Հատուցումը ոճրագործներու վզին

Հրանդ Տին­քի եղ­բայրնե­րը Խոս­րոֆ եւ Երո­ւանդ Տինք 19 Յու­նո­ւար 2007-ի մա­հափոր­ձէն ետք Թուրքիոյ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան դէմ հա­տուցման դատ բա­ցած էին։ Անոնք նա­խարա­րու­թիւնը կը մե­ղադ­րէին ոճի­րի դէմ անհրա­ժեշտ կան­խա­միջոց­նե­րը ապա­հովե­լու նիւ­թին մէջ ան­բա­ւարար մնա­լուն պատ­ճա­ռաւ եւ կը պա­հան­ջէին 400 հա­զար ԹԼ. հա­տու­ցում։ Դա­տարա­նը տե­ղին գտած էր այդ պա­հան­ջը եւ վճռած էր 158 հա­զար ԹԼ հա­տուցման, յա­ւելեալ 13 տա­րուայ տո­կոսով։

Նա­խարա­րու­թիւնը այդ հա­տու­ցումը վճա­րելէ ետք այս ան­գամ իր մատ­նո­ւած վնա­սին հա­մար դատ բա­ցաւ ոճի­րի պա­տաս­խա­նատու­նե­րու դէմ։ Այժմ նա­խարա­րու­թիւնը խնդրոյ առար­կայ գու­մա­րը կը պա­հան­ջէ ոճ­րա­գործ Օկիւն Սա­մասթ եւ անոր ան­մի­ջական գոր­ծա­կից­ներ Եասին Հա­յալ, Էր­սին Եոլ­ճու եւ Ահ­մետ Իս­քենտե­րէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