Հայաստանեան Ճամբորդական Տոմս- Գ.

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ահա աշա­­կեր­­տա­­­կան շրջապ­­տոյտի վեր­­ջին օրերն են։ Ջերմ էր Կիւմրին, թա­­տերա­­կան էր Սե­­ւանի վան­­քը, շա­­րական էր Հա­­ղար­­ծի­­­նը, կու­­սա­­­կան էր Յով­­հաննա­­վան­­քը, հէ­­քիաթ էր ֆայ­­տո­­­նը, իսկ հե­­թանո­­սական պեր­­ճանք էր եզի­­դինե­­րու սի­­րամար­­գանման սրբա­­տեղին։ Պէտք է որ ըսեմ նաեւ, թէ,- եւ ամէն լու­­սանկար եւ ար­­ձա­­­նագ­­րութիւն վկայ է այդ իրո­­ղու­­թեան-, մեր բո­­լոր սե­­ղան­­նե­­­րը,- Ճա­­շակես­­ցուք խա­­ղաղու­­թեամբ զկե­­րակուրս,- եր­­գա­­­խառն էին։ Իսկ գրպա­­նի եր­­գա­­­րան­­նե՞րը… Անոնք, ամէն աշա­­կեր­­տի տան մէջ այժմ պա­­հուած են որ­­պէս թան­­կա­­­գին յու­­շա­­­նուէր։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, այս բո­­լոր ակ­­նարկու­­թիւննե­­րը կը վե­­րաբե­­րին մեր ճա­­նապար­­հորդու­­թեան այն դրո­­ւագ­­նե­­­րուն, որոնց մա­­սին գրե­­ցի Ա. եւ Բ. տոմ­­սե­­­րուս մէջ։ Իսկ այժմ, ան­­խուսա­­բելի վի­­ճակ, կը պատ­­րաստո­­ւինք աւար­­տել ու­­ղե­­­ւորու­­թիւնը եւ Զո­­ւարթնո­­ցէն՝ հրեշ­­տակնե­­րու քա­­ղաքէն թռիչք առ­­նել հրեշ­­տակնե­­րու մէկ այլ քա­­ղաք՝ Լոս Ան­­ճե­­­լըս։

