­կու ան­գամ գող­ցեր ենք։ Սա­կայն յե­տոյ երբ որ գիտ­ցանք, որ «Պա­պըլ»ը յու­նա­կան չէ, այլ թրքա­կան, «գող­նա­լու» ծրա­գիրը դադ­րե­ցու­ցինք։ «Մու­նիր»ի միւս զօ­րաւոր յատ­կա­նիշ­նե­րէն մէ­կը այն էր, որ ամէն Չո­րեք­շաբթի եւ Շա­բաթ օրե­րը երե­կոյեան ժա­մերուն տար­բեր տա­րիքի երի­տասարդներ կը հա­ւաքո­ւէին։ Գլխա­ւոր թե­ման «Չամ­փիոնզ լիկ»ը եւ «Անգլիական լիկ»ն էր։ Այդ ժա­մանակ, կը յի­շեմ՝ մար­դիկ կա­յին «Լի­վըր­փուլ»ի հետ էին, իսկ միւսնե­րը՝ «Ման­չեսթըր»ի։ Երի­տասարդ մը կար Աւօ անու­նով, որուն տունն ալ ճիշդ «Մու­նիր»ին դի­մացն էր, «Լի­վըր­փուլ» կը քա­ջալե­րէր։ Ու­րիշ երի­տասարդ մըն ալ կար՝ լե­ցու­նի վրայ, կար­ծեմ անու­նը Րաֆ­ֆի էր։ Այս Րաֆ­ֆին ալ հռչա­կաւոր էր իր մեծ ու ոլո­րուած պե­խերով։ Զրոյց, թաշ­խա­լա, պո­ռալ-կան­չել, գու­նա­ւոր հայ­հո­յանքներ. իս­կա­պէս դժո­ւար էր մայ­թին վրա­յէն անցնիլ այդ օրե­րուն։ Բայց անցնիմ ու շա­րու­նա­կեմ։ «Մու­նի­րեին քով, ըն­կե­րոջս, ֆութպո­լիստ Ճոր­ճին խա­նութն է։ Ճոր­ճին այդ ժա­մանակ կ’ըսէինք Ամո­քաչի։ Երե­ւի Ամո­քաչիին կը նմա­նէր։ Ան­շուշտ ինքն ալ հի­մա դուրսն է ու կը մաս­նակցի «Մու­նիր»ի դի­մացի դա­ժան զրոյցնե­րուն։ Մի քա­նի քայլ յե­տոյ հռչա­կաւոր «Ճես­սի» հա­գուստնե­րու խա­նութն է։ Այստե­ղէն աջ եթէ թե­քիմ, կ’եր­թամ «Ղաս­սան»ին մօտ։ Բայց հի­մա ժա­մանա­կը չէ։ Հա, ըսեմ, որ «Ղաս­սան»ը այդ շրջա­նի ու իմ ժա­մանա­կուայ գրե­նական պի­տոյքնե­րու թա­գաւորն էր։ Փո­ղոցը ան­ցայ, ան­կիւնը՝ ծաղ­կա­վաճա­ռը, մի քա­նի խա­նութ յե­տոյ՝ «Նու­վո­թէ Ազ­րա՛»ը, դի­մացը՝ «Դեր­ձակ Ամուս»ը ու մի քա­նի խա­նութ յե­տոյ՝ Ճա­լալի խա­նու­թը։ Ճա­լալը իմ «աղ­քա­տու­թեանս օրե­րու» նպա­րավա­ճառն է։ Երբ որ քիչ դրամ կ’ու­նե­նայի, իրեն կը դի­մէի։ Այսպէս, օրի­նակ, երբ որ 25 սու­րիական կը յայտնո­ւէր գրպանս, կամ «Մու­նիր»ին քո­վէն մէկ հատ «Թո­ւիքս» կամ Ճա­լալին քո­վէն մի քա­նի բան, օրի­նակ՝ «Տէր­պի», «Ալիա», շո­քոլա «Ամ­մար», պիս­քո­ւիդ «Հա­լուին» եւ «Պոն­ճուս»։ Տար­բե­րու­թիւնը մեծ էր ու հա­ճոյ­քը՝ գայ­թակղե­ցու­ցիչ։ Ճա­լալին դի­մացը կար «Գի­դապ Մուքքա­տաս» գրա­դարա­նը, ուր, ան­կեղծ ըլ­լա­լու հա­մար, շատ չեմ մտած։ Գի­տէի, որ ընդհան­րա­պէս կրօ­նական գիր­քեր ու­նէր։ Իր­մէ յե­տոյ նո­ւէր­նե­րու խա­նութ մը բա­ցուե­ցաւ։ Եր­կար ժա­մանակ դի­մացը կը կե­նայի ու կը դի­տէի։ Մի քա­նի հա­գուստի, կօ­շիկի խա­նութներ ու կը հաս­նիմ խաչ­մե­րու­կին։ Եր­կու ան­կիւններն ալ երի­տասարդնե­րու հա­ւաքո­ւելու տեղ էին, բայց այստեղ ար­դէն թե­ման ու թի­րախը ոչ թէ «գնդակն» էր, այլ «Եւան»։ Խաչ­մե­րու­կէն դէ­պի աջ վախ­նա­լիք խա­նութ մը կար, որ իս­կա­պէս չէի ու­զեր դի­մացէն անցնիլ ու հի­մա ալ պի­տի չանցնիմ։ Անու­նը «Ապու Լա­թուֆ» էր։ Այդ ժա­մանակ կ’ըսէին, որ տէ­րը «պտտիկ»ը կը կտրէ, սուննաթ կ՚ընէ։ Ես ալ կը վախ­նա­յի։ Բայց մի քա­նի տա­րի յե­տոյ գիտ­ցայ, որ մար­դը առա­ջին բու­ժօգնու­թեան մաս­նա­գէտ էր, վէր­քեր կը բու­ժէր ու կը փաթ­թէր, ասեղ կը զար­նէր, բայց մէկ է՝ չէի սի­րեր։

