Մեկնարկած է «Ոսկէ ծիրան» 20-րդ յոբելենական միջազգային կինօփառատօնը։ Փառատօնը այս տարի կ՚անցկացուի Յուլիսի 9-էն մինչեւ 16-ը։ Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացած է Կ։ Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրը։ Փառատօնի հիմնական միջոցառումները կ՚անցկացուի Երեւանի կինոյի տան եւ «Մոսկուա» կինօթատրոնի մէջ։
2023 թուականի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային կինօփառատօնին աննախադէպ ներկայութիւն գրանցած են հայրենական արտադրութեան ֆիլմերը։ Երեւանեան կինօփառատօնի մեկնարկը ազդարարուած, պետական աջակցութիւն ստացած է՝ ռեժիսոր Ճեսսիքա Վուդուորթի «Լուքա» լիամեթրաժ խաղարկային ֆիլմով։ Բացման ֆիլմի հայաստանեան համաարտադրողը Անժելա Ֆրանգեանն է։ Այս մասին կը տեղեկանանք փառատօնի մամուլի ծառայութենէն՝ յաւելելով, որ այս տարի «Ոսկէ ծիրանի» «Կորիզ» կարճամեթրաժ մրցութային ծրագրին ընտրուած տասը ֆիլմերէն երեքը՝ Ազգային կինօկենդրոնէն պետական աջակցութիւն ստացած կինօնկարներն են՝ «Գիւղը որ կանգնի…»՝ Օֆելիա Յարութիւնեան, «Երկու անյայտով հաւասարում»՝ Լուսինէ Պապոյեան, «Թռչող տերեւների երգը»՝ Արմինէ Անդա։ «Կորիզ» կարճամեթրաժ մրցութային ծրագրի ժիւրիի նախագահն է օսկարակիր պրոդյուսեր Ճերեմի Թոմասը։ Իննա Մխիթարեանի «Թոնրատունը» ընդգրկուած է փառատօնի Արտամրցութային ծրագրին, իսկ ահա Ճեսիքա Վուդուորթի «Լուկան» կը մրցի Միջազգային մրցութային ծրագրի մէջ, որ ինչպէս արդէն նշած ենք փառատօնի այս տարուայ բացման ֆիլմն էր։ Նշուած բոլոր կինօնկարները արդէն իսկ ունին իրենց հաստատուն կենսագրութիւնը, գրանցած են բազմաթիւ յաղթանակներ միջազգային յայտնի կինօփառատօներուն։ Աւելին, փառատօնի բացման «Լուքա» լիամեթրաժ խաղարկային ֆիլմի համաշխարհային փրեմիերան տեղի ունեցած է Ռոտերդամի միջազգային 52-րդ կինօփառատօնի «Մեծ էկրան» մրցութային ծրագրին՝ դեռեւս Յունուարի 29-ին, որուն ներկայ եղած են գլխաւոր դերակատար Ճերալտին Չապլինը, ռեժիսոր Ճեսսիքա Վուդուորթը, գլխաւոր պրոդիւսեր Փիթեր Բրոսենսը։
Փառատօնի պատուաւոր հիւրերն են Քաննի կինօփառատօնի «Ոսկէ արմաւենի» կրկնակի դափնեկիրներ Դարդեն եղբայրները, ճապոնացի ռեժիսոր, դերասան, կատակերգու, սցենարիստ, հեռուստահաղորդավար, նկարիչ ու բանաստեղծ, Վենետիկի կինօփառատօնի «Ոսկէ առիւծ» մրցանակի դափնեկիր Տակեշի Կիտանոն։
Նոյնպէս փառատօնի յատուկ հիւրերն են Քաննի կինօփառատօնի «Յատուկ հայեացք» ծրագրի գլխաւոր մրցանակակիր, ղազախստանցի ռեժիսոր Սերկէյ Դվորցեւոյը, Քաննի կինօփառատօնի յետխորհրդային տարածաշրջանի գլխաւոր խորհրդատու Ժոել Շապրոնը։