ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Մարտինի ասորիներու համար օրը ոչ թէ լուսածագով, այլ օճախի կրակին բոցավառումով կը սկսի։ Կենդանութեան ապացոյցն է այդ կրակը։ Տուներէն տարածուող բուրմունքը կեանքի վկայութիւնն էր…»։
Գիրքի էջերուն վրայ կարդացած այս տողերս տպաւորեցին զիս եւ իմ մէջ ցանկութիւն յառաջացաւ Մարտինի կենսունակութիւնը ասորիներու բերնէն լսելու։ Նատիա Շեների «Մարտինի Առատութիւնը» անուն գիրքը շարադրուած է շատ պարզ լեզուով եւ այդ հանգամանքով իսկ հմայեց ինձ։ Ան սովորական ճաշատեսակներու գիրք մը չէ։ Թէեւ իր մէջ կը պարունակէ շուրջ 70 բաղադրատոմսեր եւ եփելու եղանակներ, բայց այդ բոլորը հիւսուած են ծննդավայր Մարտինի հանդէպ սիրով եւ հօրենական տան ջերմութեամբ։ Չէի կրնար անտարբեր մնալ այդ ջերմութեան հանդէպ եւ որոշեցի այցելել զինք։ «Մարտինի Առատութիւնը» գիրքի հեղինակ Նատիա Շեներ սիրով ընդունեց զիս եւ իր տան դռները լայն բացաւ իմ, եւ ինչու չէ ձեր «Ակօս»ի ընթերցողներու դիմաց։
Ընտանիքս մարտինցի է։ Մօրս Պեհիճէի եւ հօրս Էօզճան Մալկազի առաջին զաւակն եմ։ Ես եւ վեց քոյրերս ու եղբայրներս բոլորս ալ Մարտին ծնած ենք։ Մեր ընտանիքը կը դաւանէ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ։ Հայրս, որու բուն անունն է Յաննա առաջին անգամ ընտանեկան արմատներուն մասին պատմեց, երբ ես 30 տարեկաններուս վերջերն էի։ Իր հայրը, այսինքն Սելիմ պապս սասնեցի հայ մը եղած է։ 1915-երուն Բաղէշէն փախչելով Մարտին եկած եւ քաղաքի քրիստոնէից թաղամասին մէջ Մօրթ Շմունի եկեղեցի ապաստանած եւ հոն ալ ասորիացած է։
Մեծ մայրս Շեֆիքա եւս մարտինցի է։ Հարուստ ընտանիքի մը աղջիկը եղած է։ Այսօր Մարտիտի օդակայանի գտնուած տարածքը իր ընտանիքին կը պատկանէր։ 1915-ին ընտանիքի անդամներէն շատեր Սուրիա փախած են, իսկ մեծ մօրս եղբայրը սպաննուած է Մծբնի մէջ։ Այդ Սուրիա փախչողներէն ոչ մէկը վերադարձած է իր կալուածներուն տէր կանգնելու համար։ Ան աւելի վերջ ամուսնացած է Սելիմ պապիս հետ եւ Սուրբ Յովհաննէսի տօնին ալ, այսինքն 7 Յունուարին հայրս ծնած է։ Այդ օրուայ յիշատակին ալ կոչուած է Յաննա։
Մեր տունը Մօրթ Շմունի եկեղեցւոյ թաղն էր։ Այսօր այդ թաղամասը կը կոչուի Շեհիտիյէ։ Եկեղեցւոյ շրջափակը ասորիներ կը բնակէին։ Փողոցի լեզուն արաբերէն էր։ Արաբերէնը մեր մայրենին էր։ Նախակրթարան յաճախաց տարիներուս է, որ թրքերէնի հետ ծանօթացայ եւ գրաճանաչ դարձայ։
13 տարեկան էի, երբ Շեհիտիյէ թաղամասէն ընտանեօք Իսթանպուլ գաղթեցինք։ Հայրս խրտչած էր նախակրթարանէ ետք զիս դպրոց ուղարկելէ։ Չէ որ դպրոց երթալու համար հարկաւոր էինք ուրիշ թաղերէ անցնելու եւ այդ թաղերու լակոտներն ալ մատերնին խաչաձեւ ընելով կը պարտադրէին, որ թքնենք խաչին վրայ։ Մերժողին կը հալածէին ու կը ծեծէին։
Ունեւոր ընտանիք էինք։ Հայրս ոսկերիչ էր, լաւ արհեստաւոր մը եւ մանաւանդ ալ հնանիւթերու մասնագէտ մը։ Ապահովութեան մտահոգութիւններով որոշեց Իսթանպուլ գաղթել։
