ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Յունիս ամսուայ մէջ էր, որ հայաստանեան մամուլի էջերէն վերահասու եղանք «Հայաստանի հանրապետութիւն» օրաթերթի տպագիր հրատարակութեան աւարտին։ Թերթի այս որոշումը խոր ընդվզում պատճառած էր ընթերցողներու եւ առհասարակ մամուլի շրջանակներու մէջ։
Ծանօթ իրողութիւն է, որ Հայաստանեան առօրեայի մէջ տպագիր մամուլը ինչպէս ամենուրէք, ծանր արիւնահոսութիւն մը կ՚ապրի։ Զգալիօրէն նուազած են տպաքանակները եւ թերթեր կը դժուարանան տպագրութեան եւ թուղթի օրըստօրէ հսկայացող ծախսերը դիմագրաւելու։
Թուրքիոյ մէջ եւս անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին ականատես եղանք ընթերցողներու հսկայ զանգուածներ ունեցող թերթերուն իսկ իրարայաջորդ կերպով իրենց տպագիր հրատարակութիւնը դադրեցնելու երեւոյթին։ Այս շեշտը կարեւոր է, քանի որ անոնցմէ շատեր ընթերցողներուն հրաժեշտ կ՚ուտային իրենց հրատարակչութիւնը առցանց դրութեամբ շարունակելու խոստումով։ Սակայն յաճախ ափսոսանքով կը պարզուէր թէ այս խոստումն ալ երկարատեւ չէր ըլլար եւ տպագիր հրատարակութեան դադրելէն որոշ ժամանակ անց ամբողջովին կը դադրէր տուեալ մամուլի հրատարակութիւնը։
Երբ որոշ ընդհանրացումով կը գործածենք թերթ կամ օրաթերթ եզրը, պարտինք նկատի ունենալ թէ անոնք իրենց մէջ որոշ տարբերութիւններ կը պարզեն։ Կան «Ազգային մամուլ» կոչումով ներկայացող թերթեր, որոնք դիւրաւ կը ցրուին երկրի բոլոր քաղաքներուն եւ գաւառներուն, հասանելի դառնալով ընթերցողներու հոծ զանգուածի մը։ Կան շրջանային թերթեր, որոնք կը ցրուին միայն իրենց տպուած քաղաքի սահմաններով։ Տակաւին կ՚արժէ յիշել ազգային կամ կրօնական փոքրամասնութիւններու պատկանող թերթերը, որոնց տարածումը սահմանուած է իրենց համայնքներմով։
Բացի այդ կան թերթեր որոնց սեփականատէրը գործարարական մեծ ընկերութիւններ են որոնց զբաղումի հատուածներէն մէկն ալ տպագիր կամ տեսալսողական մամուլի ծառայութիւն է։ Անոնցմէ իւրաքանչիւը ունի իր ֆինանսաւորման կարողութիւնները։ Ոմանք ենթակայ են որոշ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ իրենց առաքելութիւնն ալ ինքնաբերաբար վերածուած է լրատուութենէ աւելի քարոզչական աշխատանքի։ Ի վերջոյ անոնց հրատարակութիւնը կ՚երաշխաւորուի ենթարկուած կառոյցին կողմէ։ Ուրեմն խնդրի լրջութիւնը կը վերաբերի անկախ ու ազատ մամուլին։
Երբ մենք կը փորձէինք Հայաստանի Հանրապետութիւն օրաթերթի տպագիր հրատարակութեան դադրելու որոշումի արձագանգներուն, վրայ հասաւ աշխարհի ամենահին օրաթերթի հրատարակութիւնը դադրեցնելու որոշումը։ Ավստրիոյ կառավարութեան սեփականութիւնը համարուած «Վիէներ Զայթունք» օրաթերթը 30 Յունիս 2023 թուակիր իր տպագիր համարով վերջակէտ կը դնէր 320 տարիներու հասնող աւանդութեան մը։ 1703 թուականին Լեոփոլտ Ա. Կայսրի աջակցութիւնով հրատարակուիլ սկսող օրաթերթի