ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Խորհրդաւոր սիրամարգը
- Խաչ հանե՞մ, պարոն,- փսփսաց Յակոբը։
- Յարմար չըլլար, կարծեմ,- փսփսացի ես ալ։ Եկեղեցի չէ, որ։
- Մորիսը հանեց։ Տեսայ։ Երեք անգամ։
- Վնաս չունի։ Սիրամարգը նկատողութիւն չի տար։ Բարի է ան։
- Սիրամարգը ո՞վ է։
- Թաւուս Մէլէքը, Աստուծոյ ստեղծած եօթը հրեշտակներուն գլխաւորը եւ առաջնորդը։ Երկրագունդի պահապանը։ Աշխարհի եօթը խորհուրդներու տիրակալը…։ Յակոբ, ընկերներուդ ըսէ, կամաց-կամաց դուրս ելլենք։
- Տղա՛ք, պարոնը ըսաւ, խաչ մի՛ հանէք, փսփսաց Յակոբը Տարօնին, Տարօնը Հրաչին, Հրաչը Շանթին, Շանթը Վահէին, Վահէն ալ Արազին։
Կը ներէք, յարգելի ընթերցող, խորհրդաւոր էր եզդիներուն «զիյարաթ»ը, այսինքն սրբատեղին։ Չնկատեցի ձեր ներկայութիւնը։ Այժմ կը գտնուինք Ակնալիճ գիւղի մէջ։ Աշակերտական պտոյտի առաջին շաբաթը արդէն անցաւ։ Դուք նախորդ յօդուածի մէջ դիտեր էիք այդ եօթը օրերու խորհրդաւոր պատկերները. Յովհաննավանքի մօրուսաւոր կոյսերը, Թումանեանի թանգարանի 54 աստիճանները եւ Արարատեան դաշտի լուսաբացը, որ մեր աչքերը օծեր էր Կասկադի 572-րդ աստիճանի վրայ, երբ տասնչորս աշակերտները անթարթ կը դիտէին Մայր Լեռը, լռութեամբ մը խորհրդաւոր։ Դուք նաեւ լսեր էիք իր մէջ այբբենական խորհուրդ մը պարունակող շարական՝ «Խորհուրդ Խորին»։ Իսկ այսօր ձեզի պատմեմ սիրամարգի մը եւ այլ զարմանալի կերպարներու խորհուրդը։ Մինչեւ, որ տղաները իրենց կօշիկները հագնին, նախ ձեզի ըսեմ, թէ ինչպէ՚ս յայտնուեցանք այս տաճարի մէջ։
7 խորհրդաւոր գմբէթներ
Սարտարապատ-Երեւան ճանապարհի վրայ կարելի չէ չնկատել սպիտակափայլ գմբէթաւոր կառոյց մը։ Հայոց լեռնաշխարհի վրայ բնական է, որ մարդը գմբէթաւոր տաճար տեսնէ։ Սակայն, աշակերտները զարմացան այն երեւոյթին, թէ այդ շէնքը ունէր եօ՛թը գմբէթ, եւ իւրաքանչիւրի վրայ խաչի փոխարէն՝ ոսկեփայլ, ճաճանչաւոր արեւներ։ Հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար վարորդէն խնդրեցի, որ Ակնալիճ մտնէ։
- Երեխաներ, Աստուած ստեղծեց եօթը հրեշտակ, գլխաւորը Թաւուս Մէլէք։ Ան սիրամարգի տեսքով իջաւ երկիր։ Եզիդիներու աղօթատեղին է ասիկա, աշխարհի ամենամեծը։ Սիրամարգ հրեշտակը երկրի պահապանն է։ Մտնենք ներս։ Հարկաւոր է կօշիկները հանել։
Աշակերտները խորանի առջեւ երկիւղածութեամբ կանգնեցան քանի մը վայրկեան։ Աղօթեցի՞ն։ Չեմ կարծեր։ Դիտեցին սիրամարգը եւ անոր հովհարաձեւ վերնապոչը։ Զմայլեցան մայր գմբէթէն իջնող եօթը լոյսերով։ Աղջիկներէն մէկը գանձանակին իջեցուց իր գրպանի մանրուքները։ Դուրսը անձրեւ էր։ Հանրաշարժի մէջ, վարորդի ընտրած աշխոյժ երգերը խանդավառեցին բոլորին։ Թէեւ Սուրբ Սարգիս չէր, սակայն «Սիրոյ աւետիս» երգը վերջին օրերուն բոլորին սիրելին դարձեր էր. «Ամէն մի սիրահար իր մոմը վառի, Սուրբ Սարգիս է մէզ բոլորիս, սէր է տալիս ու աւետիս…»։ Հրաչը, որուն մօրուքը այլեւս նկատելի էր դարձեր, անգամ մը եւս հարցուց.