Թէ կաթողիկէ եւ թէ ուղղափառ քրիստոնեաները Սուրբ Յարութեան տօնի նախորդող շաբաթներուն երկար պահքի շրջան մը կ՚ապրին։ Մարտինի մէջ աւանդութեան համաձայն պահքի նախորդող հինգշաբթի օր հարս եղած աղջիկները իրենց ընտանիքով հանդերձ հօրենական տուն կը հրաւիրուին։ Այդ օրուայ աւանդական ճաշը տեսակ մը միջուկով քուֆթայ եղող քիթելն է, որ խաշելով կ՚եփենք։ Այսօր Պոլսոյ կարգ մը ճաշարաններուն մէջ ասորեցւոց քիթել ըլլալով մատուցուած ճաշը կապ չունի մեր քիթելին հետ։ Մենք քիթելը կը պատարստէինք հում միսով։ Իսկ անոնք միսը կը խորովեն եւ ապա վրան սոս եւ մածուն աւելցնելով կ՚ուտեն։ Մարտինի մէջ ամէն կիրակի ժամ կ՚երթայինք։ Մօրթ Շմունի Եկեղեցւոյ երէցը այդ տարիներուն Տէր Թումէ քահանայ Պիլենն էր։ Պատարագի աւարտին ժողովուրդը կը մէկտեղուէր եկեղեցւոյ շրջափակին տիւանհանէ կոչուած վայրը։ Մենք երախաներս կը խաղայինք եկեղեցւոյ պարտէզը։ Տէր Թումէի հետ նոյն շէնքի մէջ կ՚ապրէինք։ Անոնք ներքնայարկն էին մենք վերեւը։ Հետզհետէ ընտանիքի մը վերածուած էինք։ Երէցկինը իմ մօրքոյրնեէն մէկը կը համարէի։ Մենք եւ անոնց երախաները միասին կը խաղայինք։ Ուլունքներն եւ քարեգնդակներն էին մեր խաղալիքները։ 70-ական տարեթիւերու սկիզբներուն Մարտինի բոլոր փողոցներուն մէջ կը հանդիպէիք «սեք-սեք» խաղացող երախաներուն։ Մենք ալ մեր տան բակին մէջ օրնիբուն կը վազվզէինք, կը խաղայինք ուրախ ճիչեր կ՚արձակէինք։
Մարտինի կանանց առօրեան
Կեանքը բաւական դաժան էր Մարտինի կանանց համար։ Յուլիս ամսուն Սմակ կը պատրաստէինք։ Պատրաստ սմակ կը գնէինք եւ ջուրի կը թաթխէինք։ Ապա այդ ջուրը կը քամուէր եւ սմակը ափսէներու մէջ կը չորացուէր արեւուն տակ։ Եթէ երեք ափսէ դրած ենք արեւուն տակ, ան հետզհետէ չորանալով նախ կը նուազէր երկու ափսէի եւ ապա մէկի։ Ցամքած սումակը կը պահէինք ապակէ պահոցներուն մէջ։
Օգոստոսը լոլիկի մածուկի եղանակն է։ Ամէն Օգոստոսին շուրջ 200 քիլօ լոլիկ կ՚առնէինք։ Այդ լոլիկը էզմելու համար յատուկ գործաւոր կը կը վարձուէր։ Այդ գործաւորը մաքուր կրկնակօշիկներով կը ճզմէր լոլիկը եւ ապա մնացած լոլիկը ժամերով կ՚եռացուէր եւ ապա սինի կոչուած ընդարձակ ափսէներու մէջ դարձեալ կը թողէինք արեւի շոգին։ Բաւական չորանալէն ետք անոնք դարձեալ կը լեցուէին ապակեայ պահածոներու։ Թաղեցիները միասնաբար կը տանէին այս աշխատանքը։ Օրինակ մեր տան համար լոլիկի մածուկ պիտի պատրաստուի, այդ օր մօրքոյրս, հօրքոյրս, քեռկինս եւ երէցկինը օգնութեան կը փութային մեզ՝ երախաներուս համար ալ բացառիկ ուրախութեան պահեր էին այդ զբաղմունքը։
Մածուկի աշխատութեան կը յաջորդէր ձաւարի մշակումը։ Պարկերով ձաւար կը գնէինք, կը ստկէինք, խաշելով կը չորացնէինք եւ ապա կրկին կը ստկէինք։ Թաղի մէջ մարդ մը կը շրջէր, որ իր կռնակին ունէր յատուկ շարժակ մը։ Այդ շարժակով կը մաղէր ձաւարը ամենափոքր հատիկներէն մինչեւ ամենամեծը։ Ամէն տեսակը իր գործածութեան ճաշատեսակը ունէր։ Միջուկով քուֆթայի ձաւարը զատ էր, հում քուֆթայինը զատ։ Այս գործողութիւններէն ետք մայրս ցորենի) փոշին զատելու համար մաղ կը պատարստէր եւ ամէն ինչ կը մաղուէր։ Մաղելու գործողութեան ընթացքին ամէն կողմ կը ծածկուէր սպիտակ փոշիով մը։ Այդ սպիտակ փոշիէն բաժին կը հասնէր աչքերնուս, թարթիչներնուս, յօնքերնուս եւ մազերնուս։ Մեր մայրերը որովհետեւ լաչակ կապած կ՚ըլլային իրենց գլխուն մեզ նման փոշիի չէր թաթխուէր։
