Գրող կիներ ըլլալու ընթացքին մէջ

ԱՅԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

«Կարդա­ցած գիրքս շատ ծանր էր

տա­րիքիս հա­մար։ Այսպէս ըսին աւե­լի ուշ

գլխա­ցաւ ու­նէի, բայց բա­ռերը չու­նէի

Յստա­կօրէն ան­հա­տը կ՚ապ­րի սահ­մա­նումնե­րով

Բա­ցի եթէ գի­տես գլխա­ցաւը, չես կրնար նկա­րագ­րել անոր ինչ ըլ­լա­լը

նոյ­նիսկ ինքդ քե­զի

Եր­կու ձեռ­քերս գլխուս դրած էի

Մէ­կը հար­ցուց եթէ գլխա­ցաւ ու­նէի

Բա­ռին կառ­չած մնա­ցի, այո այդպէս էր

Գլուխս ցա­ւելու սկսաւ երբ բա­ռը գտայ»։

«Քե­նար Սիւ­­սիւ» (Եզեր­­քի զարդ) վեր­­նա­­­գիրով բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու հա­­ւաքա­­ծոյի իր գիր­­քին մէջ, ան­­ցեալ Մա­­յիսին «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նէն հրա­­տարա­­կուած, Գա­­րին Գա­­րագաշ­­լը «Սուրբ եր­­րորդու­­թիւն-Ա. Գրա­­կանու­­թիւն» քեր­­թուածին առա­­ջին տու­­նին մէջ կը խօ­­սի բա­­ռին եւ փոր­­ձա­­­ռու­­թեան մի­­ջեւ գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­ցող նուրբ յա­­րաբե­­րու­­թեան մա­­սին։ Նոյն կտո­­րին երկրորդ տու­­նին աւար­­տին Գա­­րագաշ­­լը կ՚ըսէ՝ «Պա­­րապու­­թիւնը կեր­­պա­­­րանք ստա­­ցաւ երբ գրի­­չը շար­­ժե­­­ցաւ»։ Բար­­ռե­­­սիա գո­­լէք­­թի­­­ւի ան­­դամնե­­րուս գրե­­լու գոր­­ծընթա­­ցը կը զար­­գա­­­նայ գա­­ղափա­­րով կամ փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ մը սկսող բա­­ռերու շա­­րանով եւ մերթ ընթ մերթ ձե­­ւի կու գայ։ Թէեւ մեր գրե­­լը ար­­գի­­­լող բազ­­մա­­­թիւ խո­­չըն­­դոտներ եւ մտա­­հոգու­­թիւններ կան, բայց կա­­րենալ գրել իրա­­րու նե­­ցուկ կանգնե­­լով՝ մեզ դուրս կը բե­­րէ պա­­րապու­­թեան մէջ լուռ մնա­­լէն։ Մեր փոր­­ձա­­­ռու­­թիւններն ու դի­­տողու­­թիւննե­­րը կը սկսին իմաս­­տա­­­ւորո­­ւիլ իրար հետ մեր ու­­նե­­­ցած քննար­­կումնե­­րու հե­­տեւան­­քով։ «Ո՞վ պի­­տի կար­­դայ ասի­­կա» ըսել տո­ւող աննշան թո­­ւացող նիւթ մը գրե­­լու ըն­­թացքին ձե­­ւաւո­­րուած խե­­լացի նկա­­տողու­­թեան մը կը վե­­րածո­­ւի։