Ծա­­ռերու խոր­­հուրդը

Ծա­­ռատունկի օրն էր։ Մ3 միջ­­պե­­­տական ճա­­նապար­­հի Աշ­­տա­­­րակ-Սա­­սու­­նիկ հա­­տուա­­ծի վրայ, հան­­րա­­­շար­­ժը մօ­­տեցաւ տնկա­­րան։ Տասնչորս աշա­­կերտ՝ տասնչորս ծառ։ Պարզ էր ծրա­­գիրը. ամէն աշա­­կերտ ար­­մատ թող դնէ հայ­­րե­­­նի հո­­ղի մէջ։ Մեզ կը դի­­մաւօ­­րէն երե­­ւանեան աւագ դպրո­­ցի մը աշա­­կերտնե­­րը ու աշա­­կեր­­տուհի­­ները։ Նախ կը ծա­­նօթա­­նան. Ես Լի­­լիթն եմ, բա­­րի էք եկել։ Բա­­րեւ, իմ անունս Նել­­լի է… Ապա զոյ­­գեր կազ­­մե­­­ցին, մէկ երե­­ւան­­ցի՝ մէկ սփիւռքա­­հայ, ապա հող իջան տասնչորս զոյգ պա­­տանիի ամուր գրկած տասնչորս տնկի­­ները։ Վեր­­նա­­­հողը ծած­­կո­­­ւեցաւ, դոյլ մը ջուր անոնց ծա­­րաւը գո­­հացուց։ Ապա երաժշտու­­թիւն… Երի­­տասարդնե­­րը ձեռք ձեռ­­քի բռնած սկսան նո­­րատունկ ծա­­ռերու շուրջ պա­­րել։ Փա­­փու­­ռի էր պա­­րին անու­­նը։ Դաշ­­տը ու­­րա­­­խացաւ։ Ծա­­ռերը ժպտա­­ցին։ Փա­­փու­­ռին շա­­րու­­նա­­­կեց։ Մենք նկա­­րեցինք։ Անոնք պա­­րեցին։ Փա­­փու­­ռին շա­­րու­­նա­­­կեց… Տա­­րօնը եկաւ օղա­­կի մէջ, Փա­­փու­­ռին արա­­գացաւ։ Տա­­րօնը ար­­տա­­­սանեց. «Ձմեռ օրեր, / Երբ փո­­թորիկն ըլ­­լար մռայլ, / Ես կ’եր­­թա­­­յի՝ խորն ամա­­յի դաշ­­տե­­­րուն…», տղան մերթ աչ­­քե­­­րը փակ՝ յու­­զումնա­­լից, մերթ կրա­­կոտ եւ խրոխտ՝ Մա­­տէթոս Զա­­րիֆեանի խօս­­քե­­­րը ար­­տա­­­սանեց, «Ին­­ծի հա­­մար, / Խորհրդա­­նիշն էր ան Ու­­ժին ու Կեան­­քին...», ծա­­ռատունկ չէր ասի­­կա, ծի­­սակա­­տարու­­թիւն էր, տօ­­նակա­­տարու­­թիւն։ Աղ­­ջիկնե­­րը հա­­րուա­­ծեցին հո­­ղին։ Փա­­փու­­ռին ցնծաց։ «Ան­­ցեալ աշ­­նան, / Օր մը յան­­կարծ մար­­դեր եկան / Խորն ամա­­յի այն դաշ­­տե­­­րուն, / Կա­­ցին­­նե­­­րով, պա­­րան­­նե­­­րով...»։ Ներ­­կա­­­յի եւ ապա­­գայի պարն էր ասի­­կա, խորհրդա­­ւոր ժամ մը, «Կա­­ցինա­­հար ծառն էր նման շիր­­մա­­­քարի — Սեւ գե­­րեզ­­ման մը խո­­ժոռ — / Բայց իր կո­­ղէն / Ար­­ծո­­­ւաթ­­ռիչ նի­­զակ­­նե­­­րու խրոխ­­տանքով՝ / Բա­­րու­­նակներ ժայթքեր էին դէ­­պի եր­­կինք», յա­­ջորդ խօս­­քը, աւար­­տը, յայտնու­­թիւն էր, «Անոնց մէ­­ջէն / Նո­­րափե­­տուր թռչուններ ե՜րգ կ’եր­­գէին...»։ Վեր­­ջա­­­ցաւ պա­­րը։ Աղ­­ջիկնե­­րը հե­­ւացին։ Պա­­րոն, «նո­­րափե­­տուր թռչուն»ի փո­­խաբե­­րական իմաս­­տը ի՞նչ է, հար­­ցուցեր էր Տա­­րօնը եր­­կու ամիս առաջ։ Ծա­­ռատունկի օրը սպա­­սէ, պա­­տաս­­խա­­­ներ էի։ Բո­­լորը յու­­զո­­­ւեցան, ծա­­փահա­­րեցին։ Տա­­րօնը գտաւ իր հար­­ցումի պա­­տաս­­խա­­­նը. «Նո­­րափե­­տուր թռչուննե՜ր… Մե՚նք ենք»։

