Նոյն ժամանակին եւ վայրին մէջ հանդիպելու անկարողութիւնը. սփիւռքեան փորձառութիւն մը

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ

Հայկա­կան սփիւռքին մա­սին խօ­սելով, Թուրքիոյ մէջ թէ այ­լուր, կայ այն ըմբռնու­մը, թէ անի­կա միաբան եւ ու­ժեղ ցանց մըն է։ Այս ցնոր­քը կրնայ որ­պէս վատ կա՛մ լաւ իրո­ղու­թիւն մեկ­նա­բանո­ւիլ՝ ըստ դի­տան­կիւնին, ուրկէ հար­ցը կը դի­տուի։ Այ­նո­ւամե­նայ­նիւ, ուրկէ որ ալ դի­տուի, միակամ եւ ու­ժեղ սփիւռքեան ցան­ցի մը մտա­պատ­կե­րը շատ հե­ռու է իրա­կանու­թե­նէն։ Ըլ­լայ թշնա­մական թէ՛ իտէալա­կան մի­տու­մով օգ­տա­գոր­ծո­ւած, հայ­կա­կան սփիւռքին այս եր­կու հա­կասա­կան կա­ցու­թիւննե­րը կը միանան իրենց ան­ժա­մանա­կայ­նութեան մէջ։ Այլ խօս­քով, մար­դիկ/հա­մայնքներ, որոնք իրենք զի­րենք հայ­կա­կան սփիւռքի մաս կը հա­մարեն, չեն կրնար իրա­րու հան­դի­պիլ՝ նոյ­նիսկ եթէ անոնք նոյն ժա­մանա­կին եւ վայ­րին մէջ գտնո­ւին։

Այս տա­րի Մեծ պա­հոց շրջա­նին Աթէնք էի։ Յու­նա­հայե­րը Քա­ռաս­նօ­րեայ պահքն ու Ս. Զա­տիկը կը նշեն ըստ յոյն ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ օրա­ցոյ­ցին։ Հա­ւանա­բար այս կար­գադրու­թիւնը եղած է խու­սա­փելու հա­մար աշ­խա­տան­քա­յին օրե­րու շփո­թու­մէ, բայց եւ այնպէս տի­րապե­տողին ժա­մանա­կին են­թա­կայ ըլ­լա­լու խնդիր է։

Եւ այսպէս, Լա­ցի գի­շերո­ւան Պոլ­սոյ արա­րողու­թեան հե­տեւած էի առ­ցանց եւ շա­բաթ մը ետք որո­շած էի Աթէն­քի հայ­կա­կան եկե­ղեց­ւոյ արա­րողու­թեան մաս­նա­կից դառ­նալ։ Այդ օրե­րուն, Սե­սիլ Ար­թուչին հետ հան­դի­պեցայ Աթէնք, եւ որո­շեցինք Հինգշաբ­թին ան­ցը­նել զբօս­նե­լով, Աթէն­քի յատ­կանշա­կան վայ­րե­րը այ­ցե­լելով ու օրը աւար­տե­լով Լա­ցի գի­շերո­ւան արա­րողու­թեամբ։ Ի դէպ, կա­նուխ առա­ւօտուն, երբ եկե­ղեց­ւոյ վայ­րը ճշդե­լու մի­տու­մով ճամ­բայ ելած էինք, պա­տահե­ցաւ, որ առա­ւօտեան ժա­մեր­գութեան վրայ հա­սանք ու հիաց­մունքով ակա­նատես եղանք Տէր հօր՝ իր հօ­տին հետ յա­րաբե­րու­թեան։ Տէր հայ­րը, Լա­ցի գի­շերո­ւան արա­րողու­թեան ժա­մը յայ­տա­րարե­լէ ետք, աջէն-ձա­խէն հար­ցումներ ստա­ցաւ՝ նե­րառեալ թէ գի­շերը ե՛րբ պի­տի աւար­տէր եկե­ղեցին, որոնց պա­տաս­խա­նեց՝ «Երբ ըն­կերնե­րով սուրճ խմե­լու եր­թաք, կը հարցնէ՞ք, թէ ո՛ր ժա­մուն պի­տի աւար­տի. դուք եկէք, եւ կը վեր­ջա­նայ, երբ որ վեր­ջա­նայ»։ Հո­գեւոր հո­վիւը բո­լորին անու­նով դի­մեց, մէկ առ մէկ, եւ իւ­րա­քան­չիւրին մօ­տէն ու­շադրու­թիւն դար­ձուց։

Գի­շերը ժա­մը 9։30-ի շուրջ եկե­ղեցի հա­սանք։ Հա­ւատա­ցեալ­նե­րը, որոնք գրե­թէ տա­րեց­ներ եւ կի­ներ էին, եկե­ղեցին լե­ցու­ցած էին։ Հե­տեւե­ցանք Յի­սու­սի մատ­նութիւ­նը պատ­մող աւե­տարա­նական եր­կար ըն­թերցումնե­րու, որոնք Լա­ցի գի­շերո­ւան յա­տուկ են։ Մինչ այդ, ժա­մը 11։00 եղած էր եւ ար­դէն յոգ­նած էինք։ Լա­ցի գի­շերո­ւան ամէ­նէն գե­ղեցիկ շա­րական­նե­րէն մէ­կը՝ «Տէ՛ր, Ողոր­մեա՛»-ն, որ 40 ան­գամ կ՚եր­գո­ւի, տա­կաւին չէր սկսած։ Այս գի­շեր, երբ Աս­տուծոյ ողոր­մա­ծու­թիւնը կը հայ­ցո­ւէր, այս շա­րակա­նը լսե­լը շատ կա­րեւոր էր, քա­նի որ իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ թէ՛ Աս­տուծոյ գու­թը ըն­դունի­լը եւ թէ՛ Աս­տուծոյ կամ­քին խո­նար­հի­լը։

