Սուրբ Սանդուխտ կոյսի եւ Թադէոս առաքեալի ձօնուած ուխտագնացութեան նախապատրաստութիւնները արդէն իսկ աւարտած են։ Կառուցուած են Թադէի վանքի վանական համալիրի շրջափակի վրանները։ Ուխտաւորներ Պարսկաստանի եւ մանաւանդ Ատրպատականի զանազան շրջաններէն կը փութան 13 Յուլիս հինգշաբթի օր մեկնարկելիք եռօրեայ տօնախմբութեան մասնակցելու համար։
Յիշենք որ Հայաստան աշխարհի մէջ քրիստոնէութեան քարոզչութեան առաջին առաքեալներ Թադէոս եւ Բարդողիմէոս կը յիշատակուին իրենց անուններով կառուցուած պատմական երկու տաճարներուն մէջ։ Տարիներու ընթացքին առաքեալներու ձօնուած եկեղեցիները, որ այնքան մօտիկ էին իրարու, այժմ մնացած են երկու տարբեր պետութեան սահմաններուն մէջ։ Այսպէս Սուրբ Բարդողիմէոսի անուան տաճարը կը մնայ Թուրքիա, Վանի մերձակայ աւանի մը մէջ։ Եկեղեցին երկար տարիներ մնացած էր զինուորական տարածքի մէջ, ուր կարելի չէր այցելել։ Այժմ զօրամասը այդ վայրէն հեռանալով ան կը վայելէ թէ ուղեւորներու այցելութիւնը եւ թէ գանձախոյզներու աւերումը։ Իսկ սահմանի հանդիպակաց կողմը Թադէոս առաքեանի անունին ձօնուած վանքը վերանորոգուած է պարսկական եւ տեղական իշխանութիւններու կողմէ եւ կը վայելէ Ատրպատականի թեմի խնամքը եւ պարսկահայ հասարակութեան հոգատարութիւնը։
Ամէն տարի Սուրբ Սանդուխտ կոյսի յիշատակման օրը կը նշուի նաեւ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։