Մար­­տի­­­կի պուլպու­­լա­­­կը

Ամէն տա­­րի, մտա­­ծեցինք, կը խո­­նար­­հինք պուլպու­­լակնե­­րու առ­­ջեւ, կը խմենք Երե­­ւանի ջու­­րը եւ կը վե­­րադառ­­նանք։ Որո­­շեցինք այս տա­­րի շրջել պատ­­մութիւ­­նը. մե՚նք պի­­տի շի­­նենք պուլպու­­լակ, եւ Երե­­ւանը պի­­տի խմէ մեր ջու­­րը։ Հան­­րա­­­շար­­ժի մէջ կայ խո­­շոր փունջ մը ծա­­ղիկ եւ սրտի բազ­­մա­­­թիւ խօս­­քեր։ Ամէն աշա­­կերտ իր միտ­­քը ու­­նի։ Եկա՚նք, ըսի, այս դպրո­­ցի մէջ պի­­տի շի­­նենք պուլպու­­լա­­­կը։ Աւագ դպրոց մըն էր ան։ Իր նո­­րագոյն շրջա­­նաւարտնե­­րէն վեց տղա­­ներ, հա­­մալ­­սա­­­րանի առա­­ջին եւ երկրորդ դա­­սարա­­նի ու­­սա­­­նող­­ներ, 44-օրեայ պա­­տերազ­­մին կա­­մաւոր գա­­ցեր են ճա­­կատ։ Չեն վե­­րադար­­ձած… Մեզ կը դի­­մաւո­­րէ դպրո­­ցի նոր տնօ­­րէնու­­հին։ Կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք մեր ծա­­ղիկ­­նե­­­րը։ Ապա, կը տես­­նենք պար­­տէ­­­զի այն ան­­կիւնը, ուր մեր աշա­­կերտնե­­րու կա­­տարած հան­­գա­­­նակու­­թեամբ սկսեր են շի­­նել յու­­շաղբիւ­­րը։ Կը հո­­սի ար­­ցունք։ Կը հո­­սին խօս­­քեր. «Հե­­րոս­­նե­­­րու հո­­գին այս ջու­­րով զո­­վանայ», կը յու­­զո­­­ւի Արա­­զը, «Այս ջու­­րը յա­­ւերժ հո­­սի», կը մաղ­­թէ Էլե­­նը։ Տնօ­­րէնու­­հին կը բա­­ցատ­­րէ, թէ վեց տղա­­ներու անուննե­­րը փո­­րագ­­րո­­­ւած պի­­տի ըլ­­լան յու­­շաղ­­­բիւ­­րի վրայ, գի­­շերա­­յին լու­­սա­­­ւորում պի­­տի ըլ­­լայ, տա­­րած­­քը պի­­տի բա­­րեկար­­գո­­­ւի, եր­­կաթ ցան­­կա­­­պատե­­րը պի­­տի հե­­ռացո­­ւին, նստա­­րան­­ներ պի­­տի տե­­ղադ­­րո­­­ւին եւ դպրո­­ցի այս պար­­տէ­­­զը պի­­տի դառ­­նայ հան­­րա­­­յին զբօ­­սայ­­գի մը։ Տա­­րի մը վերջ այս յու­­շաղբիւ­­րի ջու­­րը՝ անա­­րատ արու մը իս­­կա­­­կան, խմե­­լու յոյ­­սով հրա­­ժեշտ կու տանք մեր մտքի յղա­­ցու­­մին։ Հան­­րա­­­շար­­ժի մէջ մէկ այլ երգ՝ Մար­­տի­­­կի եր­­գը, կը յու­­զէ բո­­լորը. «Թռչէի մտքով տուն, / Ուր իմ մայրն է ար­­թուն, / Տես­­նէի այն արուն, / Կա­­րօտով ես ան­­հուն, / Որ ամէն մի գա­­րուն / Ջրե­­րով վա­­րարուն / Կար­­կա­­­չում էր սա­­րերում…»։