Հոկտեմբեր ամսուն հորթի եւ գառան միսով ղաւուրմա կը պատրաստէինք։ Մանաւանդ գառան միսի հետ կը մշակուէր նաեւ անասունի քամակի ճերբը։ Ունեւոր ընտանիքներ ձմրան համար մէկ, երբեմն երկու հորթի միսով ղաւուրմա կը պատրաստէին։ Աղքատները կը բաւարարուէին աւելի նուազով։
Տօնական օրեր
Տօնական օրերու գլխաւոր նշանակութիւնը հօրս մեզ, երախաներուս համար գնած նոր կօշիկներն ու հագուստներն էին նախ։ Ժամ կ՚երթայինք եւ բակին մէջ բոլորը իրար կը շնորհաւորէին։ Ապա շուտով տուն կը վերադառնայինք եւ ապա մայրս կը լծուէր տօնական սեղանի պատրաստութեան։ Ամբողջ ընտանիքով կը մէկտեղուէինք այս սեղանի շուրջ։
Այդ սեղանի գլխաւոր ուտեստներն էին քիպպեն, միջուկով քուֆթան, տոլման, կողի տոլման եւ եղինձի փիլաւը։ Կը մատուցուէր թան եւ ապա իբրեւ քաղցկեղէն անուշապուրը եւ լեպենիյէն։
Սուրբ Զատկի նախորդող օր կաթա կը պատրաստուէր եւ ձուերը գոյնզգոյն կը ներկուէին։
Ամանորի սեղանի յատուկ էին մումպարը եւ քաղիրթի լիցքը։ Ասորիներ աղանդեղէնի կարեւորութիւն չեն տար։ Անոնց սեղանին վրայ նշանակութիւն չունի այդ ճաշատեսակը։ Պատճառը պարզ է, ասորիներ հիմնականին մսակեր են, աւելի ճիշդը մսասէր։
Մայրս տօնական օրերուն մատուցելու համար մահլեփի եւ բալի լիքէօրներ կը պատարստէր։ Ափսոս որ ես թերացած եմ մահլեփի բաղադրատոմսը մօրմէս ապահովելու գործին մէջ։ Մինչեւ օրս ալ այդ խմիչքը մօրս նման պատրաստողի մը չեմ հանդիպած։
Լոզիյէ
Անցեալին Մարտին տուներուն մէջ փուռի սարքաւորում գոյութիւն չունէր։ Լոզիյէն տան մէջ կը պատրաստէին եւ շուկայի փուռը կը տանէինք։ Յաճախ պատրաստուած թխուածքեղէն մը չէր անիկա։ Յատուկ եւ տօնական օրերուն կը պատրաստուէր եւ յատկապէս ալ նշանած ընտանիքներու, այսինքն խնամիներուն կ՚ուղարկուէր։ Դժուար պատարստուած անուշ մըն է ան։ Ներկայիս ծննդաբերած մայրերուն շնորհաւորանքի փութացողներուն մատուցելու համար կը պատրաստուի։ Բաղադրութիւնը հետեւեալն է.
1 քկ. անմշակ նուշ
400 կր. շաքարաւազ
400 կր. անլի պիստակ
եւ մէկ անուշի դգալ փոշի շաքար։
Նուշերը նախ թեթեւ մը կը խաշեն, որպէսզի ստուգել կարելի ըլլայ։ Ապա շաքարի հետ միասին կ՚աղուի, մինչեւ որ խմորի տեսք ստանայ։ Միջուկին համար պիստակը կ՚աղուի ոչ շատ բարակ ձեւով։ Վրան կ՚աւղելցուի փոշի շաքարը եւ լաւ մը կը խառնուին։ Ապա նուշի խմորը ափի մէջ կը բացուի եւ միջուկը լեցուելով յատուկ ձեւ կը տրուի։
170 աստիճան փուռի մէջ կ՚եփի մինչեւ գունափոխութիւնը։ Ես մինչեւ օրս լոզիյէն կը պատրաստեմ Մարտինի նուշով։
«Մարտինի Առատութիւնը» գիրքը լոյս տեսած է «Արաս» հրատարակչատան մատենաշարէն։ Հեղինակի խօսքերով ան փոքր տարիքէն սիրած է խոհանոցի արտադրութիւնը։ Մօրը հիւանդանալէն ետք ցանկութիւն ունեցած է իր գիտցածները մինչեւ թոռներուն հասցնել։ Արդարեւ այս գիրքի պատարստութիւնն ալ կը վերագրէ իր եոկայի ուսուցչուհիին՝ տիկին Սաատեթի խրախուսանքներուն եւ թոռներու ցանկութեան։