Առեղծուածային հարցում մը եթէ ուղղել կ՚ուզէք կրնաք հարց տալ Թուրքիոյ տարածքին հայկական մշակութային ժառանգութեան քանակին կամ ծաւալին մասին։ Իսկապէս առեղծուածային է այս պատկերը, քանի որ տասնամեակներ շարունակ այս երկրի պատմական յիշողութիւնը ոչնչացնելու համար նոյնինքն պետութեան ձեռամբ ոչնչացուած բիւրաւոր օրինակներէ ետք տակաւին երկրի զանազան անկիւններէն լուրեր կը հասնին մշակութային ժառանգի նմոյշները փրկելու տենչով։ Պայրամի արձակուրդէն օրեր առաջ էր, երբ սրտցաւ բարեկամ մը զանգահարեց, «Բարեւ քեռի ինչպէ՞ս ես» հարցնելէ ետք պատմեց հետեւեալը։ «Քեռի, սա պահուս Բաղէշի Փոր գիւղն եմ։ Այստեղ չես հաւատար հրաշք խաչքարեր կան։ Նախապէս տեսած էի Երզնկայ, Մերճանի խաչքարերը։ Ասոնք ալ անոր մօտ բարձրութիւն ունին։ Առանց վնասուելու հասեր են մեր օրերուն։ Բայց եթէ յատուկ խնամքի մը չարժանանան չեմ գիտեր թէ որքան կրնան դիմանալ»։
Զանգահարողը անձամբ կը ճանչնամ։ Ան ինչպէս այսօր ինծի, անցեալին ալ «Ակօս»ի հայերէն էջերուն վաստակաւոր խմբագիր Սարգիս Սերովբեանին նոյնպէս կը դիմէր քեռի ածականը գործածելով։ Ան չէր գոհացած հեռախօսի վրայ պատմածներով եւ այդ խաչքարերու նկարներն ալ ուղարկած էր։ Իսկապէս համարեա անվնաս հասած էին մեր օրերուն։ Բայց արդեօք ո՞վ, ի՞նչ միջոցներով կրնար երաշխաւորել անոնց անվթար մնալու հաւանականութիւնը։ Ճիշդ ալ այս մտահոգութիւնով կը դիմեն մեզի, որպէսզի ահազանգ հնչեցնենք եւ ձեւով մը ապահովենք Բաղէշի թանգարանի տնօրէնութեան ուշադրութիւնը, այդ խաչքարերը թանգարանի ապահովութեան տակ պահելու համար։ Անցեալին եղած են նման օրինակներ եւ «Ակօս»ի արձագանգները պատճառ դարձած են, որ այսպէս անհատներու քմահաճոյքին ենթակայ պատմական արժէք ներկայացնող հնութիւններ արժանանան պատմամշակութային ժառանգի ընկալումին եւ վայելեն պետական խնամքը։ Մեզի կը մնայ յամառօրէն պահանջատէր ըլլալ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան յարատեւութեան համար ազդարարել եւ զգուշացնել բոլոր պատկան մարմինները։