10-րդ կո­­լը

Պա­­րոն, «Էւ­­րի­­­քա» խա­­նու­­թը գնդակ կը ծա­­խէ, ըսին Յա­­կոբն ու Մո­­րիսը, սկաուտ եր­­կո­­­ւորեակ­­ներ, վա­­զեցին-գա­­ցին, եր­­կու վայ­­րե­­­կանի մէջ ոտ­­նագնդակ մը գրկած վե­­րադար­­ձան։ Մեր պան­­դո­­­կէն փո­­ղոց մը վեր քա­­լեցինք։ Շատ հե­­ռու չէ։ Սուրբ Ան­­նա եկե­­ղեց­­ւոյ ճիշդ ետե­­ւը։ Դաշ­­տը գոր­­գա­­­ծածկ է, փոքր, թա­­ղի երե­­խանե­­րու հա­­մար շի­­նուած։ Եօթը-եօթը՝ եր­­կու խումբ կազ­­մենք։ Մին­­չեւ ընթրիք՝ եր­­կու ժամ ու­­նինք։ Մէկ ժամ խա­­ղացէք, ապա պան­­դոկ կը վե­­րադառ­­նաք մաք­­րո­­­ւելու եւ գե­­ղեց­­կա­­­նալու հա­­մար… Երբ հա­­սանք մար­­զա­­­դաշտ, տե­­սանք, թէ ան ար­­դէն գրա­­ւուած էր մեր աշա­­կերտնե­­րէն աւե­­լի փոքր տա­­րիքի, աւե­­լի փոք­­րա­­­կազմ տղա­­ներու կող­­մէ։ Միասին խա­­ղա՞նք, հար­­ցուցի։ «Լոս»ի՞ց էք, հար­­ցուցին։ Զգա­­ցի, թէ իրենց արիւ­­նի մէջ «զբօ­­սաշրջիկ» խումբին դէմ պայ­­քա­­­րելու եւ ան­­պայման յաղ­­թե­­­լու կիրք մը կ’եռար։ Առա­­ջար­­կե­­­ցի խումբե­­րը կէս-կէս խառ­­նել. Ձե­­զի տանք եր­­կու աղ­­ջիկ, դուք մե­­զի տո­­ւէք եր­­կու տղայ։ Մեր­­ժե­­­ցին։ Լաւ, ի՞նչ ընենք։ Սկսաւ Հա­­յաս­­տան-Սփիւռք խա­­ղը։ Առա­­ջին կո­­լը անոնք նե­­տեցին։ 1-0, 1-1, 2-1, 3-1, 4-1։ Փոքր դա­­դար։ Պա­­րոն, շատ պզտիկ են, կը վախ­­նամ գնդա­­կին ու­­ժով զար­­նե­­­լու, ըսաւ Տա­­րօնը։ Իսկ, երբ մեր աղ­­ջիկնե­­րու ոտ­­քին մէջ էր գնդա­­կը, ես նկա­­տեցի, հիւ­­րընկա­­լող խումբը, մե­­ծահո­­գի ման­­կա­­­պատա­­նիներ, զգոյշ կ’ըլ­­լա­­­յին, որ իրենց քոյ­­րե­­­րը չվի­­րաւո­­րուէին։ Քա­­նի մը շիշ ջուր։ Վերսկսաւ խա­­ղը։ 5րդ, 6րդ, 7րդ կո­­լեր, ապա, 8-8, 9-8, 9-9։ Դա­­դար մը եւս։ Թա­­լինը, ին­­ծի ըն­­կե­­­րակ­­ցող երի­­տասարդ ման­­կա­­­վար­­ժուհին գա­­ցեր էր «Էւ­­րի­­­քա», գներ էր 24 հատ պաղ­­պա­­­ղակ։ Բո­­լորը զո­­վացան։ Շունչ առին։ Երե­­խաներ, յայ­­տա­­­րարե­­ցի, ար­­դէն մէկ ժամ եղաւ, ո՚վ որ ար­­ձա­­­նագ­­րէ տաս­­նե­­­րոր­­դը՝ թող շա­­հի։ Կա­­տաղի մրցում։ Գնդա­­կը աջ՝ գնդա­­կը ձախ, գնդա­­կը ներս՝ գնդա­­կը դուրս, դաշ­­տէն դուրս, այ­­սինքն։ Կը նե­­րէք, պո­­ռացինք ան­­ցորդի մը, գնդա­­կը մե­­զի կը նե­­տէ՞ք։ Ապա կայ­­ծակնա­­յին հա­­կահա­­րուած մը, Էլե­­նը ին­­կաւ, Շան­­թը բաց ձգեց մեր պաշտպա­­նու­­թիւնը, Զա­­պէլը չկրցաւ ապա­­հովել մեր բեր­­դը։ 10-9։ Մեր աշա­­կերտնե­­րը ստո­­րագ­­րե­­­ցին գնդա­­կը եւ զայն յի­­շատակ տո­­ւինք ախո­­յեան խումբին։ Խմբան­­կար. Մար­­զիկնե­­րուն կէ­­սը յոտնկայս՝ կէ­­սը նստած։ Նկա­­րեցինք եւ նկա­­րուե­­ցանք։ Ապա, հար­­ցուցի. ո՞վ շա­­հեցաւ։ Երեք ան­­գամ կրկնե­­ցին միաբե­­րան, լիաթոք. «Հա-յաս-տան»։

Մարդ կը դառ­­նամ

Շրջապ­­տոյտի վեր­­ջին օրն է։ Կը պատ­­րաստո­­ւինք հրա­­ժեշ­­տի ընթրի­­քին։ Թա­­լինը չորս աղ­­ջիկնե­­րը առաւ-տա­­րաւ գե­­ղեց­­կութեան սրահ։ Իսկ մենք, կի­­սա-մօ­­րու­­սա­­­ւոր դար­­ձած տղա­­ներս գա­­ցինք սափ­­րի­­­չի։ Ար­­դէն, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, դուք գի­­տէք, թէ ամե­­նէն ու­­րա­­­խը Հրաչն է։ Ան է, որ կը փա­­փաքէր արե­­ւելեան, այ­­սինքն աւան­­դա­­­կան ձե­­ւով, շեղ­­բով ածի­­լուիլ։ Սա իր առա­­ջին փոր­­ձա­­­ռու­­թիւնը պի­­տի ըլ­­լար։ Հե­­ռու չէ սափ­­րի­­­չը։ Եզ­­նիկ Կող­­բա­­­ցի փո­­ղոցի վրայ Պա­­րոն պան­­դո­­­կի քով կայ Պա­­րոն ճա­­շարան, իսկ այդ ճա­­շարա­­նի քովն ալ՝ Պա­­րոն վար­­սա­­­վիրա­­նոց։ Հրա­­չը եւ Արա­­զը բազ­­մե­­­ցան սափ­­րի­­­չի բազ­­կա­­­թոռի վրայ։ Միւսնե­­րը ծի­­ծաղե­­լով սկսան նկա­­րել մին­­չեւ որ կար­­գը իրենց գայ։ Սափ­­րիչ երի­­տասար­­դը սկսաւ Հրա­­չին երե­­սը լաւ մը օճա­­ռել։ Տաք ջուր օճառ, դար­­ձեալ տաք ջուր եւ դար­­ձեալ օճար։ Իսկ երբ ածե­­լին մօ­­տեցաւ Հրա­­չի այ­­տին, տղան դար­­ձաւ եւ հար­­ցուց.

