16 Յուլիս 2023, Կիրակի առաւօտ, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։
Նոյն առթիւ, Նորին Ամենապատուութեան կարգադրութեամբ Տիգրանակերտ մեկնեցաւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, որ Կիրակի առաւօտ, Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագ մատոյց։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճու, Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան եւ դպիրներ։
Տէրունական աղօթքէն առաջ Տէր Հայրը խրատական խօսեցաւ, անդրադառնալով Պայծառակերպութեան դէպքին ու տօնի խորհուրդին։
Արարողութեան մասնակցեցաւ Էրկիւն Այըքի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ մերազն ժողովուրդէն ու տեղացի ժողովուրդի բազմութիւն մը։
Ապա այցելութիւն տրուեցաւ տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ։
Տէր Հայրն ու ընկերակիցները նոյն գիշեր վերադարձան Իսթանպուլ։