Բանաստեղծուհի Սեննուր Սեզերի անուան գրական մրցանակ

ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

Կըտա Իշ արհմիու­­թեան եւ Մա­­նոս հրա­­տարակ­­չա­­­տան հա­­մատեղ ջան­­քե­­­րով կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած գրա­­կան մրցա­­նակի յաղ­­թողնե­­րը ճշդո­­ւեցան։

Անո­­ւանի բա­­նաս­­տեղծու­­հին մա­­հացած էր 7 Հեկ­­տեմբեր 2015 թո­­ւին։ Այս տա­­րի եօթե­­րորդ ան­­գամ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած մրցոյ­­թը ըն­­թա­­­ցաւ գրա­­կան եր­­կու սե­­ռերու՝ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան եւ ար­­ձակ պատ­­մո­­­ւած­­քի ճիւ­­ղե­­­րով։

Այս տա­­րի բա­­նաս­­տեղծա­­կան մրցու­­մի յաղ­­թո­­­ղը հռչա­­կուե­­ցաւ Էմին Քա­­յա։ Ան մրցման մաս­­նակցած էր «Համ­­րա­­­ցած օտա­­րակա­­նը» անուն բա­­նաս­­տեղծա­­կան հա­­ւաքա­­ծոյով։ Բա­­նաս­­տեղծա­­կան մրցու­­մի մէջ Տո­­ղու Քաշ­­կա ալ դա­­տակազ­­մի յա­­տուկ մրցա­­նակին ար­­ժա­­­նացաւ «Արե­­ւը միայն գոր­­տե­­­րուն հա­­մար տան­­ջանք է» անուն թղթած­­րա­­­րով։

Բա­­նաս­­տեղծա­­կան դա­­տակազ­­մին մաս կը կազ­­մէին Օր­­հան Ալ­­քա­­­յա, Նա­­լան Չե­­լիք, Ա. Հիճ­­րի Իզ­­կէօրեն, Կիւլճէ Պա­­շէր եւ Պե­­թիւլ Տիւնտէր։ Այս վեր­­ջի­­­նը մրցա­­նակի ար­­ժե­­­ւոր­­ման բա­­ցատ­­րութիւ­­նը ըրաւ հե­­տեւեալ տո­­ղերով. «2023-ի Շեն­­նուր Սե­­զերի անուան մրցա­­նակին ար­­ժա­­­նացած Էմին Քա­­յա ժա­­մանա­­կաից չա­­փածոյ գրա­­կանու­­թեան կա­­րեւոր անուննե­­րէն մէ­­կը ըլ­­լա­­­լու տպա­­ւորու­­թիւնը կը թո­­ղու։ Ան աշ­­խա­­­տան­­քին ու իրա­­րօգ­­նութեան տրա­­մադ­­րութիւննե­­րը նրբե­­րանգ եղա­­նակով վե­­րածած է ապստամ­­բութեան մը։ Այս ընե­­լու պա­­հուն լե­­զուի այ­­րիշխան տրա­­մադ­­րութիւ­­նը գի­­տակ­­ցօ­­­րէն մեր­­ժած է, որու հե­­տեւան­­քով ար­­ժա­­­նացած է դա­­տակազ­­մի մե­­ծամաս­­նութեան գնա­­հատան­­քին»։

Պատ­­մո­­­ւած­­քի բաժ­­նին այս տա­­րի առա­­ջադ­­րո­­­ւած էին 17 թղթած­­րարներ։ Ա­­տնան Էօզեալ­­չը­­­նէր, Այ­­շե­­­կիւլ Թե­­զէօրեն, Բագ­­րատ Էս­­դուգեան, Էյ­­լեմ Աթա Կիւ­­լեչ եւ Թունչ Քուրտէն բա­­ղակա­­ցող պատ­­մո­­­ւած­­քի դա­­տակազ­­մը այս տա­­րուան յա­­տուկ ըլ­­լա­­­լով նշա­­նակեց եր­­կու յաղ­­թողներ։ Բա­­ցի Սեն­­նուր Սե­­զերի մրցա­­նակին ար­­ժա­­­նացող Հա­­թիճէ Սա­­պահի «Ես ռո­­պոթ չեմ» անուն թղթած­­րա­­­րէն, Համ­­տի Թոփ­­ճո­­­ւօղ­­լո­­­ւին ալ Լիմ­­պուրկեան հէ­­քեաթ­­ներ անուն թղթած­­րա­­­րը ար­­ժա­­­նացաւ նա­­խորդ տա­­րինե­­րու դա­­տակազ­­մե­­­րու բազ­­մա­­­մեայ ան­­դամ Ահ­­մետ Թուլկա­­րի անո­­ւան շնոր­­հո­­­ւած մրցա­­նակին։

Դա­­տակազ­­մի ան­­դամնե­­րէն Էյ­­լեմ Աթա Կիւ­­լեչ, Հա­­թիճէ Սա­­պահի ընտրու­­թիւնը բնու­­թագրեց թղթած­­րա­­­րի ամ­­բողջու­­թեան մէջ զգա­­ցուած ստեղ­­ծա­­­գործ երե­­ւակա­­յու­­թեան, դէպ­­քե­­­րու հիւ­­սո­­­ւած­­քի եւ յե­­տադարձ ակ­­նարկնե­­րու կեր­­պարնե­­րուն ըն­­տա­­­նեկան ան­­ցեալին յստակ ցո­­լացում մը պատ­­ճա­­­ռելուն, շրջա­­պատի պայ­­մաննե­­րուն ան­­հա­­­տի ինքնու­­թեան ձե­­ւաւոր­­ման մէջ գոր­­ծած ազ­­դե­­­ցու­­թեան յա­­ջող ցո­­լացու­­մը պատ­­ճա­­­ռաբա­­նելով։

Իսկ Թունչ Քուրտ, Համ­­տի Թոփ­­չո­­­ւօղ­­լո­­­ւի «Լիմ­­պուրկեան հէ­­քեաթ­­ներ» անուն թղթած­­րա­­­րը նկա­­րագ­­րեց բա­­նուոր դա­­սակար­­գի կեան­­քի ծանր պայ­­մաննե­­րուն տակ տքնող ան­­հատնե­­րուն պանդխտու­­թեան պայ­­մաննե­­րը եւ օտա­­րու­­թեան հո­­գեբա­­նու­­թիւնը դի­­մագ­­րա­­­ւելու պայ­­քա­­­րը լա­­ւագոյնս նկա­­րագ­­րե­­­լուն բեր­­մամբ։

Նշենք որ Սեն­­նուր Սե­­զերի գրա­­կան մրցա­­նակը իբ­­րեւ խո­­րագիր որ­­դեգրած է «Աշ­­խա­­­տան­­քի եւ դի­­մադ­­րութեան գրա­­կանու­­թիւնը» են­­թա­­­խորա­­գիրը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