հրատարակութեան դադրելու որոշումը կը պատկանի Ավստուրիոյ կառավարութեան, այլ խօսքով Քրիստոնեայ դեմոկրտարդներու եւ Կանանչներու դաշինքին, քանի որ թերթի սեփականութիւնը երկրի կառավարութեան կը պատկանէր։ Կառավարութեան այս որոշումը ընդդիմադիր Սոսեալ Դեմոկրատ կուսակցութեան, թերթի աշխատակիցներու գլխաւորութեամբ երկրի բոլոր մամուլի ծառայողներու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ նոյնիսկ նախագահի քննադատութեան արժանացաւ։
Սոսեալ Դեմոկրատ կուսակցութեան նախագահ Անտրէաս Պատլեր այս որոշումը մեկնաբանեց «Ավստրիոյ մէջ մշակոյթի եւ մամուլի առումով ցաւալի օր մը» ըլլալով։ Ան նաեւ խոստացաւ իշխանութիւնը նուաճելու պարագային թերթը վերհրատարակելու համար միջոցներ որոնելու։
Թերթի հրատարակութեան տնօրէն Թովմաս Սէյֆերթ հրատարակութիւնը դադրեցնելու որոշումը դիմաւորեց բարկութեան, թախիծի եւ սուգի հոգեբանութեամբ։
Վիյեներ Զայթունք բացի Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներէն «1940-1945» ամբողջ 320 տարիներ շարունակած էր իր առաքելութիւնը։ Փակուելու որոշման նախօրէին թերթը ունէր 20 հազար տպաքանակ եւ կառավարութեան սեփականութիւնը ըլլալով հանդերձ յաջողած էր անկախ մամուլի մը դիմագիծը ապահովել։
Միթէ այս երկու օրինակները բաւարար չըլլային, վրայ հասաւ համաշխարհային համբաւ վայելող դարաւոր պարբերականի մը «Նէյշընըլ ճոկրաֆիկ մակազին»ի հրատարակութիւնը դադրեցնելու որոշումը։ Ան ալ իր կարգին իբրեւ ազգային աշխարահագրական միութեան օրկան ընթերցողներու համաշխարհային զանգուած մը ունէր աշխարհի բոլոր ծագերուն։ Նոյնիսկ անոր նախորդ համարները սպառման լայն շուկայ մը ունէին եւ Պայազիթի Սահաֆներու այսինքն հին գիրքեր վաճառողներու շուկային մէջ հսկայ թիզերով եւ մատչելի գիներով կը մատուցուէին յատկապէս անգլերէնի իմացութիւնը զարգացնել ցանկացող ուսանողներուն։ Այժմ ան ալ որոշած է դադրեցնել իր տպագիր հրատարակութիւնը, վերջ տալով պարբերականի բազմաթիւ յօդուածագիրներու եւ լուսանկարիչներու աշխատութեան։ Թերթը որոշած է իր առաքելութիւնը շարունակել ո՛չ թէ արհեստավարժ, այլ սիրողական խմբագիրներու եւ լուսանկարչներու վաստակով։
Վերեւ նշուած երեք օրինակնրը արդէն կարող են գրաւոր մամուլի մատնուած ծանր ճգնաժամը նկարագրելու համար։ Իսկ հասարակութիւնը իր ամենօրեայ փորձով արդէն կը դիտարկէ կացութեան ընթացքը։ Նոյնիսկ ամենաաչքառու կէտերու, նաւամատոյցներու, կայարաններու եւ կանգառներու մօտ իսկ հազուադէպ երեւոյթի վերածուած է լրագիր վաճառող կղպակներու գոյութիւնը։ Անոնց բաց թողած դաշտը որոշ չափով կը լրացուի բջջային հեռախօսներու էգրաններով։ Սակայն այդ այլընտրանքը բաւական կասկածելի է, քանի որ ոչ թերթերու առցանց էջերը եւ ոչ ալ սոց ցանցերու յաճախ ապատեղեկատուութեամբ լեցուն գրառումները ի վիճակի չեն տպագիր մամուլի բացթողումը հաւասարակշռելու։