Բողոք Ստեփանակերտի եւ Երեւանի մէջ

Եթէ ոչ հի­մա, հա­պա ե՞րբ է պա­հը որ­պէսզի հայ ժո­ղովուրդը հա­մազ­գա­յին ոգիով բռունցքի մը վե­րածո­ւի ամ­բողջ աշ­խարհի վրայ, ար­ցա­խահա­յու­թեան մատ­նո­ւած մարդկա­յին ճգնա­ժամը յաղ­թա­հարե­լու հա­մար։

Ար­դէն իսկ ու­շա­ցած շեշ­տադրում մըն է այս, քա­նի որ Ար­ցա­խի 120 հա­զար բնա­կիչ­ներ զրկո­ւած ամէն տե­սակ կեն­ցա­ղային մի­ջոց­նե­րէ, սկսած են զո­հեր տալ առող­ջա­պահա­կան եւ աւե­լի մտա­հոգի­չը սննդամ­թերքի խիստ ան­բա­ւարա­րու­թեան պայ­մաննե­րուն տակ։

Սա պա­հուն ի վի­ճակի չենք աւե­լի քան 30 տա­րինե­րու սխալ ռազ­մա­վարու­թեան հա­շուե­յար­դա­րը կա­տարե­լու։ Պա­հը սար­սա­փազ­դու է եւ պի­տի չար­տօ­նէ որ ոչ միայն պե­տական եւ ազ­գա­յին կա­ռոյցնե­րը, այլ նոյ­նիսկ ան­հատնե­րը ու­նե­նան ու­րիշ զբաղ­մունք։ Ան­թոյլատ­րե­լի է կեան­քի բնա­կան հո­սան­քին հե­տեւիլ։ Փոր­ձով տե­սանք թէ մարդկա­յին այս ճգնա­ժամի դի­մաց մի­ջազ­գա­յին հա­սարա­կու­թիւնը ոչինչ ու­նի ընե­լու։ Անոնց օրի­նակա­նու­թեան կամ մար­դա­սիրա­կան բո­լոր աղերսնե­րը, խնդրանքնե­րը կամ թե­լադ­րանքնե­րը ուժգնօ­րէն կը բա­խին Պա­քուի վճռա­կամ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ռազ­մա­վարու­թեան ամուր պա­տին։ Թե­րեւս այս հո­գեբա­նու­թիւնն է, որ 25 Յու­լի­սի երե­կոյեան, Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան Ստե­փանա­կեր­տի Վե­րած­նունդի եւ Երե­ւանի Ազա­տու­թեան հրա­պարակ­նե­րուն վրայ, մեծ զան­գո­ւած­ներ հան­րա­հաւաք կազ­մա­կեր­պե­ցին՝ Ար­ցա­խի ապաշրջա­փակ­ման եւ ար­ցա­խահա­յու­թեան ինքնո­րոշ­ման իրա­ւունքի ճա­նաչու­մը պա­հան­ջով։

Ստե­փանա­կեր­տի հան­րա­հաւա­քին կը մաս­նակցէին նաեւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Արա­յիկ Յա­րու­թիւնեան, Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագահ Ար­թուր Թով­մա­սեան, պե­տական նա­խարար Գուրգէն Ներ­սի­սեան եւ պաշ­տօ­նատար այլ ան­ձեր։

Ստե­փանա­կեր­տի ցոյ­ցե­րու ըն­թացքին տի­րող տրա­մադ­րութիւ­նը Ատրպէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թիւնը ճանչնա­լու մա­սին Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րու յայ­տա­րարու­թիւննե­րու դէմ առար­կութիւնն էր։ Ար­ցա­խի Պե­տական նա­խարար Գուրգէն Ներ­սի­սեան այդ ընդվզու­մը հնչե­ցուց հե­տեւեալ խօս­քե­րով. «Հա­յաս­տա­նից պա­հան­ջում ենք հրա­ժարո­ւել Ար­ցախն Ատրպէյ­ճա­նի կազ­մում ճա­նաչե­լու մտայ­ղա­ցու­մից եւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րի քա­ղաքա­կան կար­գա­ւոր­ման նման մօ­տեցու­մից։ Այդ մօ­տեցու­մը ու­նակ չէ ապա­հովե­լու տա­րածաշրջա­նում խա­ղաղու­թիւնը եւ Ար­ցա­խի ժո­ղովրդի ար­ժա­նապա­տիւ գո­յու­թիւնը, աւե­լին՝ դա չի կա­րող երաշ­խա­ւորել նոյ­նիսկ Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թիւնը, որով­հե­տեւ թուրք-ատրպէյ­ճա­նական լծա­կից զոյ­գի խնդի­րը ոչ թէ Ար­ցախն է, այլ ողջ հայ ժո­ղովուրդն ու ազ­գա­յին պե­տակա­նու­թիւնը»։

Երե­ւանի եւ Ստե­փանա­կեր­տի մէջ նոյն ժա­մերուն տե­ղի ու­նե­ցած հան­րա­հաւաք­նե­րու աւար­տին եր­թեր կազ­մա­կեր­պո­ւեցան Երե­ւանի մէջ դէ­պի Եռաբ­լուր, իսկ Ստե­փանա­կեր­տի մէջ դէ­պի Զի­նուո­րական պանթէոն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