ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
«Փոքրաթիւ են բաւականաչափ խելացիները,
որոնք օգտակար յանդիմանութիւնը
գերադասում են վտանգաւոր գովասանքից»:
Լառոշֆուկօ
Խաղաղ կացութիւն ապահովելը որեւէ երկրի համար երանելի է ոչ միայն արտաքին ուժերու հետ բախումներու առումով, այլ նաեւ ներքին խլրտումներու բնոյթով։ Նման քաօսային եւ պայթուցիկ ճգնաժամային վիճակը որեւէ դրական խաղաղ լուծումներու յոյս չի ներշնչեր մեզ նման փոքր եւ թոյլ երկրի համար՝ չանտեսելով, որ հասարակութեան ընտրանին ընդունած է մի ուղի, որ կը տանի դէպի ինքնաստորացում, երբ մեզ յօշոտելու հարեւաններու ախորժակը աւելի գրգռուած է, իսկ մեր տարբեր տրամաչափի այլախոհները սուտ, կեղծ, շինծու կոչերով հանրութեան միտքը կը պղտորեն եւ ցաւօք կան հաւատացող ծափահարողներ։ Շատեր անծանօթ են նուիրում-ի համազգային զգացումին, հայրենի օրրանը վերականգնելու մոլուցքին, որոնց կը փոխարինեն սուտն ու կեղծիքը, սեփական նուազագոյն շահը՝ իրար յօշոտելու պատրաստ, հայեացքը ուղղուած տարբեր երկրներէն սպասուած ենթադրեալ սատարի, միայն թէ բացակայ են մեզ որեւէ տեսակով տրամադիր եւ պատրաստ ենթադրեալ օժանդակողներ եւ ի վերջոյ պահն է հասունանալու եւ հասկնալու, որ ոտքի տակ չանցնելու միակ միջոցը սեփական ներուժին ապաւինելն է, եւ ուրիշի վրայ յուսացողի թեւերը կարճ են։ Ունայն խօսքեր չեն Պաքուի յայտարարութիւնը, թէ իրենց քաղաքականութիւնը կ՚իրականացնեն ոչ թէ ինչոր կոչերու պահանջով, այլ սեփական ազգային շահերէն ելնելով, եւ դրական արդիւնք կ՚ակնկալէր՝ ի գիտութիւն բոլոր այն երկրներուն ու միջազգային կառոյցներուն, որոնք Ատրպէյճանին կը դիմեն Լաչինի միջանցքը անյապաղ բանալու կոչով։ Պաքուի ակնյայտ նպատակն է խեղդել Արցախը Հայաստանի հետ միասին, մինչեւ որ իրենց յաղթանակը համաշխարհային դիւանագիտական հանրութեան կողմէ ճանչցուի։ Նպատակս յանցաւոր փնտռել չէ, ոչ եւս թշնամին գովերգել, բայց աւելորդ չէ յիշեցնել, որ մենք չունեցանք նոյն քայլերը ընելու իմաստութիւնը 1994-ին՝ երբ Պաքուն ծնկադիր զինադադար կը աղերէր։ Հայութեան գրկին, սփիւռքը ներառեալ, չգտնուեցաւ այն անձը, որ կը յուշէր նման քայլի մը կարեւորութիւնը, փոխարէնը յամառութեամբ լծուեցան Արցախի երկրորդ ինքնավար հանրապետութիւն ստեղծելու պիղծ գաղափարին, որ թալանի երանելի միջոց էր՝ յենուելով սնափառ այն փաստի վրայ, որ յաղթական էինք, խնդիրները լուծել էինք եւ կ՚ընենք ինչ ցանկանանք, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»։