- «Պարոն, ե՞րբ»։
- Այսօր, Հրաչ, Չորեքշաբթի է։
- Այսի՞նքն…
- Օրէնք է, կատակախառն բացատրեցի, Չարեքշաբթի օրերը եզիդիները չեն սափրուիր։ Տղաներուն ըսէ, համբերեն, դուք կ’ածիլուիք պտոյտի վերջին օրը, հրաժեշտի ընթրիքէն առաջ, որպէսզի ըլլաք ներկայանալի։
Խորհրդաւոր աստուածներ
- Սքե՞մը։
- Առինք, պարոն, ըսաւ Տարօնը։
- Իշխանուհիի տարա՞զը։
- Պայուսակիս մէջն է, ժպտաց Սոֆին։
- Ոսկեզօծ գօտի՞ն։
- Նոյնպէս, պայուսակիս մէջն է։
Սեւան երթալու համար սովորաբար ծովազգեստ է հարկաւոր, սակայն մենք որոշած ենք վանքի առջեւ Հին Աստուածներ թատերախաղէն տեսարան մը բեմադրել։ Տարօնը սեւազգեստ վանահայր պիտի դառնայ, Սոֆին՝ Մարիամ իշխանուհին։ Հանրաշարժը Երեւանէն Սեւան սուրաց։ Անհաւատալի բան։ Նախ, մոխրագոյն երկինք։ Ապա, ամպեր, անձրեւ, յորդառատ անձրեւ, պատառ մը արեւ, յետոյ՝ դարձեալ անձրեւ։
Ռուս, պարսիկ, եւ այլ ազգի զբօսաշրջիկներու հետաքրքիր նայուածքներու առջեւ կը պատրաստենք մեր «բեմը»։ Եկեղեցիէն կը բերենք մոմավաճառ մայրիկի աթոռը, որ իշխանական տեսք չունի, ինչպէս նաեւ իր ոտքին տակ փռած փոքրիկ կարպետը, որ ունի պատռտած ծայրեր։ Պառաւը արդէն ծանօթ ըլլալով մեր թատերական արարողութեան, սիրայօժառ կը տրամադրէ առարկաները։ Տարօնը եւ Սոֆին եկեղեցի մտան։ Պիտի փոխուին։ Իսկ ես, անգլերէն, բարձրաձայն կը յայտարարեմ, թէ երեք վայրեկաննոց պատկեր մը կը բեմադրուի։ Ապա, ենթադրելով, թէ բոլոր ռուսերը, պարսիկները եւ այլ օտարները ծանօթ են անգլիական լեզուին, կ’ամփոփեմ պատմութիւնը. «Մեզմէ հազար տարի առաջ Մարիամ իշխանուհին կառուցել տուաւ այս եկեղեցին։ Այդ իշխանուհին եւ վանահայրը, Յովհաննէսը, սիրային յուշերով կապուած էին իրարու։ Սիրոյ կայծերը դեռ ներկայ էին իրենց սիրտերուն մէջ։ Արդեօ՞ք եկեղեցին իսկապէս Մարիամ Աստուածածնին նուիրուած է, թէ՝ Մարիամ իշխանուհիին։ Դիտենք եւ տեսնենք»։
Յոտնկայս, լուսանկարելով, մեր շուրջ հաւաքուած տասնեակ մը պատահական հանդիսատեսերու ներկայութեան ուրախանալով կը դիտենք խաղը։ Կը յուսանք նաեւ, թէ օր մը, թատերական խումբ մը ամբողջութեամբ բեմադրէ Հին Աստուածները, ճիշդ այնտեղ ուր տեղի ունեցաւ պատմութիւնը…։ Ահա, վերջացաւ, հակառակ Սոֆիի սրտաճմլիկ կանչերուն՝ «Յովհաննէ՜ս, Յովհաննէ՜ս, Հայր սուրբ…», Տարօնը «բեմ»էն դուրս ելաւ, իր աթոռի վրայ սրտաբեկ լքելով Մարիամ իշխանուհիին։
Ֆայտոն նստած անցնիմ
հին թաղերով