Եւ վեր­ջա­պէս, լոյ­սե­րը մեղ­մա­ցան, մեր յոգ­նած եւ ցա­ւող մար­մի­ները դո­ղացին, ըսինք՝ «Ահա պի­տի սկսի», սա­կայն յան­կարծ, Ս. Խո­րանի վա­րագոյ­րին ետե­ւէն լսե­ցինք «Ո՞ւր ես, մա՛յր իմ» եր­գը։ Լսած էինք այս եր­գը, բայց չկա­րողա­ցանք գիտ­նալ, թէ ին­չո՛ւ ա՛յս օր եւ ա՛յս պա­հուն կ՚եր­գո­ւէր այդ։ Սե­սիլն ու ես իրա­րու նա­յեցանք՝ փոր­ձե­լով հասկնալ պա­տահա­րը։ Քիչ ետք, լոյ­սե­րը դար­ձեալ միացան եւ հոն, մեր զար­մանքին մէջ, անդրա­դար­ձանք, որ «Տէ՛ր, Ողոր­մեա՛»-ն, որ ամ­բողջ օրո­ւան ամէ­նէն յատ­կանշա­կան պա­հը կը ներ­կա­յաց­նէ, չեր­գո­ւեցաւ Լա­ցի գի­շերո­ւան արա­րողու­թեան ըն­թացքին։ Երբ այս դէպ­քը պատ­մե­ցինք Բար­ռե­սիայի մեր ըն­կերնե­րուն, Արա­զը մեծ խան­դա­վառու­թեամբ պատ­մեց, որ իրենք ամ­բողջ տա­րի մը կը սպա­սեն «Ո՞ւր ես, մա՛յր իմ»-ին եւ թէ այս մէկն է այդ օրո­ւան գա­գաթ­նա­կէտը. առանց «Ո՞ւր ես, մա՛յր իմ»-ին Լա­ցի գի­շեր չէր կրնար ըլ­լար, ըսաւ ան։ Ու­րեմն մեր «Տէ՛ր, Ողոր­մեա՛»-ն Արա­զենց «Ո՞ւր ես, մա՛յր իմ»-ն էր։ «Առանց «Մայր իմ»-ի Լա­ցի գի­շեր կ՚ըլ­լա՞յ», կը հարցնէր Արա­զը։ Տա­րակու­սանքին վերջ տա­լու հա­մար, ան հար­ցը տա­րաւ Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոսու­թեան սրբա­զան­նե­րէն մէ­կուն։ Ըստ բա­ցատ­րութեան, «Ո՞ւր ես, մա՛յր իմ»-ը փո­խարի­նած էր մեր «Տէ՛ր, Ողոր­մեա՛»-ն, որ այ­լեւս չէր երգուեր Լա­ցի գի­շերին։

Հայ­կա­կան եկե­ղեցի­ները, սփիւռքի եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, այն վայ­րերն են, ուր հայ­կա­կան կեան­քի տար­բեր իրա­կանու­թիւննե­րու պատ­կա­նող հա­յեր քով-քո­վի կու գան ՝ ան­կախ հա­ւատա­ցեալ ըլ­լալ-չըլ­լալնուն։ Իրենք զի­րենք անաս­տո­ւած հա­մարող­ներ եւս ներ­կայ կը գտնո­ւին հայ եկե­ղեց­ւոյ արա­րողու­թիւննե­րուն՝ մեկ­նե­լով կա­նուխ տա­րիքէն ըն­կա­լած պատ­կա­նելիու­թեան զգա­ցու­մէն, եր­բեմն չվի­րաւո­րելու հա­մար ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րը կամ երաժշտու­թիւնը լսե­լու հա­մար եւ յա­ճախ ալ՝ քա­նի որ գոր­ծուն մաս­նակցու­թիւն ու­նին հա­մայնքին մէջ։ 1980-ական­նե­րուն Թուրքիայէն Ամե­րիկա, Գա­նատա կամ Աւստրա­լիա գաղ­թած հա­յեր զգա­ցին այս կա­պին թու­լութիւ­նը նշեալ եր­կիրնե­րուն մէջ։

Մենք եւս ստա­ցանք մեր բա­ժինը այս երե­ւոյ­թէն։ Մեր այս փոր­ձա­ռու­թիւնը ան­ժա­մանա­կայ­նութեան փոր­ձա­ռու­թիւն էր։ Երբ եղե­լու­թիւնը Բար­ռե­սիայի մեր ըն­կերնե­րուն հետ բաժ­նե­ցինք, յան­կարծ բա­ժանում մը ստեղ­ծո­ւեցաւ մեր մի­ջեւ։ Կա­րողա­ցանք միանալ ճշմար­տութիւ­նը խօ­սելու դժո­ւարու­թեան դէպ­քին յան­դի­ման, բայց բնաւ չնկա­տեցինք, որ այլ ազ­դակներ գո­յու­թիւն ու­նէին մեր զգա­ցումներն ու աշ­խարհնե­րը բաժ­նող՝ առանց մեր նկա­տելուն։ Այս ան­ժա­մանա­կայ­նութեան հետ այսպէս դէմ յան­դի­ման գտնո­ւիլը պա­տի մը զար­նո­ւելու նմա­նեցաւ։ Հասկնա­լը, թէ ին­չո՛ւ մենք այս պա­տին զար­նո­ւեցանք յան­կարծ այդ պա­տը անե­րեւոյթ դար­ձուց եւ մեզ ար­տօ­նեց յա­ռաջ եր­թալ՝ քայլ մը իրա­րու աւե­լի մօ­տենա­լով։

Թարգմա­նեց՝ Արազ Գոճայեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