Եռակի բեւեռով հայ հասարակութիւնը, ներառեալ մամուլի զգալի մասը՝ ՀՀ, Արցախ թէ սփիւռք, դեռ չեն կարողանար հաշտուիլ այն մտքի հետ, որ արդի պայմաններուն տիրող վիճակի որոշիչ ձայնը մեզ չի պատկանիր։ Պաքուն, աւելի հարուստ եւ հետեւողական ըլլալով, քսանհինգ տարի պատրաստուեց եւ կացութիւնը փոխեց։ Որու համար է զարմանալի, երբ ԱՄՆ դեսպանը վստահօրէն կը յայտարարէ, թէ հնարաւոր է Ատրպայճանի կազմին Արցախի հայութեան համակերպումը, իսկ Ռուսիոյ ԱԳ խօսնակը կը շեշտէ, որ «Ղարաբաղի նախագահ»ի պաշտօն չի ճանչնար։ Պարզէն պարզ է, որ անոնց կարծիքը հիմնուած է իրենց շահերով, իսկ հայ ազգ կամ ինքնորոշում եզրերը անբովանդակ են։ Առանց որեւէ մէկուն իրաւապաշտպանի դեր ստանձնել չյաւակնելով՝ չեմ կարող հարց չտալ, թէ ի՞նչ կարող է ընել ՀՀ-ի որեւէ իշխանութիւն այս իրավիճակին եւ չ՚ընէր։ Հնարաւո՞ր է արդեօք հայկական շահերը թմբկահարել ամէնուր տիրող վիճակէն փրկուելու համար։ Երկրի, Արցախի թէ սփիւռքի բազում քաղաքական համարուող ուժերը, իրենց յարող մամուլի հետ եւ հոգեւոր բարձր դասի անտրամաբանական մեղսակցութեամբ, թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործնականին կ՚ընեն ամէն ինչ իշխանութիւնը վարկաբեկելու՝ օգտուելով երկրի ծանրագոյն վիճակէն, մոռնալով, որ իւրաքանչիւրի պարտականութիւնն է նուիրումով լծուիլ երկրի հնարաւոր վերակառուցման սրբազան գործին։ Համախոհութեան եւ ուժերը միաւորելու ոչ մէկ քայլ կ՚ընեն, երեւոյթներու կեղծ, սխալ մեկնաբանութիւնները համատարած եւ տիրակալ են, բայց լուտանքները աւելի քան առատ են, որուն պատճառով ստեղծուած է քաղաքական երկու դաշտ՝ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի շահերով առաջնորդուողներ։ Առաջինի նպատակն է ամէն գինով հարաւային Կովկասին պահպանել ունեցած իր ոտնատեղը, իսկ երկրորդը՝ ամէն գինով խլել անոր դիրքը, այնպէս որ այլեւս հայկական շահ գոյութիւն չունի, եւ մեզ կը մնայ ան ներկայացնել եւ արժեւորելով պահպանել։ Կարեւոր կը համարեմ յիշեցնել Կիպրոսի պարագան։
Անհնար է լռութեան մատնել նոր տեսակի փրկարար, Ա.Գ. նախկին հրաշագործ նախարարի յայտնուիլը, որ լուսապայծառ գաղափար երկնած է՝ երեք ամսուայ ընթացքին շտկել բոլոր տեսակի բանակցութիւններու հետ կապուած մեծ թէ փոքր խնդիրները, որոնք ինչոր տարաձայնութեան ենթակայ են, պայմանով որ այդ օրերուն վարչապետը պէտք է զրկուի արտայայտուելու իրաւունքէն եւ ինքը իր շքախմբով կ՚ըլլայ վիճակի միակ պատասխանատուն։ Աւելորդ կը համարեմ որեւէ մեկնաբանութիւն ընել նման անհեթեթութեան մասին, մամուլը ողողուած է անոր գործունէութեան ձախողուած դրուագներով։
Արդեօք այս եւ նման վարկածները կը խօսին այն մասին, որ հայ առողջ մտայնութիւնը այն աստիճանի նսեմացած է, որ կը համարձակուին նման բան ըսել, որուն կարելի է միացնել նաեւ 85-ամեայ պատուաւոր Զարթօնքի բոլոր խմբագրականները (կարմիր գոյնով) յագեցած են հայ պետականութեան եւ հանրութեան հանդէպ արտառոց ատելութեամբ եւ արհամարհանքով, ցաւօք միակը չէ, բազում են նմանները, որ հայհոյանքը կը համարեն իրենց երկրին նուիրումի տեսակ։
(Սեն Ռաֆայէլ)