Երբ հետզհետէ կը մօտենայ Լոզանի դաշնագրի ստորագրման դարադարձը, նիւթը օրակարգի կու գայ զանազան հարթակներու վրայ իր տարբեր երեսակներով։
Արդարեւ Լոզանի դաշնագիրը Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնաքարը կը համարուի։ 24 Յուլիս 1923-ին ստորագրուած համաձայնութեամբ համաշխարհային հասարակութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած եղաւ Օմանեան կայրսութեան ժառանգորդը հանդիսացող Թուրքիոյ հանրապետութիւնը։ Սակայն կայսրութեան փլուզման եւ նոր հանրապետութեան մը յայտնութեան այդ ճանապարհին մէջ գործուած էին մարդկութեան դէմ բազմաթիւ յանցագործութիւններ, որոնք բոլորովին անտեսուեցան Լոզանի պայմանագրի վաւերացումով։
Այս ծիրէն ներս 16 Յուլիս կիրակի օր, Ամիտայի մէջ կայացաւ գիտաժողով մը, որ կը կրէր «100-ամեակի առթիւ կանայք կը քննարկեն Լոզանը» խորագիրը։ այս ընդհանուր խորագրի ներքեւ զանազան մասնակիցներ զեկոյցներով արտայայտուեցան փոքրամասնութիւններու լեզուներու դէմ յարուցուած արգելքներու, հայկական կրթական հաստատութիւններու վրայ գործադրուած ճնշումներու, ալեւիադաւաններու կրօնական առանձնայատկութեան ուրացումի, ասորիներու փոքրամասնութեանց իրաւունքներէն զրկուելու, քիւրտ ինքնութեան մերժումին նման նիւթերու շուրջ։
Գիտաժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի թէ Լոզանի դաշնագիրը պետական գետնի վրայ պնդուածի նման խաղաղութեան դաշինք կը չէ, այլ անցեալի կայրսութեան զանազան ժողովուրդներու թուրք ազգային պետութեան ամբողջին մէջ ձուլման փաստաթուղթը։
Յայտնի է թէ նիւթը տարբեր գետիններու վրայ պիտի շարունակուի քննարկուիլ յառաջիկայ օրերուն եւս, թէ նման բնոյթի գիտաժողովներու եւ թէ հեռուստացուցային ծրագիրներու ձեւաչափով։ Արդարեւ թերթիս հայերէն էջերուս խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան 21 Յուլիս հինգշաբթի, պիտի մասնակցի ժամը 20.00-ին «Մետիա Հապեր» հեռուստակայանի հաղորդումին, ուր կը քննարկուին Լոզանի դաշինքի հետեւանքները։ Իսկ 30 Յուլիս կիրակի առաւօտ ան զեկոյցով մը պիտի մասնակցի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական համագումարին կազմակերպած գիտաժողովին։