Այն օրը երբ դասարանի մէջ աւարտեցինք Խաչիկ Դաշտենցի «Ֆայտոն Ալեքը» պոեմի ընթերցանութիւնը, Էլենը վճռական յայտարարած էր. «Ես իշխանուհի չեմ լինելու։ Ես… ուզում եմ ֆայտոն նստել, ո՛չ թէ միայն նստել, այ՛լ նաեւ «ֆատոնճիի» քովը նստել ե՛ւ քշել, ե՛ւ Չարենց արտասանել»։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, պիտի կատարուի Էլենի երազը, իր խօսքով՝ երազանքը։ Եկած ենք Կիւմրի քաղաք։ Ջերմ է օդը։ Ջերմ է քաղաքը։ Ջերմ են հին քաղաքի քարակերտ շէնքերը (դեռեւս այն պատճառով, որ ամէն մէկ սեւ քարի քով շարուած է նարնջագոյն մը) Աշակերտները երբ հրապարակ մտան, հին Կիւմրին իր հին ֆայտոնճիներով յայտնուեցաւ աչքերուն առջեւ։ Ահա սուրաց Կնութ Վարդանը։ Ան միշտ կանգնած կը քշէ իր կառքը։ Կանայք բազմեր են թաւշեայ նստարաններու մէջ։ Բաղնիք կ՛երթան հպարտանալով։ Անցաւ Ծուռվզենց Արշօն։ Ընկեր տղաներ քէֆի կը տանի Արփաչայ խումբով։ Իսկ հին կառապան Ալե՞քը։ Ան հէքիաթի վերածուած է։ Կապեր է նախշ-գօտին, հագած է սպիտակ ձեռնոցը, ոտքին կը փայլի սեւ մոյկը, կրծքին ալ՝ «Սարգիսով» մեծ ժամացոյցը։ Կը պատմեն, թէ չէ՜ր սլանար Ալեքի կառքը՝ կարծես, թէ տեսիլք կ’անցնէր թաղերով։ Ալեքը այսօր հարս պիտի ընդունի…։ Ապա, ճերմակ լիմուզինի մը ուրախ ճչակով սթափեցանք։ Հարս կ՚անցնէր։ Փոխուեր է քաղաքը։ Բայց, դեռ կանգուն է Եօթ Վէրքը, լիովին վերանորոգուած է Ս. Ամենափրկիչը։ Բայց, չկար հին Կիւմրին։ Վերջին մխիթարութիւնն է Սամուէլ պապը, այն եօթանասուննոց ժիր մարդը, որ խոստացեր է իր ֆայտոնը հրապարակ բերել ու աշակերտներուն պտոյտ մը տալ։ Չորս աշակերտ ուրախութեամբ, նկարելով, նկարուելով դէմ դիմաց նստեցան։ (Միւսները քսան վայրկեան մը պէտք է որ սպասեն)։ Իսկ հինգերորդը՝ Էլենը արագ ոստումով մը հաստատուեցաւ վարորդի քով։ Ժպտաց եւ բարեւեց. «Ո՞նց էք։ Կարելի՞ է»։ Սամուէլ պապը սանցերը յանձնեց աղջկան. «Ո՞նց կարելի չի»։ Անփորձ Էլենը գրեթէ կառավարեց ձիերը, որոնք ազնիւօրէն ալ ենթարկուեցան նոր «վարպետին»։ Սամուէլ պապը, իմաստուն մարդ, խօսեցաւ. «Կիւմրին առանց ֆայտոնի՝ նոյնն է հարսանիք առանց հարսի։ Ֆայտոնը մեռաւ՝ Կիւմրին էլ կը մեռնի»։ Էլենը, ասմունքի մեր սիրողական աստղը Չարենցի խօսքերը սկսաւ արտասանել, ճիշդ այս օր, այս վայրկեանի համար պատրաստուած խօսքեր. «Ֆայտոն նստած՝ անցնեմ քուչով, պատուհանից վրես նայես՝ / էշխդ անքուն սիրտս ընկնի ու լաց ըլիմ մինչեւ էգուց։ / Խելքս քամուն, հովին տուած՝ երթամ ընկնեմ դուքան ու բաղ՝ / ընկերների սուփրին գինի ու հա՛ց ըլիմ մինչեւ էգուց»։ Ապա, նստածները, մեր երգարանէն երգ մը սկսան մրմնջել, հի՜ն երգ մը որ ամբողջ տարի դասարանի մէջ փորձած, երազած էին ճիշդ այս օր, այս վայրկեանին կատարելու համար. «Ֆայտոն նստած կ’անցնեմ նորից, իմ մանկութեան հին թաղերով, սիրտս լցուած քո կարօտից, լցուած սիրոյ տաղերով…»։ Ֆայտոնը երազի պէս անցաւ սալարկուած, նեղ փողոցներէն,- երբ ինքնաշարժեր բարեխղճութեամբ զիջեցին անոր… Տեսանք Շիրազի երկգոյն տունը, Սուրբ Նշան եկեղեցին, մեծահարուստ Ձիթողցեաններու պատկառելի բնակարանը, եւ վերջապէս, այն պատշգամը, որ համբաւաւոր դարձած էր «Մեր մանկութեան թանկոն» շարժանկարի հետ…
Երազի պէս. ո՛չ աւելի,
ո՛չ պակաս
Վերադարձը մելամաղձոտ է։ Աշակերտները մտածեցին, թէ, -ներող ըլլան մեր նախկին երեւանցի ընթերցողները,- «Կիւմրին ինչո՚ւ Հայաստանի մայրաքաղաքը չէ», «Կիւմրին աւելի հայկական է քան Երեւանը»։ Հանրաշարժը,- մեծ ֆայտոն մը առանց ձիու-, սուրաց Շիրակի դաշտէն դէպի Երեւան։ Վարորդը նկատելով աշակերտներու ուժաթափութիւնը, նուագեց մեղմ երգ մը, «Ոչ աւել, ոչ պակաս», եղանակ մը, որ ըստ պատմողներու, ամբողջ ամառ Հայաստանի ամենասիրուած երգն է եղած։ Նախ քան այդ երգի խօսքերու մէջբերումը, յարգելի ընթերցող, մեր ճամապարհորդութեան երրորդ ու վերջին տոմսի մէջ դուք պիտի դիտէք ծառատունկի արարողութիւն մը, նոր պուլպուլակի մը կառուցումը եւ ոտնագնդակի մը ոդիսականը։ Իսկ ուղեւորութեան վերջին օրը մեր խումբի տղաները «մարդ» պիտի դառնան ու իրենց հրաժեշտի պարը պիտի պարեն։ Իսկ այժմ, Մ1 միջպետական նշանակութեան ճանապարհի վրայ ենք… Պարոն Արտակ, ձայնը մի քիչ կը բարձրացնէ՞ք… «Թէ սիրում է, տարուայ տեղը մարդ պիտի սիրի դարերով, որ գժուի ու տեղնուտեղը սիրի իր սրտի լարերով...»։ Հիւսիս-Հարաւի մէկ հատուածն է ասիկա… «Երանի տամ էն մարդուն, ով կը սիրի մէկին ու մի անգամ… Ինձ ամուր-ամուր գրկիր, որ խենթանամ ու մի քանի օր, Ես էլ քո սիրուց խելքի չգամ...»։ Ընդարձակ դաշտեր ոսկեգոյն ծովու տպաւորութիւն կու տան ու մայրուղիէն շատ հեռու չեն Մաստարայի, Թալինի եւ Արուճի տաճարները։ Ապա, ցուցանակ մը կը յայտնուի՝ «Երեւան 50 քմ.»։ Կը մօտենանք մեր վերջին պատմութիւններուն, ոչ աւելի, եւ ոչ ալ պակաս.
Թէ սիրում է,
Տարուայ տեղը
Մարդ պիտի սիրի դարերով…
Ոչ աւել, ոչ պակաս
Երազանք ես, որ կաս,
Երանի քեզանից
Սիրտս լինի անպակաս։