ԱԹԹԻԼԱ ԹՈՒՅԿԱՆ
«Պերլինաբնակ Սողոմոն Թեհլերեան, ցեղասպանութեան վերապրող որպէս, վրիժառութեամբ կը տառապէր։ Վերջապէս 1921-ի Մարտին կատարեց իր ուխտը։ Գերմանիա ապաստանած Թալեաթ Փաշային մօտեցաւ թիկունքէն, դպչաւ ուսին ու երբ թեքուեցաւ, ճակտին կրակելով զգետնեց զայն։ Այդ պահուն շրթներէն ինկաւ «սա ընտանիքիս համար էր» խօսքը։ Չդիմեց փախուստի։ Գերմանական ոստիկանութիւնը իսկոյն ձերբակալեց զինք ու դատուեցաւ։
Այս ոճիրը մասնիկն էր ցեղասպանոթեան կազմակերպութենէն պատասխանատու անձերը պատժելու համար կազմուած Նեմեսիսի գործողութիւններուն։ Պերլին փախած Թալեաթ Փաշան, գլխաւոր մեղադրեալը պատժելու պարտականութիւնը վիճակած էր Թեհլերեանին։
Թեհլերեան երզնկացի էր եւ 19 տարեկան հասակին ականատես եղած էր մօրը գնդակահարման, քոյրերուն բռնաբարման եւ եղբօրը կացինահարման։ Ինք եւս բաժին ստացած էր այդ սպանութենէն եւ, հազիւ ուշակորոյս ժամեր անց դուրս եկած էր դիակներու կոյտէն։
Դատավարոթեան ընթացքին իբրեւ վկայութիւն ներկայացուեցան Արամ Անտոնեանի փաստաթուղթերը։ Վկայութիւններ բերին նաեւ գերմանացի արեւելագէտ Յոհաննէս Լեփսիուս եւ Օսմանեան բանակի խորհրդատու, զօրավար Օթթօ Լիման Ֆոն Սանտերս։
Դատավարութիւնը վերածուեցաւ Իդդիհատականներու յանցագործութիւններոււն եւ Գերմանիոյ մեղսակցութեան քննարկուած քաղաքական հարթակի մը։ Նիստի ընթացքին Թեհլերեան կ՚ըսէր «Սպաննեցի բայց ոճրագործ չեմ»։
Դատավարութեան երկրորդ օրը, մէկ ժամ տեւող խորհրդակցութեան աւարտին դատակազմը անպարտ հռչակեց իր արարքը խոստովանած Սողոմոն Թեհլերեանը։ Դատարանի դահլիճը թնդաց «Կեցցէ՛ս» բացագանչութիւնով։
Վերի տողերը շարադրած էի «Պելկէ» հրատարակչատան Տարիօ Նաւարոյի թարգմանութեամբ եւ Սաիթ Չեթինօղլուի նախաբանով վերջերս հրատարակած «Բոլորովին անպաշտօն, Ռաֆայէլ Լեմքինի եւ ցեղասպանութեան պայմանագրի ինքնակենսագրական պատումը» խորագրեալ գրքի շապիկին համար։
Նախ անդրադառնամ վերեւ յիշուած «Նեմեսիսի գործողութիւն» եզրին։ Ինչպէս շատերը գիտեն, ՀՅԴ այդպէս անուանած էր ցեղասպանութեան պարագլուխներ հանդիսացող կարգ մը Օսմանեան նախկին քաղաքական գործիչներու, զինուորականներու եւ երկրէ խոյս տալէ ետք 1918-ի Մարտ- Օգոստոս ամիսներու միջեւ իր կազմած Կովկասի իսլամական բանակի շարքերուն Էնվեր Փաշայի հետ հայկական կոտորածներ կազմակերպած Ազերի քաղաքականներու դէմ 1920- 1922 թուականներու միջեւ կատարուած մահափորձերը։ Անուան ներշնչումը կու գայ յունական դիցաբանութեան վրիժառութեան չաստուածուհիէն։
Գործողութիւնները ծաւալած են եռեակի երրորդ անդամ Ճեմալ Փաշայէն սկսեալ Իթթիհատականներ Սաիդ Հալիմ Փաշա, Պահաէտտին Շաքիր, Ճեմալ Ազմի, Ատրպէյճանի վարչապետ Ֆաթալի Հոյսքի եւ Ներքին գործոց նախարար Պեհպուտ Խան Ճեւանշիրի սպանութիւններով։ Իսկ Էնվեր Փաշա կեդրոնական Ասիոյ մէջ սպաննուած է հայ պոլշեւիկ Յագով Մելքումով (Յակոբ Մելքումեան)ի կողմէ։
Թեհլերեանի դատավարութեան յատուկ ուշադրութիւն սեւեռած էր Լվովի համալսարանի ուսանող Ռաֆայէլ Լեմքին։ Կը հաւատար թէ այս խնդրին մէջ պէտք է դատուի ոչ թէ ոճրագործը, այլ սպանուողը։ Այս մասին դիմեց դասախօսի խորհուրդին։ Դասախօս Փրոֆեսորը, ակնարկելով պետական իշխանութեան, կը պնդէր թէ հայերը օսմանեան քաղաքացիներ են, հետեւաբար պետութիւնը իրենց կը վերաբերի ցանկացած եղանակով, ներառեալ սպաննելով։ «Նկատի ունեցէք հաւեր պահող ագարակատէր մը։ Այդ հաւերը մորթելը իր գործն է եւ մեզ չի հետաքրքրէր։ Եթէ միջամտես բռնակոխած կ՛ըլլաս իր իրաւունքը։ Հետեւաբար երկրի մը ներքին գործերուն միջամտել կը նշանակէ այդ երկրի ինքնիշխանութիւնը ոտնակոխել»։ Լեմքին շուարած էր դասախօսի մտածելակերպը լսելով։ «Մարդասպանութիւնը յանցանք է, բայց բռնակալի մը միլիոնաւոր ժողովուրդ սպաննելը ոչ։ Անհեթեթութիւն պարզապէս։ Տարիներ անցան եւ Բ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ԱՄՆ ռազմական նախարարութեան խորհրդատու ըլլալով ծառայած Լեմքին վերջապէս բնութագրեց «ցեղասպանութիւն» եզրը եւ նախադրողը եղաւ «ցեղասպանութիւնը կանխելու եւ պատժելու» հասկացողութեան, որոնց շնորհիւ դասուեցաւ Ի դարու կարեւորագոյն իրաւագէտներու կարգին։
