Մահ Ռիչարտ Յովհաննէսեանի

Ժամա­նա­­կա­կից հայ պատ­­մագրու­­թեան ամե­­նակար­­կա­­­ռուն դէմ­­քե­­­րէն Փրոֆ. Ռի­­չարտ Յով­­հաննէ­­սեան 10 Յու­­լիս եր­­կուշաբ­­թի օր մա­­հացաւ Լոս Ան­­ճե­­­լըսի մէջ։

90 ամեայ Յով­­հաննէ­­սեան կը յի­­շուի որ­­պէս Գա­­լիֆոր­­նիոյ հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ հա­­յոց ար­­դի պատ­­մութեան ամ­­պիոնի հիմ­­նա­­­դիր դա­­սախօս։ Ան հե­­ղինա­­կած է Հա­­յաս­­տա­­­նի առա­­ջին հան­­րա­­­պետու­­թեան մա­­սին չորս հա­­տոր­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող հսկայ ուսմնա­­սիրու­­թիւն մը։ Բա­­ցի այդ Ռի­­չարտ Յով­­հաննէ­­սեանի տար­­բեր թո­­ւական­­նե­­­րուն սար­­քած բա­­նախօ­­սու­­թիւննե­­րէն պատ­­րաստո­­ւած է Արեւմտեան Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաք­­նե­­­րու պատ­­մութիւ­­նը, որոնք թրքե­­րէն թարգմա­­նու­­թիւնով հրա­­տարա­­կուած են «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան կող­­մէ։

Այսպէս Վան, Պիթ­­լիս, Մուշ, Խար­­բերդ եւ Իզ­­մի­­­րը նիւթ առ­­նող հա­­տոր­­նե­­­րէ զատ «Արաս»ի հրա­­տարկման ծրագ­­րին մէջ կը սպա­­սեն նաեւ շատ մը այլ գիր­­քեր։

Ռի­­չարտ Յով­­հաննէ­­սեան ան­­ձամբ ալ այ­­ցե­­­լած է Թուրքիա, մաս­­նակցե­­լու հա­­մար Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի կազ­­մա­­­կեր­­պած բա­­նախօ­­սու­­թիւննե­­րուն։

Մենք եւս առի­­թը ու­­նե­­­ցած էինք վա­­յելե­­լու իր մտեր­­մութիւ­­նը Վա­­նի Աղ­­թա­­­մար կղզու Սուրբ Խաչ Եկե­­ղեց­­ւոյ վե­­րաբաց­­ման օրե­­րուն։ Ան ըն­­դա­­­ռաջած էր մեր հրա­­ւէրին, վա­­նեցի լրագ­­րո­­­ղի մը հա­­մեստ բնա­­կարա­­նին մէջ։ Այդ օր Ռի­­չարտ Յով­­հաննէ­­սեան սե­­ղանա­­կից եղած էր տե­­ղացի եւ սփիւռքա­­հայ ակա­­դեմա­­կան­­նե­­­րէ եւ մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող խիստ մտե­­րիմ զան­­գո­­­ւածի մը։

Ռի­­չարտ Յով­­հաննէ­­սեան նա­­հապետն էր նաեւ ըն­­տա­­­նիքի մը, որուն ան­­դամնե­­րը կա­­րեւոր դե­­րակա­­տարու­­թիւն ու­­նե­­­ցան հայ իրո­­ղու­­թեան մէջ։ Իր որ­­դին՝ մեր սի­­րելի բա­­րեկամ Ռաֆ­­ֆի Յով­­հաննէ­­սեան եղած էր Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան առա­­ջին Ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րը։

Այս առ­­թիւ կը սգանք մե­­ծանուն փրո­­ֆէօսո­­րի կո­­րուստը եւ կը վշտակ­­ցինք Յով­­հաննէ­­սեան ըն­­տա­­­նիքին, կի­­սելով անոնց սուգն ու վիշ­­տը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