Լաւ, եկէք ճամ­բան շա­րու­նա­կենք, փո­ղոցը անցնիմ եւ հաս­նիմ Հա­լէպի իմ ժա­մանա­կուայ ամե­նահա­մով շաուրմա­յի ու համպրկը­րի ու հոտթտո­կի տե­ղը ՝ «Թրթլզ» եւ «Ամ­մօ Վազ­գէն»։ Ան­շուշտ շեշ­տեմ, որ ըսե­լիքս իմ անձնա­կան կար­ծիքս է, որ­պէսզի միւս խա­նութնե­րը սի­րող ըն­թերցող­նե­րը չնե­ղուին։ Նախ­քան խա­նութ մտնե­լը ձե­զի ըսեմ, որ Ամ­մօ Վազ­գէ­նը՝ այդ քաղցր ժպիտ ու տա­րօրի­նակ ձայն ու­նե­ցող ամ­մոն, Պրա­զիլ կը քա­ջալե­րէ։ Ամէն ան­գամ, որ «Ուօրլտ Քափ» ըլ­լայ, Պրա­զիլի դրօ­շակ­նե­րը ամէն տեղ էին խա­նու­թին մէջ։ Կի­րակի օրե­րը այստեղ կը հա­ւաքուէին ՍԵՄ-ի տղա­քը՝ ար­դէն հա­զար ու մէկ թե­մանե­րով։ Լաւ, եկեք խա­նութ մտնենք։ Ձախ կող­մը շաուրմա­յի սիխն է, քա­րին վրայ՝ հրա­շալի քե­չաբի մեծ շի­շը. ամէն ան­գամ շաուրմա ու­տե­լուս, սեն­տո­ւիչս կ’եր­կա­րէի շի­շին ու կը սեղ­մէի։ Շի­շին քո­վը չորս հատ մեծ թըր­թըլներ կե­ցած են, դէ­պի աջ՝ Ամ­մօ Վազ­գէ­նը ու կող­քը՝ մեծ օշա­րակի սառ­նա­րանը։ Ամ­մօ Վազ­գե­նը, բո­լորին գա­ւաթը լեց­նե­լով, կ’ըսէր. «Աղուոր օշա­րակ, աղուոր տղուն»։

«Թրթլզ»էն վերջ մի քա­նի խա­նութ ալ կար. տար­բեր-տար­բեր ու­տե­լիք­ներ, հա­գուստե­ղէն եւ այլն, բայց ամէ­նաշա­տը միտ­քիս մէջ մնա­ցած է «Պե­լան»ի փից­ցան։ Մի քա­նի քայլ՝ ու կը հաս­նիմ փո­ղոցի աւար­տին։ Այստեղ մըխ­տար Ղան­տուրի գրա­սենեակն է։ Բո­լոր հա­լէպա­հայե­րը, որ Քե­սապ կը ճամ­բորդէին, ան­պայման այս գրա­սենեակը այ­ցե­լած պէտք է ըլ­լան։ Ի մի­ջի այ­լոց ըսեմ, որ դի­մացի մայթն ալ հսկայ Մար Ճըր­ճոս եկե­ղեցին է։ Մար Ճըր­ճո­սին ալ դի­մաց, Հի­լալ Ահ­մար մա­նուկնե­րու հի­ւան­դա­նոցն է, միւս կող­մը՝ պզտիկ մաշ­թա­լը, իսկ յե­տոյ՝ Դաու­հիտ մզկի­թը։

Ասի­կա իմ տա­րածքս էր ու իմ սի­րելի փո­ղոցը, ուր իս­կա­պէս ամէն քայ­լի հետ ազա­տու­թիւն եւ ապա­հովու­թիւն կը զգա­յի, նոր բան կը սոր­վէի, նոր հայ­հո­յանք կը լսէի ու կ’ըսէի՝ «ասի­կա իմ փո­ղոցս է»։ Այ­սօր ապա­հով Եւ­րո­պայի մէջ դժբախ­տա­բար փո­ղոց չու­նիմ։ Ազատ եւ ապա­հով կը քա­լեմ, այո, բայց իմ փո­ղոցիս զգա­ցու­մը չու­նիմ։ Չեմ կրնար ըսել՝ «ասի­կա իմ փո­ղոցս է, իմ փո­ղոցս»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