Թուրքիոյ ամենօրեայ ապրումներու սովորական երեւոյթներէն մէկն է լրագրողներու շատ անգամ խմբովին բերման ենթարկուելու, նոյնիսկ ձերբակալուելու մասին լուրերը։ Վերջին անգամ Տիյարպեքիրի դատախազութեան վարած հարցաքննութեան մը ծիրէն ներս երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ հինգ լրագրողներ բերման ենթարուեցան։
«Մեզոփոթամիա» լրատու գործակալութեան թղթակից Տելալ Աքյիւզ 25 Յուլիսի առաւօտեան ժամերուն Իզմիրի բնակարանը եկող ոստիկաններու կողմէ բերման ենթարկուեցաւ։ Նոյն ժամերուն Անգարայի իր տան մէջ բերման ենթարկուեցաւ նաեւ նոյն գործակալութեան թղթակից Ֆըրադ Ճան Ասլան։ Ոստիկանները գրաւեցին նաեւ անոր բջջային հեռախօսը եւ համակարգիչը։
Անգարայի մէջ բերման ենթարկուած մի այլ լրագրող էր Սիպել Եիւքլեր, որ դարձեալ տունէն առնուելով Անգարայի անվտանգութեան տնօրէնութիւն փոխադրուեցաւ։
«Պիանեթ»ի խմբագիր Էվրիմ Քեփենեք եւ բերման ենթարկուեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Առաւօտուայ կանուխ ժամերուն կատարուած այս կալանաւորումներէն ետք օրուայ յաջորդող ժամերուն բերման ենթարկուեցաւ նաեւ լրագրող Էվրիմ Տենիզ։
Բերման ենթարկուող առաջին չորս լրագրողներէն երեքը երեկոյեան ժամերուն ազատ արձակուեցան դատական հսկողութեան պայմանաւ։ Իսկ Ֆըրաթ Ճան Արսլան ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ։
Էվրիմ Քեփենեք ալ յաջորդ օր 26 Յուլիսին դարձեալ դատական հսկողութեան պայմանաւ ազատ արձակուեցաւ։
Բերման ենթարկելու այս գործողութիւններն ալ թէ երկրին մէջ եւ թէ երկրէ դուրս բողոքներու պատճառ դարձան։