Ռաֆայէլ Լեմքին Հոլոքոստի ընթացքին ներառեալ մայրն ու հայրը, կորսնցուց իր ընտանիքի 49 անդամները։ Թերեւս այս է պատճառը, որ ան ցեղապաշտութեան եւ ցեղասպանութեան դէմ պայքարի մէջ յաջողեցաւ պահել էնթերնասիոնալիստ սկզբունք։
Այս մասին տարած յամառ պայքարին եւ անվերջանալի բանավէճերուն պատճառաւ ան 1948-ին յաճախ կ՛անտեսուէր ՄԱԿ-ի նրբանցքներուն մէջ։
Տարիներ անց իր գրառումներէն կիմանանք թէ զինք այդ իրաւական պայքարին տանող հիմնական գործօնը ո՛չ թէ Հոլոգոստն է, այլ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ 1932- 1933 տարեթիւերուն Ստալինի Ուկրանիոյ եւ Քուպանի տարածքին արհեստական կերպով գոյացուցած եւ 8 միլիոն կեանքներ խլած Հոլոտոմորի սովի ռազմավարութիւնը։
Լեմքին 1949-ին CBS Interview TV հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին կը հաստատէ այս հանգամանքը եւ կը նշէ թէ հայոց դէմ մեծ անիրաւութիւն գործուած է Վերսայի համագումարին, ուր ոճրագործները չեն պատժուած արժանի կերպով։ Լեմքին նաեւ անհերքելի զուգահեռներ կը գտնէ հայոց ցեղասպանութեան եւ հոլոքոստի միջեւ։
Լեմքինը այս գիտակցութեան բերողը Սողոմոն Թեհլերեանի դատավարութեան մասին լսածներն էին, մանաւանդ ալ իր դասախօսին այդ կատարուածները շատ բնական համարող մերձեցումը։ Արդարեւ իր անտիպ 26 Յուլիս 1959 թուակիր նամակի մը տողերուն գրած է հետեւեալը «Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 1,2 միլիոն հայեր սպաննուեցան եւ բոլոր մեղաւորները ազատ արձակուեցան, զարմացած եմ»։
Եզրակացնենք թէ ցեղասպանութիւն բառը հնարող եւ ամբողջ աշխարհը այս մեծագոյն յանցանքին դէմ զգուշացնող Լեմքինի մասին զանազան լեզուներով գրի առնուած հարիւրաւոր յօդուածներ, շուրջ 10 մենագրութիւն, երկու թատրերգութիւն գրուած են։ Իր անունով յիշուած թանգարանային ցուցադրութիւններ եւ ակադեմական բանախօսութիւններ կը կատարուին։ «Կուկըլ»ի վրայ Ռաֆայէլ Լեմքին գրելով պարզ որոնում մը, իսկ աւելի քանի 200 հազար գրառում կը բերէ։ Ան տասը անգամ թեկնածու առաջադրուած է Նոպելի խաղաղութեան մրցանակին։ Ի դէմ այս բոլորին Լեմքին մահացաւ 1959-ին 59 տարեկան հասակին իբրեւ Նեւ Եորքի համայնքի համեստ մէկ անդամը։ Յուղարկաւորութեան ներկայ էին միայն եօթը հոգի։ Ան թէեւ մեռաւ մեն ու մենակ, աղքատութեան մէջ, բայց իր ետին թողուց պայքարներով լեցուն կենսագրութիւն մը։ Լեհաստան համեստ ագարակի մը մէջ անցած մանկութեան տարիները, Նացիներու գրաւման տակ Լիթուանիա եւ Լեթոնիոյ ճամբով դէպի Շուէտ փախուստը, Սովետական Միութիւն, Ճափոնիա եւ Գանատայի ճամբով գացած Միացեալ Նահանգներու մէջ որպէս ակադեմական, փիլիսոփա եւ միջազգային իրաւաբանութեան պատուարժան փաստաբան մը ըլլալով անցած կեանքի ճանապարհը ինքնակենսագրութեան վերածելու հանգրուանին մահացաւ սրտի կաթուածի հետեւանքով։ Անոր ձեռաքիրներու հիման վրայ Տոնա-Լի-Ֆրայզ հրատարակեց «Բոլորովին Անպաշտպան» անուն գիրքը։ Այս գիրքի էջերը թղթատելով շատ աւելի հմուտ կերպով պիտի ընկալենք ցեղասպանութեան դէմ պայքարի շարժման հիմնադիրի կարծրատիպերը եւ քաղաքական նպատակները։