Գրա­­կանու­­թեան 2022 թո­­ւակա­­նի Նո­­պելեան մրցա­­նակա­­կիր Անի Էռ­­նո­­­յի գիր­­քը ժա­­մանա­­կէ մը ի վեր մահ­­ճա­­­սեղա­­նիս վրան է։ Ծնած 1940-ին, Նոր­­մանտի, Ֆրան­­սա, Էռ­­նօ Նո­­պելեան մրցա­­նակին տի­­րացած է «անձնա­­կան յի­­շողու­­թեան ար­­մատնե­­րը, օտա­­րացումնե­­րը եւ հա­­ւաքա­­կան սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րը բա­­ցայայ­­տե­­­լու իր քլի­­նիքա­­կան սրու­­թեան եւ քա­­ջու­­թեան հա­­մար»։ Հե­­ղինա­­կը, որ գրե­­լու սկսած է 23 տա­­րեկա­­նին, սպա­­սած է 60 տա­­րի, մին­­չեւ 82 տա­­րեկան, որ­­պէսզի ար­­ժա­­­նանայ այս մրցա­­նակին։ Իր տո­­ւած հար­­ցազրոյցնե­­րէն մէ­­կուն մէջ Էռ­­նօ կը նշէ, որ ինք գրող է՝ քան թէ կին մը, որ կը գրէ. ու­­նի կնոջ պատ­­մութիւն ՝ ի տար­­բե­­­րու­­թիւն այ­­րե­­­րու։ Ան բծախնդու­­թեամբ իր յի­­շողու­­թե­­­նէն կ՚ար­­տա­­­հանէ իր անձնա­­կան փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րը եւ հո­­յակապ վա­­ւերա­­կանու­­թեամբ եւ քա­­ջու­­թեամբ անձնա­­կանէն հան­­րա­­­յին ոլորտ կը տա­­նի զա­­նոնք։ Վրաս ամէ­­նէն շատ ազ­­դած «Հէ­­փընինկ» (Պա­­տահող) վեր­­նա­­­գիրով իր գիր­­քին մէջ հե­­ղինա­­կը կը նկա­­րագ­­րէ այն օր­­հա­­­սական փոր­­ձա­­­ռու­­թիւնը, որ ապ­­րած է իր յղու­­թիւնը կա­­սեց­­նող գոր­­ծո­­­ղու­­թեան ըն­­թացքին, 1963-ին պա­­տահած Ֆրան­­սա­­­յի մէջ, ուր ապօ­­րէն էր վի­­ժու­­մը։ Գիր­­քը վեր­­ջա­­­պէս լոյս կը տես­­նէ 2000 թո­­ւակա­­նին. կար­­ծես թէ ու­­շա­­­ցու­­մը կի­­ներու պատ­­մութիւննե­­րուն ճա­­կատա­­գիրն է։ Հե­­ղինա­­կը 37 տա­­րիներ շա­­րու­­նակ պէտք էր կրէր իր որո­­շու­­մին հե­­տեւան­­քը եւ այր բժիշկնե­­րուն ան­­տարբե­­րու­­թիւնն ու ամէ­­նագէտ ըլ­­լալնուն հա­­ւակ­­նութիւ­­նը։ «Գլինտ աութ» (Դա­­տարկ պա­­հարան­­ներ), որ գրած է իր ու­­սա­­­նողա­­կան տա­­րինե­­րուն, իր անձնա­­կան փոր­­ձա­­­ռու­­թեան վի­­պակա­­նացած տար­­բե­­­րակն է։ Գիր­­քին հրա­­տարա­­կու­­թիւնը սկիզ­­բը մեր­­ժո­­­ւած է բազ­­մա­­­թիւ հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նե­­­րէ, քա­­նի որ մեծ ձգտումներ ու­­նե­­­ցող գրու­­թիւն սե­­պած են զայն, մին­­չեւ որ վեր­­ջա­­­պէս հրա­­տարա­­կաուած է 1974-ին։ Քա­­նի՞ տա­­րի պէտք է կին մը սպա­­սէ նախ­­քան կա­­րենայ գրել փոր­­ձա­­­ռու­­թեան մը մա­­սին, որ ցաւ­­ցուցած է իր մար­­մինն ու հո­­գին։

