Էրտողան դարձեալ ետքայլ ըրաւ

1Յու­լի­սին Լիթ­վա­նիոյ մայ­րա­քաղա­քին մէջ կա­յացող եռա­կողմ ժո­ղովով հան­գուցա­լու­ծո­ւեցաւ Շո­ւէտի ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դա­մակ­ցութեան դէմ թրքա­կան ար­գե­լափա­կու­մը։ Ինչպէս ծա­նօթ է Շո­ւէտ եւ Ֆիլ­լանտիա վեր­ջերս ցան­կա­ցած էին Հիւ­սիս Ատ­լանտիան դա­շին­քին մաս­նակցիլ։

Թուրքիա այս մա­սին առար­կութիւններ առա­ջադ­րած էր Շո­ւէտի ան­դա­մակ­ցութեան դէմ։ Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թիւնը պա­հան­ջած էր, որ Շո­ւէտ վե­րադարձնէ այն ան­ձե­րը, որոնք ապաս­տա­նած են իր երկրին եւ Թուրքիա զի­րենք կ՚ամ­բաստա­նէ ահա­բեկ­չութեամբ։

Ահա­բեկ­չութեամբ մե­ղադ­րո­ւած­նե­ծու շար­քէն էր նաեւ մեր վա­ղեմի բա­րեկամ Ռա­կըպ Զա­րաքօ­լու։ Քա­նի որ Շո­ւէտ մեր­ժած էր Թուրքիոյ այդ պա­հան­ջը, այս՝ պա­հուն յայտնի չէ թէ Էր­տո­ղան որ պայ­մաննե­րու մէջ ետ­քայլ ըրաւ իր պա­հանջնե­րէն։

Այժմ խնդի­րը պի­տի ներ­կա­յանայ Թուրքիոյ Խորհրդա­րանին, վա­ւերաց­ման հա­մար։ Մինչ այդ Հունկա­րիա կը շա­րու­նա­կէ դի­մադ­րել Շո­ւէտի ան­դա­մակ­ցութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