- Պա­­րոն, ես հի­­մա մարդ կը դառ­­նամ, չէ՞։

- Այո, տղաս, մարդ կը դառ­­նաս։

Հրա­­ժեշ­­տի պա­­րը

Հրա­­ժեշ­­տի ընթրի­­քին մեր բո­­լոր տղա­­ները մարդ դար­­ձած էին, իսկ մեր օրիոր­­դիկներն ալ՝ ար­­դէն ամէն յու­­շարձա­­նի առ­­ջեւ ծա­­ղիկ­­ներ խո­­նար­­հե­­­ցու­­ցած, Չա­­րենց, Տէ­­րեան, Սա­­հեան ար­­տա­­­սանած, ամէն տա­­ճարի մէջ մո­­մեր վա­­ռած, Սե­­ւանի մէջ իշ­­խա­­­նու­­հի դար­­ձած, սե­­ղան­­նե­­­րու վրայ «Սե­­ղանն է առատ» եր­­գած, ֆայ­­տո­­­նի մէջ մա­­զերը քա­­միին տո­­ւած, ծառ տնկած, Փա­­փու­­ռի պա­­րած հա­­յու­­հի­­­ները, բո­­լորո­­վին կեր­­պա­­­րանա­­փոխո­­ւած տուն պի­­տի վե­­րադառ­­նա­­­յին։

Օրէնք է, տղաք, երգ մը պէտք է որ պա­­տուի­­րէք, յի­­շեցու­­ցի բո­­լորին։ Թուղթի մը վրայ գրե­­ցին իրենց ամե­­նասի­­րած եր­­գը եւ յանձնե­­ցին նո­­ւագա­­խումբին։ Խօս­­նա­­­կը յայ­­տա­­­րարեց. «Ող­­ջունում ենք Լոս Ան­­ճե­­­լըսից…», մեր խումբը հա­­ւաքո­­ւեցաւ պա­­րայար­­դա­­­կի կեդ­­րո­­­նը, շրջան կազ­­մեց ու երբ եր­­գը սկսաւ՝ բո­­լորը պա­­րեցին իրենց հրա­­ժեշ­­տի պա­­րը, երա­­զելով, որ օր մը իրենց տնկած դա­­լար ծա­­ռերը հա­­սակ նե­­տած պի­­տի տես­­նեն եւ իրենց շի­­նած յու­­շաղբիւ­­րի զով ջու­­րէն պի­­տի ըմ­­պեն։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, իր աւար­­տին հա­­սաւ ճամ­­բորդա­­կան եր­­րորդ եւ վեր­­ջին տոմ­­սը։ Յա­­ջորդ յօ­­դուա­­ծը, եթէ անակնկալ­­ներ չպա­­տահին, շատ զար­­մա­­­նալի բա­­ռի մը ոդի­­սականն է։ Մին­­չեւ այդ հան­­դի­­­պու­­մը դուք մնա­­ցէք զով, մնա­­ցէք դա­­լար։ Աշա­­կերտնե­­րուն պա­­տուի­­րած ե՞րգը։ Ես չմոռ­­ցայ։ Բայց, անոնք ինչպէ՞ս գի­­տէին - եւ կը սի­­րէին - 1991 թո­­ւակա­­նէն մնա­­ցած երգ մը։ Զար­­մա­­­նալի… Ահա այդ դա­­սակա­­նացած, պա­­րային եր­­գը.

Սի­­րուն աղ­­ջիկ եկուր հոս

Քեզ կը տա­­նեմ Եգիպ­­տոս

Եգիպ­­տո­­­սէն Յու­­նաստան

Յե­­տոյ եր­­թանք Հա­­յաս­­տան…

Հոբ, հոբ, ճի­­ւանի,

Արա­­զը ցաւդ տա­­նի,

Հոբ, հոբ, ճի­­ւանի,

Տա­­րօնը ցաւդ տա­­նի,

Հոբ, հոբ, ճի­­ւանի,

Շան­­թը ցաւդ տա­­նի

Հոբ, հոբ, ճի­­ւանի,

Հայ­­կը ցաւդ տա­­նի


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