Ակօ­­սի մէջ Բար­­ռի­­­սիաբար սիւ­­նա­­­կին ճամ­­բով գո­­լէք­­թի­­­ւի ան­­դամներս առիթ ու­­նե­­­ցանք իրար ծա­­նօթա­­նալու մեր գրու­­թիննե­­րուն ընդմէ­­ջէն։ Մենք Գա­­րագաշ­­լըին կամ Էռ­­նո­­­յին նման գրա­­կանու­­թիւն չէ՚ որ կ՚ար­­տադրենք, սա­­կայն շատ բախ­­տա­­­ւոր կը զգանք ու­­նե­­­նալու մատ­­չե­­­լիու­­թիւնը նման ներշնչող կի­­ներու, որոնք մեր ժա­­մանակ­­նե­­­րուն մէջ կը գրեն։ Մեր յօ­­դուած­­նե­­­րուն մէջ կը փոր­­ձենք կա­­նանց աչ­­քե­­­րով փո­­խան­­ցել մեր որոշ դի­­տար­­կումնե­­րը եւ առօ­­րեայ կեան­­քի փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րը՝ ըլ­­լան անոնք հայ գա­­ղու­­թին պատ­­կա­­­նող կամ չպատ­­կա­­­նող։ Հե­­տեւեալ հար­­ցումը ու­­նինք միշտ՝ «ի՞նչ են սփիւռքի մէջ ապ­­րած ու մեծ­­ցած հայ կնոջ մը կա­­րելիու­­թիւննե­­րը ինքզինք ան­­կաշկանդ կեր­­պով ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու»։ Յա­­ճախ կը գրենք առանց իմա­­նալու թէ ի՚նչը գրաքննու­­թե­­­նէ ան­­ցը­­­նել եւ ինչպէ՚ս եւ ջանք կը թա­­փենք պատ­­կե­­­րաց­­նել ըն­­թերցո­­ղին հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւնը. այս պատ­­ճառ կը դառ­­նայ, որ գրու­­թիւն մը բազ­­մա­­­թիւ ան­­գամներ վերստու­­գենք։ Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով, որ մեր գրու­­թիւննե­­րը թրքե­­րէն, հա­­յերէն եւ անգլե­­րէն լե­­զու­­նե­­­րով կը հրա­­տարա­­կուին, յա­­ճախ կա­­րիքը կը զգանք մտա­­ծելու, որ տո­­ւեալ գրու­­թիւն մը ինչպէս պի­­տի ըն­­կա­­­լուի թուրքիա, թուրքիայէն դուրս թէ՚ Հա­­յաս­­տան բնա­­կող հա­­յերու կող­­մէն, ինչպէս նաեւ՝ ընդհան­­րա­­­պէս ոչ-հա­­յերու կող­­մէ։ Ես իմ մա­­սիս խօ­­սելով, ըսեմ, որ յա­­ռաջա­­ցած տա­­րիքիս ես կա­­րողա­­ցայ հան­­րութեան տրա­­մադ­­րութեան դնել որ­­պէս հայ կին ար­­տադրած գրու­­թիւններս, եւ ատոր հա­­մար զիս կը հե­­տաքրքրէ ու­­շացման հար­­ցը։ Եթէ այս Գո­­լէք­­թի­­­ւին մաս կազ­­մած չըլ­­լա­­­յի, ընդմիշտ լուռ կը մնա­­յի։ Հիմ­­նա­­­կան վե­­րապա­­հու­­թիւնս եղած է փոր­­ձա­­­ռու­­թիւններս եւ դի­­տողու­­թիւններս ճիշդ կեր­­պով ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու բա­­ւարար կա­­րողու­­թիւն չու­­նե­­­նալու մտա­­հոգու­­թիւնը։ Դպրո­­ցական օրե­­րէս սո­­րուած ըլ­­լա­­­լով, որ գրե­­լը ան­­հա­­­տը խո­­ցելի կը դարձնէ, նա­­խընտրած եմ տա­­րիներ շա­­րու­­նակ ապ­­րիլ առանց նշե­­լու եւ զգա­­լու այդ գլխա­­ցաւը, որուն մա­­սին Քա­­րաքաշ­­լը կը խօ­­սի՝ առանց հասկնա­­լու, թէ այդ ցա­­ւերը ին­­չի մա­­սին էին։ Ահա թէ ին­­չո՚ւ Գո­­լէք­­թի­­­ւին ներ­­սէն գրե­­լը բա­­ւական ներշնչեց զիս։

Էռ­­նո­­­յի գրե­­լուն առա­­ջին տա­­րինե­­րը կը զու­­գա­­­դիպին այն ժա­­մանակ­­նե­­­րուն, երբ մեր ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուն կա­­նայք չէին կրնար գրել։ Պէտք է նաեւ յի­­շել այն իրո­­ղու­­թիւնը, որ գրե­­լը ընդհա­­տուած էր հայ կի­­ներուն հա­­մար եւ անոնց առաջ­­նա­­­հեր­­թութիւ­­նը սահ­­մա­­­նափա­­կուած էր տնա­­յին եւ գո­­յատեւ­­ման աշ­­խա­­­տանքնե­­րով՝ ապա­­հովե­­լու հա­­մար իրենց ըն­­տա­­­նիքին եւ իրենց կա­­րիք­­նե­­­րը։ 20-րդ դա­­րու սկիզ­­բը երբ գո­­յատե­­ւելու եւ տուն հիմ­­նե­­­լու պայ­­քա­­­րը յա­­րատեւ էր, հայ կի­­ներու ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծա­­­կան ձեռքբե­­րումնե­­րը կ՚ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւէին ըն­­տա­­­նեկան պա­­րագա­­ները առողջ եւ ապա­­հով պա­­հելուն մէջ։ Թէեւ շատ քիչ են մեր մայ­­րե­­­րուն եւ մեծ մայ­­րե­­­րուն աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն տե­­սանե­­լիու­­թիւնը հան­­րա­­­յին կեան­­քին մէջ, սա­­կայն եթէ մենք, որ­­պէս հայ կի­­ներ, այ­­սօր կա­­րողու­­թիւնը ու­­նինք վեր­­ջա­­­պէս գրե­­լու, ապա շատ բան կը պար­­տինք տա­­րինե­­րու վրայ իրա­­կանա­­ցած կա­­նանց իրա­­ւունքնե­­րը պա­­հան­­ջող շար­­ժումնե­­րուն եւ կա­­նանց գրա­­կանու­­թիւնը ընդգրկող հար­­թակնե­­րուն։ Մեր ամե­­նէն ար­­ժէ­­­քաւոր ու­­ղե­­­ցոյ­­ցը՝ մեր ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուն մէջ գտնուող կի­­ներուն զա­­նազան զրկանքնե­­րու ընդմէ­­ջէն շա­­րու­­նա­­­կած ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծե­­­լու եւ ծաղ­­կե­­­լու պայ­­քարն է։

Թարգմա­­նեց՝ Արազ Գո­­ճայեանը

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