Դէպի Սահմանադրական դատարան

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թե­նէն այս կողմ անցնող եր­կար տա­րինե­րու եւ կրկնո­ւած դա­տավա­րու­թիւննե­րու փո­խարէն գոր­ծո­ւած ոճի­րի հա­մապա­տաս­խան վճիռ­ներ մին­չեւ օրս չեն կա­յացած։ Այս գոր­ծը քննար­կող բազ­մա­թիւ դա­տարան­ներ կար­ծես ան­խօս հա­մաձայ­նութիւն մը կնքած ըլ­լան ոճի­րը քա­նի մը մե­ղաւոր­նե­րով սահ­մա­նելու հա­մար։

Տինք ըն­տա­նիքի փաս­տա­բան­նե­րը նկա­տելով բազ­մա­թիւ բաց­թո­ղումներ, յա­ճախա­կի կեր­պով մատ­նանշե­ցին հար­ցաքննու­թեան եւ դա­տավա­րու­թեան թե­րու­թիւննե­րը։

Երկրի իրա­ւական հա­մակար­գը անդրդո­ւելի մնաց այս ոճի­րի պա­տուի­րատու­նե­րը յայտնա­բերե­լու խնդրին մէջ։

Վեր­ջին ան­գամ Վճռա­բեկ ատեանն էր որ մեր­ժեց փաս­տա­սան­նե­րու պա­հանջնե­րը եւ հաս­տա­տեց ան­պարտ հռչա­կելու եւ յանցագործութեան ժա­մանա­կավ­րէպ դառ­նա­լու որո­շումնե­րը։

Այս պա­հուն Տինք ըն­տա­նիքի փաս­տա­բան­նե­րը ծա­ւալուն թղթած­րա­րով մը խնդի­րը կը փո­խան­ցեն Թուրքիոյ իրա­ւական հա­մակար­գի ամե­նաբարձր ատեանին՝ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տարա­նին։

Եթէ այս վեր­ջինն ալ պա­հէ նա­խորդնե­րու կե­ցուած­քը, փաս­տա­բան­նե­րը իրա­ւունք պի­տի ու­նե­նան խնդի­րը փո­խան­ցե­լու Եւոր­պա­յի Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Դա­տարանին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